Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Հայաստան Եւ Ազրպէյճան Առաջին Անգամն Ըլլալով Որոշ Փոխըմբռնման Հասած Են Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապին Գծով» Կ՛ըսէ Մամետեարով

December 20, 2018
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ըստ ազրպէյճանական «Թրենտ» լրատու գործակալութեան, Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով, մեկնաբանելով Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեանի հետ Միլանոյի մէջ տեղի ունեցած վերջին հանդիպումը` 18 դեկտեմբերին յայտարարեց, որ Հայաստան եւ Ազրպէյճան երկար ժամանակէ ի վեր առաջին անգամն ըլլալով կրցած են որոշ փոխըմբռնման գալ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին գծով:

Մամետեարով այս հաստատումը կատարեց Պաքուի մէջ տեղի ունեցած երկրին դիւանագիտական ներկայացուցիչներուն նուիրուած ընդունելութեան ընթացքին:

«Կը կարծեմ, որ Միլանոյի մէջ հայ գործընկերոջս հետ վերջին հանդիպումին ընթացքին առաջին անգամ հասանք փոխըմբռնման, ինչ որ չէինք յաջողեր երկար ժամանակէ ի վեր: Մենք պիտի փնտռենք տագնապի լուծման ուղիներ, իսկ Ազրպէյճան կողմ է տագնապի խաղաղ լուծման», աւելցուց Մամետեարով` նշելովե որ յառաջիկայ ամսուան ընթացքին հանդիպում մը եւս պիտի ունենայ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարին հետ:

Մամետեարով նաեւ շեշտեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին լուծումը 2019-ին պիտի  շարունակէ մնալ Ազրպէյճանի արտաքին քաղաքականութեան հիմնական հարցը:

«Հիմնական նպատակն է հասնիլ շօշափելի արդիւնքներու: Ասիկա, կը կարծեմ, ոչ միայն իմ, այլ նաեւ իւրաքանչիւր ազրպէյճանցիի երազն է», եզրակացուց Մամետեարով:

Հայաստանի Հանրապետութեան Արտաքին Գործոց Նախարարութեան Արձագանգը

Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ բանբեր Աննա Նաղդալեան պարզաբանում կատարած է Միլանոյի մէջ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպման ընթացքին ձեռք բերուած փոխըմբռնման վերաբերեալ, որուն մասին խօսած է Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով:

Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան  մամլոյ բանբերը ընդգծած է, որ Միլանոյի մէջ ԵԱՀԿ-ի նախարարներու խորհուրդի ծիրին մէջ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումին ընթացքին ձեռք բերուած համաձայնութիւնները հրապարակուած են Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ:

«Մասնաւորապէս, հանդիպումին յաջորդած հաղորդագրութեան մէջ նշուած է, որ «Զոհրապ Մնացականեանն ու Էլմար Մամետեարովը պայմանաւորուեցան յառաջիկային շարունակել հանդիպումները` պահպանելով ձեւաւորուած շարժը»:

Մէկ այլ համաձայնութիւն ձեռք բերուած է Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահ երկիրներու պատուիրակութիւններու ղեկավարներուն հետ միացեալ յայտարարութեան վերաբերեալ: Նման ձեւաչափով յայտարարութիւններ երկար ժամանակէ ի վեր կարելի չէր ըլլար ընդունիլ, այնուամենայնիւ, Միլանոյի մէջ կարելի եղաւ  համաձայնութիւն ձեռք բերել յայտարարութեան բնագիրին շուրջ», ըսուած է Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան դիմատետրի էջին վրայ տեղադրուած հաղորդագրութեան մէջ:

 

Նախորդը

Նիկոլ Փաշինեանը Կ՛արտայայտուի Արցախեան Տագնապին Մասին

Յաջորդը

Հրայր Մարուխեանի Շիրիմին Վրայ Երդում Տալով` Երիտասարդները Միացան ՀՅԴ-ի Շարքերուն

RelatedPosts

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի  Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի  Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի  Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»
Գլխաւոր լուրեր

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»

September 16, 2026
Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային  Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ  Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»
Հայկական

Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»

September 16, 2026
Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր  Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ  Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»
Գլխաւոր լուրեր

Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.