«Երկիր»-ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Արսէն Համբարձումեան` արձագանգելով այն դիտարկման, թէ որոշ քաղաքագէտներ եւ քաղաքական ուժեր նախատեսելի կը նկատեն Դաշնակցութեան արձանագրած արդիւնքները, իսկ ուրիշներ` հակառակը, ըսած է, որ Դաշնակցութեան արձանագրած արդիւնքները չարդարացուցին ակնկալութիւնները, միւս կողմէ, կուսակցութիւնը պատրաստ էր նման զարգացման:
Ըստ անոր, կ՛ակնկալուէր, որ Դաշնակցութիւնը շատ աւելի բարձր ցուցանիշներ ունենար եւ ներկայացուած ըլլար Ազգային ժողովին մէջ: Ան դիտել տուած է, որ այդ համեստ ցուցանիշները պայմանաւորուած են երկու հանգամանքով. առաջին` ընտրութիւնները տեղի ունեցան յեղափոխական ոգեւորութեան մթնոլորտի մէջ, երկրորդ` ընտրութիւններուն մասնակցող քաղաքական ուժերը սահմանափակ ժամանակ ունէին` կազմակերպչական եւ քարոզչական աշխատանքները ամբողջ ծաւալով իրականացնելու: «Անկասկած, այս երկու գործօնները իրենց բացասական ազդեցութիւնը ունեցան, եւ այդ էր հիմնական պատճառը, որ արձանագրուեցան նման արդիւնքներ: Բայց կը կարծեմ, թէ ընտրութիւնները նաեւ ցոյց տուին, որ, ի տարբերութիւն միւս քաղաքական ուժերուն, Դաշնակցութիւնը ունի բաւական կայուն ընտրազանգուած, ինչ որ մեզի յոյս կը ներշնչէ, որ կրնանք ապագայ քաղաքական գործունէութիւնը իրականացնել` յենելով մեր համակիրներուն բաւական հոծ շրջանակին վրայ», յայտնած է Համբարձումեան:
Ան դիտել տուած է, որ քաղաքական ուժերուն մասին ճիշդ չէ դատողութիւն ընել խորհրդարանական ընտրութիւններուն անոնց ունեցած ձայներով, քանի որ այդ ցուցանիշները շատ փոփոխական կրնան ըլլալ, իսկ փաստը այս արտակարգ ընտրութիւններն ու 2017-ի խորհրդարանական ընտրութիւններն են: Օրինակ` այս ընտրութիւններուն Հանրապետական կուսակցութիւնը կորսնցուց իր ձայներուն աւելի քան 90 տոկոսը, իսկ Բարգաւաճ Հայաստանը` շուրջ 70 տոկոսը, ապա Դաշնակցութեան կորուստները շատ աւելի փոքր են, ինչ որ նոյնպէս մտածելու առիթ կու տայ: «Ես վստահ եմ, եթէ ընտրութիւնները 6 ամիս ետք տեղի ունենային, կ՛ունենայինք բոլորովին այլ պատկեր: Վստահ եմ նաեւ, որ յառաջիկայ զարգացումները քաղաքական ուժերու վարկանիշին վրայ էական ազդեցութիւն պիտի ունենան», աւելցուցած է ան:
Ընտրութիւններէն ետք Դաշնակցութեան ընելիքներուն վերաբերող հարցումի մը պատասխանելով` Արսէն Համբարձումեան յայտնած է, որ Դաշնակցութիւնը կայացած քաղաքական ուժ է, ուստի նոր պատկերով ներկայանալու կարիք չունի: «Մեր օրակարգերը աւելի մատչելի ձեւով ներկայացնելու խնդիր ունինք, բայց ոչ թէ զանոնք փոխելու: Ի տարբերութիւն այլ քաղաքական ուժերու, որոնց պարագային անձերու փոփոխութիւնը էական ազդեցութիւն կրնայ ունենալ քաղաքական ուժի գործունէութեան եւ գոյութեան վրայ, Դաշնակցութեան պարագային կարելի չէ, որ նման բան տեղի ունենայ` այն պարզ տրամաբանութեամբ, որ Դաշնակցութիւնը մէկ կամ քանի մը անձերու շուրջ համախմբուած ուժ չէ: Եւ անկախ ղեկավար կազմի ներկայացուցիչներու փոփոխութենէն, կուսակցութիւնը ունի իր յստակ ուղեգիծը, ծրագիրը, ըսելիքը, եւ այդ առումով չեմ կարծեր, թէ խորքային վերատեսութեան կարիք ունինք: Ռազմավարութեան կապուած, անշուշտ, կան խնդիրներ, որոնց պիտի վերանայի կուսակցութիւնը, որոշ մօտեցումներ վերատեսութեան ենթարկէ, կազմակերպական առումով հսկայական ընելիք ունինք, որ պիտի արժեւորուի նոր իրականութեան լոյսին տակ: Այդ առումով տարուելիք աշխատանքի հսկայ դաշտ կայ», նշած է ան:
Բացի անկէ, իբրեւ արտախորհրդարանական քաղաքական ուժ, ըստ Արսէն Համբարձումեանի, Դաշնակցութեան ըսելիքն ու ընելիքը ճշգրտումներու ենթարկելու հարց կայ, «քանի որ չեմ կարծեր, թէ խորհրդարանին մէջ ներկայացուած ընդդիմութիւնը գաղափարական եւ մարդուժի իմաստով ունի այն ներուժը, որ հանդէս գայ իբրեւ այդպիսին: Ըստ ինծի, իրական ընդդիմութիւնը պիտի ձեւաւորուի խորհրդարանէն դուրս, եւ այս առումով Դաշնակցութիւնը հսկայական աշխատանք ունի տանելիք մեր երկրին առջեւ ծառացած ներքին եւ արտաքին մարտահրաւէրներու լոյսին տակ, որոնց մասին քարոզարշաւի ժամանակ բարձրաձայնած ենք: Յառաջիկային պիտի փորձենք ոչ թէ հակազդողի, արձագանգողի դերին մէջ ըլլալ, այլ նախաձեռնողի` տարբեր խնդիրներու կապուած մեր մօտեցումները ներկայացնելու եւ մեր քաղաքական ուղեգիծը յառաջ տանելու իմաստով», հաստատած է Արսէն Համբարձումեան:



