Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանը վստահեցուց, Արցախի հարցով նոր բան չկայ: Այս մասին ան յայտարարեց լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին` անդրադառնալով Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարի յայտարարութեան, թէ Հայաստանն ու Ազրպէյճանը փոխըմբռնման հասած են:
«Ես աւելի կ՛ուզէի մեկնաբանել մեր յայտարարութիւնները: Միլանոյի մէջ համանախագահներու հետ հանդիպումին Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարները հաղորդագրութիւն մը տարածած են, եւ ըսուած է, որ երկար ժամանակ չէր յաջողած նման բան: Նմանատիպ բազմաթիւ յայտարարութիւններ եղած են վերջին 25 տարիներուն», ըսաւ ան:
Անդրադառնալով ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրչիքի հետ հանդիպումին` Փաշինեան ըսաւ, որ Քասփրչիքի այցելութիւնները նորութիւն չեն եւ աշխատանքային բնոյթ կը կրեն: «Անոնք նախապէս չէին լուսաբանուեր, բայց ես յանձնարարած եմ, որ բոլոր յարաբերութիւնները, հանդիպումները լուսաբանուին, որովհետեւ կը կարծեմ` այս հոլովոյթը պէտք է թափանցիկ ըլլայ», ըսաւ ան:
Խօսելով հայաստանեան տարբեր մեկնաբաններու կողմէ կատարուած վերլուծութիւններուն մասին` վարչապետի պաշտօնակատարը ըսաւ. «Երբ մեկնաբանութիւն մը կը հնչէ Ազրպէյճանի կողմէ, որ լաւատեսական տարր կը պարունակէ, զիս կը զարմացնէ, որ հայաստանցի շարք մը մեկնաբաններու առաջին կանխավարկածը այն է, որ ինչ որ դաւադրութիւն կայ, իսկ ինչո՞ւ չկայ այնպիսի կանխավարկած, որ Հայաստանի կառավարութիւնը թերեւս յաջողած է համոզիչ փաստարկներ բերել»:
Փաշինեան ընդգծեց, որ Հայաստանի ոչ մէկ իշխանութիւն Արցախի հարցով այնքան թափանցիկ չէ եղած, որքան իրենց կառավարութիւնը:
Վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան անդրադարձաւ ազրպէյճանական կողմի այն յայտարարութեան, թէ Նախիջեւանի սահմանին անոնք յաջողած են իրենց հսկողութեան տակ առնել 11.000 հեկտար տարածք:
Վարչապետի պաշտօնակատարը յիշեցուց, որ պաշտպանութեան նախարարութիւնը քանի մը անգամ լրագրողներու խումբին հրաւիրած է նշուած տարածք եւ տեղւոյն վրայ ծանօթացուցած է իրավիճակին:
«Ես կը տեսնեմ, որ նախորդ կառավարութեան ներկայացուցիչները մեկնաբանութիւններ կը կատարեն Նախիջեւանի տարածքներուն հետ կապուած: Նախիջեւանի ուղղութեամբ ինչ դիրքային խնդիրներ որ տեղի ունեցած են, տեղի ունեցած են փետրուար-մայիս ամիսներուն` վարչապետ ըլլալէս առաջ: Այսպէս ըսեմ` երկու կողմէն ալ տեղի ունեցած են դիրքային տեղաշարժեր: Ես պաշտօնապէս կ՛ըսեմ, որ այն տարածքները, որոնք 8 մայիսի դրութեամբ եղած են Հայաստանի զինուած ուժերու վերահսկողութեան ներքեւ, կը շարունակեն մնալ Հայաստանի զինուած ուժերու վերահսկողութեան ներքեւ», շեշտեց ան:



