 Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը թուիթըրեան իր էջին վրայ յայտարարութիւն հրապարակած է` ամերիկեան կառավարութեան պաշտօնատարներուն կոչ ուղղելով ազնուօրէն խօսելու Համաշխարհային Ա. պատերազմի տարիներուն տեղի ունեցած իրադարձութիւններուն մասին եւ չխուսափելու «Հայոց ցեղասպանութիւն» բառը օգտագործելէ:

«Եթէ կ՛աշխատիք Միացեալ Նահանգներու դաշնակցային կառավարութեան համար, «Թուիթըր»-ի վրայ օգտագործեցէք «Հայոց» եւ «Ցեղասպանութիւն» բառերը», նշուած է յայտարարութեան մէջ:
Յանձնախումբը նաեւ դիմած է Միացեալ Նահանգներու նախագահի ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդարանական Ճոն Պոլթընին` խնդրելով յստակացնել, թէ Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան պաշտօնեայի մը համար Համաշխարհային Ա. պատերազմի ընթացքին միլիոնաւոր հայ նահատակներու ցեղասպանութեան մասին ազնուօրէն խօսիլը կրնա՞յ աշխատանքէ հեռացման պատճառ դառնալ, թէ՞ ոչ: