Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քֆարքիլան Հիւսիսային Իսրայէլի Կապող Գետնափոր Փապուղիներու Բացայայտում

December 5, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Իսրայէլեան Ուժերը, Լիբանանեան Բանակն Ու Դիմադրութեան Մարտիկները Պատրաստ Վիճակի Մէջ Են Հարաւային Լիբանանի Սահմանին Վրայ

Իսրայէլեան ուժերը երէկ առաւօտեան յայտարարեցին, թէ Լիբանանի հարաւային սահմանին վրայ պատրաստ վիճակի մէջ կը գտնուին` բացայայտելէ ետք Հըզպալլային պատկանող գետնափոր փապուղիներ, որոնք Լիբանանէն կը հասնին դէպի հիւսիսային Իսրայէլ:

Իսրայէլեան ուժերը այդ փապուղիները պայթեցնելու արշաւ մը յայտարարեցին` ընդգծելով, որ նախապէս ալ նման անցքերը բացայայտած են:

Իսրայէլեան բանակը յայտարարեց, որ զինուորական այս գործողութիւնը մաս կը կազմէ «Հիւսիսի վահան» գործողութեան:

Իսրայէլեան ուժերու բանբեր Աֆիխայ Ատրայի Հըզպալլայի մարտիկներն ու լիբանանեան բանակը զգուշացուց լիբանանեան հողերէն իսրայէլեան հողեր երկարող գետնափոր այդ փապուղին օգտագործելէ:

«Այդ անցքը օգտագործելու պարագային ձեր կեանքը վտանգի կ՛ենթարկէք», զգուշացուց Ատրայի:

Քանի մը ժամ աշխատանքէ ետք Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնեց, որ Քֆարքիլայէն Իսրայէլ երկարող գետնափոր փապուղին յարձակման նպատակներով օգտագործուող փապուղի մըն է, իսկ Իսրայէլի իրականացուցած զինուորական գործողութիւնը պաշտպանութեան նպատակներով կը կատարուի` աւելցնելով, որ Իսրայէլ չի փափաքիր մագլցողական քայլերու դիմել:

Մինչ իսրայէլեան ուժերը կը շարունակէին սահմանամերձ շրջանին մէջ գտնուած գետնափոր փապուղիի բացայայտման եւ ոչնչացման արշաւը, ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերը խստացուցին իրենց հսկողութիւնը եւ անդադար շրջուն ջոկատներով շրջեցան Քֆարքիլայի եւ Ատայսէի շրջաններուն մէջ:

ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերը հաստատեցին, որ Իսրայէլի կողմէ յայտարարուած զինուորական գործողութեան շրջանը խաղաղ է` աւելցնելով, որ իրենք կը ջանան պահպանել ապահովական կայունութիւնը:

Իրենց կարգին, Ատայսէի եւ Քֆարքիլայի քաղաքապետութիւնները շեշտեցին, որ իրենց շրջաններուն մէջ ամէն ինչ բնականոն ձեւով կ՛ընթանայ, եւ հաստատեցին, որ իսրայէլեան սպառնալիքները ո՛չ կը մտահոգեն եւ ո՛չ ալ որեւէ ձեւով կ՛ազդեն իրենց առօրեային վրայ:

Յետմիջօրէին Սպիտակ տունը զօրակցութիւն յայտնեց Իսրայէլին` Հըզպալլայի փապուղիներուն դէմ անոր սկսած արշաւին առիթով:

Միւս կողմէ, Միացեալ Նահանգներու քաղաքացիական անվտանգութեան նախագահ Ճոն Պոլթըն յայտնեց, որ ամերիկեան իշխանութիւնները բացարձակ զօրակցութիւն կը յայտնեն Իսրայէլին` իր գերիշխանութիւնը պաշտպանելու համար անոր որդեգրած քայլերուն առիթով:

Պոլթըն կոչ ուղղեց Հըզպալլային վերջ տալու գետնափոր փապուղիներ պատրաստելու աշխատանքին:

Իսրայէլեան բանակի սպայակոյտի պետ Ղատի Այզընքոթ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին շեշտեց, որ Հըզպալլայի կողմէ հիւսիսային Իսրայէլի բնակչութեան դէմ սպառնալիքը ուղղակի եւ վտանգաւոր դարձած է: «Հետեւաբար իսրայէլեան բանակը պէտք էր շարժէր, որպէսզի իսրայէլացիները ապահով զգային: Հետեւաբար «Հիւսիսի վահան» զինուորական գործողութիւնը կը միտի իրանեան վտանգը հիւսիսային Իսրայէլէն հեռացնել:

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու այլ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին շեշտեց, որ «Հիւսիսի վահան» զինուորական գործողութիւնը պիտի շարունակուի, մինչեւ որ անոր բոլոր նպատակները իրականանան: Ան նշեց, որ Հըզպալլա կը միտէր Իսրայէլ գործուղել այնպիսի տարրեր, որոնք երկրին անդորրը պիտի խախտէին:

Նեթանիահու շեշտեց, որ սահմանային շրջանին մէջ արձանագրուած այս իրողութեան պատասխանատու է ամբողջ Լիբանանը:

Նշենք, որ Իսրայէլ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդէն պահանջեց յատուկ նիստ մը գումարել` քննարկելու համար հարաւային Լիբանանէն Իսրայէլ երկարող գետնափոր փապուղիներու թղթածրարը:

Պէտք է աւելցնել, որ նախագահ Աուն երէկ հետեւեցաւ հարաւային Լիբանանի զարգացումներուն:

Այս շրջագիծին մէջ ան հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ունեցաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի, վարչապետ Սաատ Հարիրիի, բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունի եւ ապահովական կառոյցներու պետերուն հետ` անոնցմէ պահանջելով կատարեալ բծախնդրութեամբ հետեւիլ տիրող կացութեան եւ իւրաքանչիւր զարգացումի:

Նախորդը

Ազգային Գրադարանին Բացումին Առիթով. «Այսօր Մենք Վկաներն Ենք Դէպի Յաղթանակ Առաջնորդող Հերոսական Քայլի Մը» Շեշտեց Նախագահ Աուն

Յաջորդը

Զոհրապ Մնացականեան Ֆրետերիքա Մոկերինիի Հետ Քննարկած Է Հայաստան – Եւրոպական Միութիւն Օրակարգը

RelatedPosts

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին,  Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»
Լիբանանեան

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին, Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»

February 3, 2026
Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք
Լիբանանեան

Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք

February 3, 2026
Ֆինիւլ. «Ո՛չ Խաղաղապահ Ուժերու  Անվտանգութեան Ոտնահարման»
Լիբանանեան

Ֆինիւլ. «Իսրայէլեան Բանակը Մեզ Տեղեկացուց, Որ Երէկ Կապոյտ Գիծին Մօտ Օդային Գործողութիւն Կատարած Է` Նետելու Համար Քիմիական Նիւթ, Որ Անոնց Խօսքով Թունաւոր Չէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.