Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արցախի Պաշտպանութեան Բանակը Նոր Հրամանատար Ունի. Լեւոն Մնացականեան Պաշտօնազուրկ Եղաւ

December 15, 2018
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ առաւօտեան Արցախի Պաշտպանութեան բանակի հրամանատարութեան կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած է խորհրդակցութիւն` գերագոյն գլխաւոր hրամանատար Բակօ  Սահակեանի գլխաւորութեամբ:

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան ստորագրած է հրամանագիր, որուն համաձայն` զօրավար Լեւոն Մնացականեան հեռացուած է Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար-պաշտպանութեան բանակի հրամանատարի պաշտօնէն:

Ինչպէս կը տեղեկացնէ Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութիւնը, նախագահ Սահակեանի ստորագրած մէկ այլ հրամանագիրով` զօրավար Կարէն Աբրահամեան նշանակուած է Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար-պաշտպանութեան բանակի հրամանատար` ազատուելով Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակի N 19916 զօրամասի հրամանատարի առաջին տեղակալ-շտապի պետի պաշտօնէն:

Արցախի նախագահի հրամանագիրով` գնդապետ Ջալալ Յարութիւնեան նշանակուած է Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակի N 19916 զօրամասի հրամանատարի առաջին տեղակալ-շտապի պետ` ազատուելով Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակի N 42009 զօրամասի հրամանատարի պաշտօնէն:

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանի հրամանագիրով` Լեւոն Մնացականեան նշանակուած է Արցախի Հանրապետութեան արտակարգ իրավիճակներու պետական ծառայութեան տնօրէն:

Նախագահի հրամանագիրին մէջ կ՛ըսուի. «Նախագահի հաստատած կառավարութեան որոշումով` Կարէն Սարգսեան հեռացուած է Արցախի Հանրապետութեան արտակարգ իրավիճակներու պետական ծառայութեան տնօրէնի պաշտօնէն»:

Մնացականեանը` Պաշտպանութեան Բանակի Անձնակազմին. «Եղէք Հայրենեաց Պաշտպանի Առաքելութեան Հաւատարիմ

Պաշտպանութեան բանակի` արդէն նախկին հրամանատար Լեւոն Մնացականեանը խօսքով դիմած է բանակի անձնակազմին: Խօսքին մէջ կը նշուի.

«Յարգելի՛ զինակիցներ, այսօր ես կը ձգեմ պաշտպանութեան բանակի հրամանատարի պաշտօնը: Շատ հպարտ եմ, որ ծառայած եմ եւ հարկ եղած պարագային պատրաստակամ պիտի ըլլամ կրկին իմ ծառայութիւնը բերելու այն բանակի շարքերուն մէջ, որ իր մարտունակութեամբ եղած է, կայ եւ պիտի շարունակէ մնալ մեր ժողովուրդի պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան գլխաւոր երաշխաւորը:

Կ՛ուզեմ նաեւ վստահեցնել, որ ինծի համար մեծ պատիւ էր տարիներ շարունակ զինակցիլ բոլոր այն շարքայիններուն, ենթասպաներուն, սպաներուն եւ հրամանատարներուն, որոնք իրենց բարեխիղճ ծառայութեամբ օրէ օր ամրապնդած եւ հզօրացուցած են  մեր պաշտպանական համակարգը:

Լիայոյս եմ, որ այսուհետեւ  իւրաքանչիւրիդ մօտ պիտի իշխէ մեր երկիրը  աւելի պաշտպանուած ու անվտանգ պահելու անկոտրում կամքն ու վճռականութիւնը: Ձեր գործողութիւններուն եղէք ներդաշնակ, փոխըմբռնող եւ, որ շատ կարեւոր է` հայրենեաց պաշտպանի առաքելութեան հաւատարիմ:

Շնորհակալութի՛ւն բոլորիդ, միասնական ծառայութեան համար»:

 

Նախորդը

«Ռուսիա Կը Փափաքի Նպաստել Երեւան – Պաքու Երկխօսութեան» Կ՛ըսէ Լաւրով

Յաջորդը

Ազրպէյճանական Փորձերը Կրկին Ձախողեցան Եւրոպական Խորհրդարանին Մէջ

RelatedPosts

Սաղաթէլեան. «Պայքարը Շարունակելու Ենք  Մինչեւ Յաղթանակ»
Գլխաւոր լուրեր

Հակառակ Քաղաքական Ճնշումներուն` Դաշնակցութիւնը Տեղական Ինքնակառավարման Ընտրութիւններուն Զգալի Թիւով Քուէներ Ապահոված Է

October 28, 2026
Միրզոյեան Չի Բացառեր ԹՐԻՓՓ-ի  Գործարկումը` Նախքան Խաղաղութեան  Պայմանագիրին Ստորագրութիւնը
Հայկական

Միրզոյեան Չի Բացառեր ԹՐԻՓՓ-ի Գործարկումը` Նախքան Խաղաղութեան Պայմանագիրին Ստորագրութիւնը

October 28, 2026
Ալիեւ. «Մենք Հարաւային Կովկասի Մէջ  Բոլորովին Նոր Իրավիճակ Ստեղծած Ենք»
Հայկական

Ալիեւ. «Մենք Հարաւային Կովկասի Մէջ Բոլորովին Նոր Իրավիճակ Ստեղծած Ենք»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.