Հայաստանը պատրաստ է Թուրքիոյ հետ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման, սակայն առանց Լեռնային Ղարաբաղի հետ կապուած նախապայմաններու: Այս մասին օտար լրագրողներու հետ հանդիպումին յայտարարած է Հայաստանի վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանը, կը տեղեկացնէ ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը:
Փաշինեանի համաձայն, Երեւանը պատրաստ է Թուրքիոյ հետ ուղղակի յարաբերութիւններ հաստատել` առանց որեւէ նախապայմաններու, եւ յոյսով է, որ Թուրքիան նոյնպէս նման դիրքորոշում կ՛ունենայ: «Սակայն Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւնները կապուած են Լեռնային Ղարաբաղի հարցին հետ, երրորդ երկրի հետ: Նկատի ունիմ Ազրպէյճանը», նշած է Փաշինեան:
Էրտողանի Աշխատակազմը Պատասխանած Է Փաշինեանին
«Երկիր»-ը կը հաղորդէ, թէ Թուրքիոյ նախագահի աշխատակազմը մեկնաբանած է Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանի կատարած յայտարարութիւնը` երկու երկիրներու յարաբերութիւններուն կարգաւորման մասին:
Աշխատակազմը կրկնած է, որ յարաբերութիւններու կարգաւորման համար անհրաժեշտ է Ազրպէյճանին վերադարձնել «գրաւուած տարածքներ»-ը եւ հրաժարիլ Ցեղասպանութեան ճանաչումէն:



