Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հրատարակչականը Պարտի Իր Գործը Շարունակել Արդիական Միջոցներով, Բայց Անպայման` Աղբալեաններու Անժամանցելի Ոգիով

December 18, 2018
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter
Նիկոլ Աղբալեանի Օգտագործած Առաջին Մամուլի Զետեղման Եւ 2017-18 Տարեշրջանի Ներկայացման Ձեռնարկին Մկրտիչ Մկրտիչեանի արտսանած խօսքը

«Նոր սերունդին պէտք է ներարկել զօրաւոր ազգային գիտակցութիւն` քաղաքական իմաստով: Նրան պէտք է ներշնչել, որ ինք հայ է եւ ուրեմն` տարբեր ազգի զաւակ, քան` այն մարդիկ, որոնց երկրի մէջ ապրում է այսօր»:

«Որպէսզի ձեր հոգիները թարմ մնան, պէտք է կարդալ շարունակ: Գիրքերը լաւագոյն հարստութիւններն են մարդկութեան»:

Նիկոլ Աղբալեանին պատկանող այս խօսքերը կը սահմանեն սփիւռքահայութեան լուսաւորման համար իր եւ իր նմաններուն կողմէ հիմնուած Համազգայինի գործունէութեան ամբողջ ծրագիրը: Համազգայինի նպատակներուն ծառայելու կոչուած Հայ Ճեմարանը իր դուռերը բացած էր արդէն, իսկ դպրոցը պէտք պիտի ունենար յատկապէս դասագիրքերու: Դասագիրքերու եւ այլ հրատարակութիւններու համար, հեղինակներէ զատ,  պէտք պիտի ըլլային նաեւ գործնական այլ միջոցներ` տպարան, գրախանութ, գրատարած: Սկզբնական շրջանին հատորները կը տպուէին այլ տպարանի մէջ (տպարան «Յոյս»): Տարիներ ետք Նիկոլ Աղբալեանի ջանքերով Համազգայինը տէր դարձաւ իր առաջին տպագրական փոքր մեքենային: Հատորները սկսելու համար տպուեցան «Հայ Ճեմարանի տպարան», իսկ աւելի ուշ` «Համազգային ընկերութեան տպարան»-ի մամուլներով: Ետքը, երբ այլեւս Աղբալեանի տպագրական մեքենան բաւարար չէր հասնելու հետզհետէ աւելցող կարիքներուն, կրկին դիմուեցաւ այլ տպարաններու, յատկապէս` տպարան «Մշակ»-ին: Վերջապէս, տպարանային արդիական սարքաւորումներով օժտուելով, 1965-ին սկսաւ գործել հետագային Վահէ Սեթեանի անունով մկրտուած տպարանը:

Այսօր Նիկոլ Աղբալեանի տպագրական մեքենան Համազգայինի «Վահէ Սեթեան» տպարանի եւ հրատարակչականի գոհարն է: Առանձինը` թանգարան մը, ամփոփում մը` յիշատակներու եւ յիշողութիւններու, հիմնաքարը` Համազգայինի տպարանի եւ հրատարակչականի, հարազատ պատկերը`  զայն մատակարարողին եւ իր տիրոջ,  տոկուն, փոքր, սակայն` ծանր, դանդաղ աշխատող, բայց` տպագրական սխալէն սարսափող, զայն վանող: Վերջապէս, ժուժկալ սպառող եւ հակառակ ատոր` որակ արտադրող սարք մը, զոր կարելի է պողպատեայ ամբողջ սերունդի մը այլեւս յաւիտենապէս լուռ, բայց թերեւս այդ իսկ  պատճառով ա՛լ աւելի արտայայտիչ իբրեւ խօսնակը ընդունիլ:

Այսպէս, ինչպէս շատ բան` հայկական սփիւռքի կազմաւորման շրջանին, Համազգայինի տպարանն ալ ապրեցաւ իր հերոսական շրջանը: Յետոյ զարգանալով` հասաւ իր ներկայի վիճակին: Այսօր նոր մարտահրաւէրներ կան իր դիմաց: Որեւէ յեղափոխութեան նման` արհեստագիտական յեղափոխութիւնն ալ ստեղծած է ճգնաժամային վիճակ: Հրատարակչական մարզը ընդհանրապէս թեւակոխած է նոր փուլ մը, հետեւաբար մեր հրատարակչականն ալ պարտաւոր է յարմարելու նոր կացութիւններուն: Այսինքն, տպագրական աշխատանքի կողքին, պէտք է զարգանայ ելեկտրոնային միջոցներով գրականութեան եւ մշակոյթի տարածումը: Արդէն ատենէ մը ի վեր «Լալան ու Արան»` անունով մանուկներուն խաղերու միջոցով հայերէն ուսուցանելու ձեռնարկը կը վայելէ երեխաներու կողմէ խանդավառ ընդունելութիւն մը. պատրաստ է եւ կատարելագործուելու ընթացքի մէջ է մեր հրատարակչականի ելեկտրոնային գրադարանն ու գրախանութը, իսկ մօտ օրէն հրապարակ կ՛իջնէ Համազգայինի h-pem մշակութային հարթակը, որ ուղղուած է բոլորին, բայց յատկապէս` ոչ հայախօս հայ երիտասարդութեան:

Այսպէս, ուրեմն, տեւապէս նորոգուելու եւ նորոգելու աշխատանքը վճռակամութեամբ կը շարունակուի: Նորով կը շարունակուի ստեղծագործ կեանքը, իսկ մեր միտքերուն մէջ նոյնքան ներկայ հինը կը վերածուի ուղղութիւն ցոյց տուող փարոսի: Կը մնայ ըմբոշխնել ծրագրուած յաջողութեան համար տարուող աշխատանքին իւրաքանչիւր քայլը`միշտ հետեւելով խորհրդապաշտ, բայց միաժամանակ կեանքի՛ փիլիսոփայ, նոյնինքն Նիկոլ Աղբալեանի յորդորին.

«Երկար ապրելու չէք. ամենաշատը հարիւր տարի. ուրիշ անգամ աշխարհ գալու չէք. ա՛յս է, որ կայ. յետոյ գալու է յաւերժական խաւար եւ հանգիստ: Պէտք է խաղաղ ու սիրով անցնել կարճ ճամբան. հաշտ ու համերաշխ: Եթէ մարդիկ սովորութիւն դարձնեն վշտի, բարկութեան, սրտնեղութեան եւ սրանց նման պահերին անդրադառնալ, որ առջեւները մահ կայ, ամէն ինչ կը դիւրանայ եւ անսահման ներողամտութեամբ կը համակուեն ու թեթեւ կ՛ապրեն այս աշխարհում: Ոմանք սարսափում են մահից, իմ աչքում նա մի մեծ բարիք է, որ անհունօրէն բարձրացնում է ամէն մի վայելքի եւ հաճոյքի արժէքը: Եթէ մտածենք, որ այսօրը անցնում է եւ վերադարձ չունի, պիտի զղջանք, որ այդ անցնող օրը դառնութիւն բերեց մեր պատճառով սրան կամ նրան, բայց մանաւանդ` մեր սիրածին»:

Իսկ այս միջավայրին մէջ մեր սիրածը հայ գիրքն է, անոր գործնական ծննդավայրը` տպարանը, հրատարակչականը, որ իր գործը պարտի շարունակել հարկաւ արդիական միջոցներով, բայց անպայման`  Նիկոլ Աղբալեաններու անժամանցելի ոգիով:

ՄԿՐՏԻՉ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ

Պէյրութ, 10 դեկտեմբեր  2018

 

Նախորդը

Հրատարակչատան Առաջին Մամուլի Տեղադրումը Մեզի Համար Կը Դառնայ Յուշարար Եւ Մեզ Կը Դնէ Յաւելեալ Պարտաւորութեան Դիմաց

Յաջորդը

Հայաստանի Երկրաշարժին 30-Ամեակին Առիթով. Զաքար Քէշիշեան Դասախօսութեամբ Մը Հանդէս Եկաւ ԼՕԽ-ի «Ա. Պուլղուրճեան» Կեդրոնի «Թնճուկեան» Սրահին Մէջ

RelatedPosts

«Ազդակ»-ի Հարցազրոյցը Նշանաւոր Դերասան Սիմոն Աբգարեանին Հետ
Անդրադարձ

«Ազդակ»-ի Հարցազրոյցը Նշանաւոր Դերասան Սիմոն Աբգարեանին Հետ

November 13, 2026
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խօսողին Լսող Է Պէտք

November 13, 2026
Ապրուած Օրեր. ԺԳ.- Օրիորդ Գարմէնը
Անդրադարձ

Ապրուած Օրեր. ԺԳ.- Օրիորդ Գարմէնը

November 13, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.