Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայ Եկեղեցւոյ Հիմնադիր Առաքեալներու Տօնին Եւ Կիրակնօրեայի Օրուան Առիթով Ձեռնարկ

Դեկտեմբեր 13, 2018
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Նարեկ արքեպիսկոպոսի, կազմակերպութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի Կիրակնօրեայ վարժարաններու դաստիարակութեան խորհուրդին, Հայ եկեղեցւոյ հիմնադիր առաքեալներու տօնին եւ Կիրակնօրեայի օրուան առիթով, շաբաթ, 8 դեկտեմբերին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ հոգեւոր գեղարուեստական հանդէս` կատարողութեամբ կիրակնօրեայ վարժարաններու պատանեացի աշակերտներուն:

Աշակերտներու կատարողութեամբ Տէրունական աղօթքի եւ կիրակնօրեայի մաղթերգի մեկնաբանութենէն ետք բացման խօսքը արտասանեց Լիբանանի թեմի Կրօնական ժողովի ատենապետ Սարգիս քհնյ. Սարգիսեանը: Ան ըսաւ. «Հաւաքուած ենք ոգեկոչելու յիշատակը Հայաստանի մէջ լոյսի կրօնը` քրիստոնէութիւնը առաջին անգամ բերող Ս. Թադէոս եւ Ս. Բարթողիմէոս առաքեալներուն տօնը:  301 թուին Ս. Գրիգոր  Լուսաւորիչ լուսաւորեց եւ պայծառակերպեց Հայաստանը եւ հայ ժողովուրդը  եւ ջրեց  ու աճեցուց երկու առաքեալներուն կողմէ ցանուած սերմերը»: Ան  նկատել տուաւ, որ դարեր շարունակաբար զոյգ հիմնադիր առաքեալներուն վառած ջահը վառ մնացած է մեր նահատակներուն արեան հեղումով, աւելցնելով, որ ներկայիս մեր ժողովուրդի հոգիներուն  մէջէն սկսած են նուաղիլ մեր լուսաւորիչներուն կողմէ բերուած լոյսի  ճառագայթները: Սարգիս քհնյ. Սարգիսեանը հաստատեց, որ մեր եկեղեցին ուրոյն եւ անկախ է, նաեւ դարերու վրայ տարածուած ու դարերու ընդմէջէն ճոխացած ու հարստացած` իր ինքնուրոյն հաւատքով, հաւատամքով, դաւանանքով, աղօթքներով, շարականներով,  ինչպէս նաեւ քարեղէն ճարտարապետական ոճով հայեցի դրոշմ կրող եկեղեցի է:

Օրուան պատգամախօս Ժանին Դանիէլեան-Մարգարեանը ամփոփ կէտերու մէջ ներկայացուց քրիստոնէութեան մուտքը հայոց աշխարհ` շեշտը դնելով Ս. Թադէոս եւ Ս. Բարթողիմէոս առաքեալներուն ունեցած դերակատարութեան վրայ: Ան երեք մտածումներ բաժնեց ներկաներուն հետ, որպէսզի անցեալը դառնայ ներկայ եւ իր պատգամով մեզ զօրացնէ` դիմագրաւելու մեր ներկան եւ կառուցելու մեր ապագան: Մարգարեան նկատել տուաւ, որ` ա) Որոշ շրջանակներու մէջ դժբախտաբար քրիստոնէութիւնը սխալ կերպով ներկայացուած է` որպէս աղքատներու, մանկամիտներու, տգէտներու, տկարներու, այլ խօսքով` ընկերութեան լուսանցքին վրայ գտնուող հաւաքականութեանց մխիթարանքի դեղ ու դարման, շեշտելով, որ պատմութիւնը կը վկայէ, թէ հայ ժողովուրդի առաջին վկաները եղած են ոչ թէ այդ խաւերէն, այլ` պալատական, հասուն, զարգացած եւ ազդու շրջանակներէ, բ) Ս. Թադէոս եւ Ս. Բարթողիմէոս առաքեալները կը հանդիսանան գլխաւոր դերակատարները Հայաստանի մէջ քրիստոնէութեան տարածման, սակայն պէտք չէ անտեսել իգական սեռի որոշադրիչ ներգործութիւնը այս սրբազան առաքելութեան մէջ, գ) Ս. Թադէոս եւ Ս. Բարթողիմէոս առաքեալներու տօնախմբումը չի նշանակեր միայն ոգեկոչել անցեալը, այլ` Քրիստոսի պատգամը իր առաքեալներուն, որ երթան ու տարածեն Աւետարանը աշխարհի չորս կողմը, ուղղուած է իւրաքանչիւր հայորդիի, որպէսզի գիտակից կերպով ապրինք եւ արժեւորենք մեր կոչումը, արժանի ըլլալու համար մեր առաքեալներուն վերապահուած յաւիտենական խոստումներուն:

Գեղարուեստական բաժինով Կիրակնօրեայ վարժարաններու պատանեացի աշակերտները մեկնաբանեցին «Որք զարդարեցին», «Քրիստոս ի մէջ», «Սուրբ, սուրբ» եւ «Ո՛վ զարմանալի» շարականները, «Սաղմոս 19», «Մեծ ու զարմանալի են» եւ «Միայն քեզի նայիմ» երգերը: Սէրլի Գալայճեանը կատարեց ընթերցումներ «Նարեկ» գիրքէն, իսկ Յարութ Մարկոսեան` Աստուածաշունչէն: Սէրլի Նեմշեհիրլեանը տուտուկով նուագեց «Տլէ Եաման»-ը, իսկ Մեղրի Նեմշեհիրլեանը սրինգով նուագեց «Խուժան ասկեար»-ը: Վարդի Սալխանեանը ասմունքեց Վահան Թէքէեանի «Եկեղեցին հայկական»-ը: Ցուցադրուեցաւ նաեւ կիրակնօրեային գործունէութիւնը ներկայացնող տեսերիզ մը:

Հանդիսութեան եզրափակիչ խօսքը արտասանեց Լիբանանի թեմի քարոզիչ Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեանը, որ գոհունակութիւն եւ հպարտութիւն յայտնեց գործադրուած գեղարուեստական խորհրդաւոր եւ գեղեցիկ յայտագիրին համար, նկատել տալով, որ աշակերտները իրենց երգեցողութեամբ եւ աղօթքներով աւետեցին Քրիստոսի ծնունդը: Ան նկատել տուաւ, որ անոնց մտքի, հոգիի եւ սրտի ձայնը մաքրութիւն, անմեղութիւն եւ բիւրեղութիւն կը բուրէ: Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեանը շնորհակալական խօսք ուղղեց նաեւ Սարգիս քհնյ. Սարգիսեանին, որուն հետեւողական աշխատանքին, ջանքերուն եւ նուիրումին արդիւնքն է սոյն հանդիսութիւնը: Ան կոչ ուղղեց պատանիներուն` շեշտելով, որ իրենց պարտականութիւնն է իրենց ճամբով տանիլ կիրակնօրեայի ընտանեկան մթնոլորտը, անոր լոյսը, ուրախութիւնը, հաւատքը, որպէսզի զօրանայ Քրիստոսի այս տունը: Խօսքը ուղղելով ծնողներուն` շնորհակալութիւն յայտնեց, որ անոնք կը հաւատան Աստուծոյ գոյութեան եւ ներկայութեան մեր կեանքէն ներս եւ իրենց զաւակները կ՛ուղղեն կիրակնօրեայ: «Մեր եկեղեցին հոգեւոր եւ ազգային դաստիարակութիւն կը ջամբէ, որ մարդ արարածին չափանիշն է: Հոգեւորը կ՛ամբողջացնէ ազգայինը, իսկ ազգայինը կը մեծցնէ հոգեւորը», հաստատեց Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեանը` մաղթելով, որ Ս. Թադէոս եւ Ս. Բարթողիմէոս առաքեալներուն օրինակը որպէս հայելի մեր պատանիներուն մէջ արթնցնէ ոչ թէ հաւատքը, այլ` կամքը, աւելցնելով, որ մենք շատ բան ունինք սորվելիք կիրակնօրեայի աշակերտներէն` անկեղծութիւն, մաքրութիւն եւ հաւատքի իսկական դրսեւորում: «Թող կանգուն մնայ Լիբանանի հայոց թեմը, թող միշտ ապրի, պայծառանայ եւ լուսաւորուի հայ ազգը` իր կիրակնօրեայ վարժարաններով, եկեղեցիներով ակումբներով, միութիւններով», եզրափակեց Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեանը:

Ձեռնարկը փակուեցաւ «Կիլիկիա» մաղթերգով:

Նախորդը

Մերձաւոր Արեւելքի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութիւն. Նաւակատիքի Պաշտամունք Հայ Աւետարանական Էմմանուէլ Եկեղեցիի

Յաջորդը

«Հայրենիքը Ձեզ Չի Մոռանայ»

RelatedPosts

ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

Նոյեմբեր 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2024
Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»
Գաղութային

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

Մայիս 26, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?