Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազգային Ազատ Հոսանք Կուսակցութեան Պատուիրակութիւնը Այցելեց Հարիրիի Եւ Ժոմպլաթի

December 5, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ կենսոլորտի նախարար Թարեք Խաթիպի, երէկ այցելեց Մուսթաքպալ հոսանքի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Հարիրիի:

Քանթարիի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումէն ետք Հարիրի ողջունեց Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան այցելութիւնը` ընդգծելով, որ իրենք գործակցութեան, երկխօսութեան եւ Լիբանանի շահերուն պաշտպանութեան շրջագիծին մէջ իրարու ձեռք կ՛երկարեն:

Հարիրի շեշտեց, որ երկու ուժերուն միջեւ փոխադարձ վստահութիւն գոյութիւն ունի` աւելցնելով, որ նախագահական համաձայնութիւնը Մեհրապի կամ Մար Մխայէլի փոխըմբռնումի համաձայնագիրներուն չի նմանիր, այլ` համաձայնութիւն մըն է, որ լիբանանեան պետութեան վերադարձուցած է իր հեղինակութիւնը եւ պետական հաստատութիւններուն աշխատանքը:

Հարիրի նշեց, որ հանդիպումին ընթացքին հաստատած են երկկողմանի ամուր յարաբերութիւնները եւ քննարկած շարք մը հարցեր` նշելով, որ Հըզպալլա սադրանքներ չի նախապատրաստեր եւ մթնոլորտը հանդարտ կը պահէ:

Հարիրի նշեց, որ Մուսթաքպալ հոսանքը լիբանանեան պետութեան կամ օրինականութեան դէմ որեւէ յարձակում ոճիր կը նկատէ, որովհետեւ անիկա լիբանանեան պետութեան հեղինակութիւնը խոցելի կը դարձնէ: «Այդ արարքին հովանաւորութիւնը իր կարգին ոճիր է», ըսաւ Ահմետ Հարիրի:

Ան շեշտեց, որ իրենք կը մերժեն Լեռնալիբանանը վերածել Լիբանանի մէջ սադրանքները վերարտադրելու հրապարակին:

«Երկրին կայունութեան պահպանումը քաղաքական բոլոր ուժերուն պահանջն է, առանց բացառութեան, եւ մենք պիտի չարտօնենք, որ ճանճ մը մեզի սպաննէ», շեշտեց Հարիրի:

Միւս կողմէ, Խաթիպ ըսաւ, թէ Ահմետ Հարիրիին յանձնած է Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլէն նամակ մը, որուն մէջ վերջինս հաստատած է, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան աւանդութիւններուն մէջ երկրին հեղինակութիւնները նկատուող պատասխանատուներու վարկաբեկումը մերժելի է:

Խաթիպ շեշտեց, որ ամէն իմաստով պէտք է Լիբանանի մակարդակը բարձրացնել, որպէսզի կարելի ըլլայ պայքարիլ Լիբանանին սպառնացող բոլոր մարտահրաւէրներուն դէմ:

Խաթիպ մաղթեց, որ լիբանանեան քաղաքական ուժերը իրենց տարակարծութիւնները մէկդի դնեն եւ գործեն ի նպաստ երկրի ներքին հարցերուն լուծման:

Թայմուր Ժոմպլաթի Մօտ

Նոյն պատուիրակութիւնը այցելեց նաեւ Քլեմանսօ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Ժողովրդավարական հանդիպում պլոքի նախագահ, երեսփոխան Թայմուր Ժոմպլաթի հետ:

Հանդիպումէն ետք Խաթիպ յայտնեց, որ միացեալ աշխատանքով կարելի է Լեռնալիբանանը, ինչպէս նաեւ ներքին լիբանանեան անդորրը պահպանել` աւելցնելով, որ Ժահիլիայի միջադէպին նման դէպքերը խստիւ մերժելի են:

Խաթիպ կոչ ուղղեց քաղաքական բոլոր ուժերուն աճապարելու` կառավարութեան կազմութեան առումով, որովհետեւ Լիբանան տնտեսական եւ ընկերային դժուարութիւններ կը դիմագրաւէ:

Խաթիպ նաեւ նշեց, որ պէտք է կառավարութեան մօտալուտ կազմութեան հարցով լաւատես ըլլալ, որովհետեւ ամէն ջանք ի գործ կը դրուի կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը խոչընդոտող հարցը լուծելու:

Խաթիպ մաղթեց, որ մինչեւ տօնական օրեր կառավարութիւն կազմուած ըլլայ:

 

Նախորդը

Սուրիոյ Դեսպանն Ու Ֆայսալ Քարամէն Կը Ցաւակցին Ուահապին

Յաջորդը

Միքաթի – Լաւրով Հանդիպում

RelatedPosts

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին,  Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»
Լիբանանեան

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին, Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»

February 3, 2026
Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք
Լիբանանեան

Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք

February 3, 2026
Ֆինիւլ. «Ո՛չ Խաղաղապահ Ուժերու  Անվտանգութեան Ոտնահարման»
Լիբանանեան

Ֆինիւլ. «Իսրայէլեան Բանակը Մեզ Տեղեկացուց, Որ Երէկ Կապոյտ Գիծին Մօտ Օդային Գործողութիւն Կատարած Է` Նետելու Համար Քիմիական Նիւթ, Որ Անոնց Խօսքով Թունաւոր Չէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.