Ռուսիա կը փափաքի շարունակել նպաստել Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ ուղիղ երկխօսութեան, 13 դեկտեմբերին Պաքուի մէջ յայտարարեց Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով` Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ ունեցած իր հանդիպումին ընթացքին: Այս մասին կը հաղորդէ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը:
Լաւրով Պաքու կը գտնուէր մասնակցելու Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան արտաքին գործոց նախարարներու նիստին:
«Ռիփորթ» իր կարգին կը հաղորդէ, որ Լաւրով Պաքուի մէջ լրագրողներուն յայտնած է, թէ ազրպէյճանական կողմը անկեղծօրէն տրամադրուած է Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման վերսկսման եւ շարունակութեան:
Ան նշած է, որ հինգշաբթի օր Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ երկար եւ հանգամանալից զրոյց ունեցած է: «Ռուսիան` իբրեւ Ազրպէյճանի ու Հայաստանի մօտիկ գործընկեր եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահ, ամէն ինչ պիտի ընէ փոխզիջումներու ձեռքբերման ծիրին մէջ շրջանակային պայմաններու ստեղծման համար: Պիտի ձգտինք գտնել ստեղծագործ գաղափարներ, որոնք պիտի օգնեն լուծման համար հիմք ձեւաւորել», ըսած է Լաւրով:
Ռուսական դիւանագիտութեան պետը նաեւ յոյս յայտնած է, որ Երեւանը ընտրութիւններէն եւ կառավարութեան ձեւաւորման փուլէն ետք կը շարունակէ աշխուժ հաղորդակցութիւնները Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման ուղղութեամբ:
Նշենք, որ Հայաստան եւս կը մասնակցի նշեալ նիստին: Այս մասին «Սփութնիք Արմենիա»-ին յայտնած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ քարտուղար Աննա Նաղդալեան` աւելցնելով, որ Երեւանը պիտի ներկայացնէ արտաքին գործոց նախարարութեան Բազմակողմ եւ երկկողմ տնտեսական համագործակցութեան վարչութեան պետ Աշոտ Քոչարեանը:
 
			


