Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հրատարակչատան Առաջին Մամուլի Տեղադրումը Մեզի Համար Կը Դառնայ Յուշարար Եւ Մեզ Կը Դնէ Յաւելեալ Պարտաւորութեան Դիմաց

Դեկտեմբեր 18, 2018
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter
Նիկոլ Աղբալեանի Օգտագործած Առաջին Մամուլի Զետեղման Եւ 2017-18 Տարեշրջանի Ներկայացման Ձեռնարկին Յակոբ Հաւաթեանի արտասանած խօսքը

Հաւաքուած ենք Համազգայինի հրատարակչատան յարկին տակ` մեր համեստ երախտագիտութիւնը յայտնելու միութեան եւ անոր հրատարակչական գործի հիմնադիր Նիկոլ Աղբալեանին, որուն ներդրումը մեծ եղաւ Համազգայինի այս կալուածի պահպանման ու զարգացման գործին մէջ:

Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան կրթութեան եւ լուսաւորութեան նախարարը, որ մշակութային եւ գրական հարցերու հանդէպ ցուցաբերած է մասնագիտական մօտեցում, Համազգայինի հիմնադրութենէն ետք, շուտով պիտի անդրադառնար, որ եկեղեցւոյ, կուսակցութեանց, միութիւններու եւ կրթական հաստատութիւններու կողքին, գիրն ու գրականութիւնը եւ այս ծիրէն ներս ստեղծագործութիւններու քաջալերանքը հիմնական դերակատարութիւն ունին առաջին հերթին նորահաս սերունդի կազմաւորման գործընթացին մէջ: Ան կը հաւատար, որ հայ մշակոյթ ու գրականութիւն պահպանելը եւ հայութեան ինքնութիւնը արմատացնելը կրնան ի գործ դրուիլ վարժարանով եւ գիրքով, այսինքն` դաստիարակութեամբ ու գրականութեամբ:

Փաստօրէն շատ բան պիտի պակսէր արեւմտահայ եւ սփիւռքահայ գրական անդաստանէն, եթէ երբեք Համազգայինը եւ անոր հիմնադիրներէն Նիկոլ Աղբալեանը չունենային հրատարակչական առաքելութեան հաստատման տեսիլքը: Բազմահազար մանկական, պատանեկան, գրական, գեղարուեստական, պատմական, ուսումնասիրական, Հայ դատի եւ հայկական արուեստի առնչուած գիրքեր, ինչպէս նաեւ հարիւրաւոր դասագիրքեր 87 տարիներու ընթացքին հարստացուցին հայ գրականութեան անդաստանը: Անոնք իրենց անջնջելի դրոշմը դրին մեր կեանքին վրայ, ու անոնց բարիքներէն մինչեւ այսօր կ՛օգտուին իրերայաջորդ սերունդներ:

Այո՛, իր հիմնադրութեան օրէն ի վեր միշտ ալ դժուար եղած է հրատարակչական գործի հեզասահ ընթացքը, եւ Աղբալեան ի՛նք որոշ ժամանակ մը պարտաւորուած է իր անձնական միջոցներով շարունակելու եւ պահելու կառոյցը, որպէսզի երաշխաւորէ անոր գոյութիւնը: Ան յաջողած է իր այս ոգին ու շեշտադրումը քանդակել Համազգայինի ընդհանուր առաքելութեան մէջ: Իր փոխանցած կամքին ու վճռակամութեան շնորհիւ` ահաւասիկ երթը կը շարունակուի մինչեւ այսօր:

Իսկ այսօր, հակառակ առկայ դժուարութիւններուն եւ գիրի ու գրականութեան հանդէպ ստեղծուած անտարբերութեան, սփիւռքի մէջ հայ լեզուի նահանջին, մենք կը շարունակենք մեր աշխատանքները ու կ՛արդիւնաւորենք զանոնք, շնորհիւ մեր առաքելութեան հաւատացող բազմաթիւ բարեկամներու նիւթաբարոյական աջակցութեան:

Հրատարակչական աշխատանքի զուգահեռ, անշուշտ նոյնքան կենսական է գրատարածման աշխատանքի ծաւալումը, եւ այս ծիրէն ներս կը փորձենք որոնել ներկայ ժամանակներուն համահունչ միջոցներ եւ կազմել ծրագիրներ` հայ գիրքը հայ ընթերցողին հասանելի դարձնելու համար: Այս առիթով, ուրախութեամբ ձեր տրամադրութեան տակ կը դնենք 2017 եւ 2018 տարեշրջաններու հաստատութեան հունձքը եւ ընթերցանութեան ու գրատարածման նոր մղում մը տալու նպատակով կը յայտարարենք Smart phone-ի վրայ յատուկ ծրագրի app-ի` E LIBRARY-ի  հաստատումը, ուր կարելի պիտի ըլլայ գտնել Համազգայինի եւ, ինչո՞ւ չէ, նաեւ այլ օգտաշատ հրատարակութիւններ: Մեր ելեկտրոնային գրադարանը պիտի հարստացնենք հանգրուանային ձեւով եւ պիտի փորձենք հասանելի ըլլալ բոլորին, անշուշտ այս ծրագիրը կու գայ համալրելու համացանցային եւ արդի հաղորդակցական միջոցներով ցարդ մեր կիրարկած այլ կարելիութիւնները:

Կ՛ուզենք յայտնել նաեւ, որ հրատարակչական ու գրատարածման մարզէն ներս հայրենի հրատարակչատուներու ու գրատարածման կեդրոններու հետ հաստատած ենք մնայուն ու հետեւողական կապ եւ այս իմաստով նաեւ կ՛իրականացնենք զանազան հարտարակչական ծրագիրներ: Համազգայինի հրատարակութիւնները այսօր կը ցուցադրուին ու կը վաճառուին հայրենիքի մէջ, իսկ մեր գրախանութի հաւաքածոն մնայուն կերպով կը թարմացուի հայրենի ժամանակակից նոր հրատարակութիւններով:

Այս քառամեակին Կեդրոնական վարչութեան յառաջացուցած հրատարակչական մարմինը արդէն իսկ գրական ստեղծագործական աշխատանքն ու նաե՛ւ ընթերցանութիւնը քաջալերելու համար նկատի ունեցած է շարք մը ծրագիրներ, որոնք իրենց արտայայտութիւնը պիտի գտնեն նոր տեսակի մրցանքներու կազմակերպումով եւ ժամանակակից գրողներու նոր գործերու հրատարակութեամբ: Այս բոլորին մանրամասնութիւններուն շուտով կ՛անդրադառնանք հաղորդագրութիւններով: Յոյսով ենք նաեւ, որ մեր ծրագիրները կ՛արժանանան բոլորին քաջալերանքին, եւ միասնաբար կը յաջողինք մեր առաքելութեան ու նպատակներու իրականացման մէջ:

Այսօ՛ր, հրատարակչատան առաջին մամուլի տեղադրումը այստե՛ղ, մեզի համար կը դառնայ յուշարար եւ մեզ կը դնէ յաւելեալ պարտաւորութեան դիմաց շարունակելու աշխատանքը` ինքնավստահութեամբ, համոզումով ու նաեւ հոգեկան գոհունակութեամբ: Այս առիթով շնորհակալութիւն կը յայտնենք հայրենի արուեստագէտ Քարլոս Սայատեանին, որ սիրայօժար պատրաստեց Աղբալեանի այս գեղեցիկ դիմանկարը: Շնորհակալութիւն` ձեզի, որ ձեր ներկայութեամբ եւ հետեւողական օժանդակութեամբ կը դառնաք մասնակից մեր աշխատանքին ու նաեւ կ՛ապրիք այդ ծրագիրներու յաջողութեան բերկրանքը:

Այս տարի 100-ամեակն է Հայաստանի Հանրապետութեան եւ 90-ամեակը` Համազգային Հայ կրթական եւ մշակութային միութեան: Համազգայինը հիմնուեցաւ անկախութեան կերտիչներուն կողմէ, որոնք ունէին գիտակցական մօտեցումը` սփիւռքահայ զանգուածներու մէջ հայ մշակոյթի ջահը վառ պահելու ու անոր գոյերթը շարունակելու: Համազգայինը նաե՛ւ մշակոյթի ճամբով վառ պահեց անկախութեան երազը, Ճեմարանով դաստիարակեց սերունդներ, հաստատեց հայագիտական կեդրոն, պատրաստեց պատկառելի մարդուժ, ստեղծեց հրատարակչատուն, համախմբեց մտաւորականներ: Հայ պարով, երգով, թատրոնով ու նուագով նորահաս սերունդներուն մէջ դարբնեց ազգային հպարտութիւն ու պատկանելիութեան բարձր գիտակցութիւն: Հայաստանի վերանկախացումէն անմիջապէս ետք իր գործունէութիւնը կամրջեց հայրենքի հետ: Անոր գործի տարողութիւնը է ու կը շարունակէ մնալ համահայկական, նպատակները` էապէս համազգային, եւ կը շարունակէ իր երթը երիտասարդական կորովով ու խանդով: Այլ խօսքով, իբրեւ արժէքային յատուկ համակարգ մը դաւանող միութիւն, Համազգայինը կը հաւատայ, որ իր գործունէութիւնը մշտանորոգ թարմացման ենթարկելու անհրաժեշտութեան դիմաց կը կանգնի եւ այդ կը յաջողի իրագործել համոզումով ու նուիրումով: Համազգայինը ոգեղէն հայրենքի մը կերտման առաջատարներէն հանդիսացաւ եւ այդ ոգեղենացած արժէքներով համակեց ու կը շարունակէ համակել սերունդները: Ան ժամանակակից ծրագիրներով կը փորձէ ներգրաւել երիտասարդութիւնը:

Այս առիթով կը յարգենք յիշատակը անցնող 87 տարիներուն Համազգայինի հրատարակչական կալուածին մէջ իրենց քրտինքն ու ներդրումը դրած վարչական ու կազմակերպչական պատասխանատուներուն, տպարանային, գրաշարական ու գրատարածման մարզի իրերայաջորդ անձնակազմերուն, մեկենասներուն, հրատարակչական հիմնադրամներ հաստատողներուն, ինչպէս նաեւ` մտաւորականութեան այն մեծ խումբին, որ համագործակցեցաւ մեր հաստատութեան հետ: Այս առիթով կը մնանք երախտապարտ` Համազգայինի պատուոյ նախագահ Վահէ Սէթեանին, որ իր կատարած ներդրումով հիմնական դերակատար դարձաւ հրատարակչական գործի շարունակականութեան երաշխաւորման: Կը յարգենք յիշատակը նաե՛ւ հրատարակչատան երկարամեայ ու վաստակաշատ տնօրէն Երուանդ Մոնոֆարեանին:

Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատունն ու գրատարածը վճռած է դէպի 100-ամեակ իր երթը շարունակել պատասխանատու մօտեցումով, հայ գրականութեան եւ մշակոյթի պահպանման ու զարգացման հանդէպ իր ընկալումը ամուր պահելով, միաժամանակ ունենալով նաեւ այն խոր համոզումը որ այս գործին մէջ միշտ ալ պիտի ունենայ քաջալերողներ, ու իր կողքին կանգնողներ:

Վարձքը կատար բոլորին:

 

ՅԱԿՈԲ ՀԱՒԱԹԵԱՆ

Նախորդը

Համազգայինի 90-ամեակի Նշում Հալէպի Մէջ

Յաջորդը

Հրատարակչականը Պարտի Իր Գործը Շարունակել Արդիական Միջոցներով, Բայց Անպայման` Աղբալեաններու Անժամանցելի Ոգիով

RelatedPosts

Ընտրապայքարի Լուսանցքին Վրայ.  Ներազգային Անհանդուրժողութեան Եւ Պառակտումներու Հանդիսատեսի Ազատ Խոհեր
Անդրադարձ

Սփիւռքի Անելիքը Եւ Կարողականութիւնը

Հոկտեմբեր 28, 2025
Պատմութեան Դասերին Կառչելու Հրամայականը…
Անդրադարձ

Վախւորած Իշխանութեան Տեռորի Մարտավարութիւնը…

Հոկտեմբեր 28, 2025
Ծառը
Անդրադարձ

Յուշդ… Երբեք Չի՛ Մահանար…

Հոկտեմբեր 28, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?