Համազգայինը իր 90-ամեայ երթը նշեց հետաքրքրական ու շքեղ հանդիսութեամբ մը:
Կիրակի, 9 դեկտեմբեր 2018-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին «Գէորգ Եսայեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Համազգայինի 90-ամեակի հանդիսութիւն, որ սկսաւ Սուրիոյ ու Հայաստանի քայլերգներով, ապա հանդիսականները մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգեցին նահատակներուն յիշատակը: Ներկայ էին` Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեանը, Հայ կաթողիկէ համայնքի ներկայացուցիչ Կոմիտաս քհնյ. Տատաղլեանը, Հայ աւետարանական համայնքի համայնքապետ վեր. Յարութիւն Սելիմեանը, Հալէպի մէջ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոս Արմէն Սարգսեանը, Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան անդամներ` Սպարտակ Ղարաբաղցեանը, Լորիկ Սապունճեան-Ծատուրեանը, Անդրանիկ Մըսըրլեանը, Կարօ Ալեքսանեանը եւ Շրջ. վարչութեան անդամներ:
Բացման խօսքով Պեթի Քիլերճեան անդրադարձաւ Համազգայինի` անցեալին, հայապահպանման առաքելութեան, ապա լուսարձակի տակ առաւ Համազգայինի Սուրիոյ հինգ մասնաճիւղերը եւ չորս միաւորները` Հայագիտական հիմնարկ, Թատերական, «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական դպրոց եւ «Զուարթնոց» երգչախումբ:
Արաբերէն բացման խօսքով Սալբի Թիւֆենքճեանը շեշտեց, որ հայը ունի վերականգնելու եւ ծաղկելու անկոտրում կամք, իսկ մշակոյթը անոր գոյատեւման գրաւականն է:
Օրուան բանախօսն էր Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Լորիկ Սապունճեան- Ծատուրեանը: Ան լուսարձակի տակ առաւ Համազգայինի հիմնադրութեան նպատակը, անոր առաքելութիւնը, ապա անդրադարձաւ Կեդր. վարչութեան նախաձեռնութիւններուն:
Անդրադառնալով Միջին Արեւելքի հայ գաղութներուն` ան դիտել տուաւ, որ այդ գաղութներուն մէջ է, որ առաւելաբար պատրաստուած է Համազգայինի մարդուժը ու սփռուած` ողջ սփիւռքի տարածքին: Ապա Ծատուրեան կարեւոր համարեց աւանդականը պահելով` արդիական միջոցներուն կիրարկումը, նոր աշխատելաոճի որդեգրումը ու համեմատական մը կատարելով ներկայ մեր պայմաններուն եւ անցեալին միջեւ` ըսաւ. «Տեղացող հրթիռներն ու փամփուշտները չկասեցուցին մեր պարերու սլացքը, ականներու պայթիւնները չխլացուցին մեր մեղեդիները, փուլ եկող շէնքերը չլռեցուցին մեր երգերը, մոխրագոյն պատկերները չմթագնեցին մեր գեղանկարները, արեան շիթերը չլուացին մեր մելանահոս էջերը, քաղաքական վէճերը չանդամալուծեցին մեր թատրոնը, թշնամանքի ու ատելութեան քամին չմարեց մեր դպրութեան ջահը: Մենք շարունակեցինք ստեղծագործել ու ապրիլ արուեստով` տէր կանգնելով մեր մշակոյթին ու արթուն պահակը հանդիսանալով մեր դպրոցներուն: Ժամանակն է զինուիլ դարու զէնքերով: Դարը արհեստագիտութեան դար ըլլալու կողքին, նաեւ դարն է արհեստավարժութեան, գիտելիքներու կատարելագործման ու ինքնազարգացման: Այո՛, Համազգայինը կամաւորներու այն բանակն է, որ իր շարքերուն մէջ ունի արհեստավարժ մասնագէտներ, սակայն միաժամանակ Համազգայինը այն յարմար միջավայրն է, ուր կեանքի ասպարէզի կողքին, գոհացում կու տանք մեր արուեստի ու մշակութային սիրողական հակումներուն ու նախասիրութիւններուն, այսինքն Համազգայինի մէջ տեղ ունին բոլորը: Բոլոր անոնք, որոնք կը գիտակցին, որ Համազգայինը իր հարիւրամեակին պէտք է նախապատրաստուի երիտասարդ, յանձնառու, արթնամիտ ու պատրաստակամ շարքերով: Այս վճռակամութեամբ հաստատ քայլերով յառաջանանք դէպի հարիւրամեակ»:
Կազմակերպիչ մարմինը Համազգայինի դերակատարութիւնը լուսարձակի տակ բերաւ թատերական պատկերներով: Հայ մշակոյթը (դերակատար` Մարմանդ Աշոտեան) դէմ կը դնէր համաշխարհայնացման դեւին ու բեմ կը հրաւիրէր իր պաշտպանները: Մինչ Կոմիտաս վարդապետ (դերակատար` Սագօ Խալոյեան) կը տառապէր` աղաւաղուած հայ երգեր լսելով, «Զուարթնոց» երգչախումբը կը մխիթարէր զայն` բարձրորակ կատարումով հնչեցնելով կոմիտասեան երգերու շարք մը, խմբավարութեամբ Գայեանէ Սիմոնեան-Տէրեանի, դաշնամուրի ընկերակցութեամբ Ռուզան Պարսումեանի:
Հայ թատրոնի հիմնադիր, հայոց Արտաւազդ թագաւոր (դերակատար` Շանթ Ուրիշիկեան) շքերթով մը բեմ բարձրացաւ ու իր սուրը նուիրեց հայ մշակոյթին` դիտել տալով որ իր ստեղծած մշակութային հարստութիւնը նոր սերունդին փոխանցուած է ու` կորուստէ փրկուած: Մեսրոպ Մաշտոցն ալ (դերակատար` Յովիկ Ղազարեան) իր մտահոգութիւնները բերաւ բեմ ու հարց տուաւ, թէ նոր սերունդը հայոց լեզուի պահպանման ջատագո՞վն է, տիրութիւն կ’ընէ՞ մեր ոսկեղենիկին: Մինչ համաշխարհայնացման դեւը հայ մշակոյթին կորուստին ու անոր անմխիթար վիճակին մասին կը խօսէր, խումբ մը երիտասարդներ երգերով, պարերով ու հայ բանաստեղծներու քերթուածներ ասմունքելով` հակառակը ցոյց տուին անոր:
Բեմ բարձրացան նաեւ Լեւոն Շանթ (դերակատար` Արա Մութաֆեան) եւ Նիկոլ Աղբալեան (դերակատար` Կարօ Աւագեան): Անոնք անդրադարձան Համազգայինի ազգապահպան դերին ու սփիւռքահայ երիտասարդութիւնը հայ մշակոյթին շուրջ համախմբելու անհրաժեշտութեան:
Եւ համաշխարհայնացման դեւը (դերակատար` Գէորգ Արոյեան) անճրկեցաւ այս բոլորին ի տես:
Ելոյթ ունեցան Համազգայինի «Սարդարապատ» եւ «Շուշի» պարախումբերը` գեղարուեստական ղեկավարութեամբ Վրէժ Թերզեանի:
Այս ընթացքին համազգայնականներ բեմի ճակատին մաս առ մաս տեղաւորեցին Համազգայինի նշանակը: Ակնառու էր նրբաճաշակ բեմայարդարումը:
«Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական դպրոցին կողմէ հանդէս եկան` Սէրլի Ապաճեանը (դաշնամուր), որ կատարեց Աշոտ Սէթեանի «Էլեկիա» ստեղծագործութիւնը, Տեսիլ Սարեանը (ջութակ), Նայիրի Նագգաշեանը (սրինգ-կողմնասրինգ), Ռուզան Պարսումեանը (դաշնամուր) կատարեց Ռոպերթ Ամիրխանեանի «Երազ իմ երկիր»-ը:
Անժելլա Սեմերճեանը (դաշնամուր) նուագեց Արամ Խաչատուրեանի «Թոքաթա»-ն: Քրիստ Խրոյեանը եւ Վեհան Պարսումեանը տպաւորիչ առոգանութեամբ ասմունքեցին Մինաս Թէօլէօլեանի «Ցեղին փառքը»:
«Շուշի» պարախումբը եւ «Զուարթնոց» երգչախումբը «Ազգ Փառապանծ» երգով փակման պատկերը ամբողջացուցին ու երիտասարդութեան հոգւոյն մէջ հայ մշակոյթին վառ գոյութեան վկայութիւնը տուին:
Օրուան եզրափակիչ պատգամը տուաւ առաջնորդ սրբազանը, որ նախ 90-ամեակի տօնախմբութեան նման մտայղացումն ու իրագործումը շնորհաւորելի քայլ ու հայ երիտասարդներու կողմէ յանձնառութեան գեղեցկագոյն արտայայտութիւն համարեց: Անդրադառնալով հանդիսութեան ոչ սովորական ու հետաքրքրական ներկայացման` ան դիտել տուաւ, որ ձեռնարկը կազմակերպող երիտասարդներուն նպատակն էր, ըլլալով համազգայնական պահել աւանդականը, ունենալ այդ ամբողջ ժառանգութիւնը եւ ժամանակակից ոճով բեմ բարձրացնել զայն: Սրբազան հայրը այս ոճը համարեց «համազգայնական ոճ», ազդանշան մը` նոր եռանդով շարունակելու Համազգայինի երթը:
«Համազգայինը սփիւռքահայութեան կրթութեան եւ մշակոյթի Նախարարութիւնն է», դիտել տուաւ սրբազան հայրը` յորդորելով համախմբուիլ անոր շուրջ` դիմագրաւելու հայութեան սպառնացող բոլոր վտանգները:
Հանդիսութիւնը փակուեցաւ «Պահպանիչ» աղօթքով:






