Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սուրիոյ Դեսպանն Ու Ֆայսալ Քարամէն Կը Ցաւակցին Ուահապին

December 5, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թաուհիտ հոսանքի նախագահ, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ երէկ շարունակեց Ժահիլիայի մէջ ցաւակցութիւններ ընդունիլ իր ընկերակիցին` Մոհամետ Ապու Տիապի սպանութեան առիթով:

Ժահիլիա այցելեց նախկին նախարար Ֆայսալ Քարամէ, որ շեշտեց, թէ երկրին ապահովական ուժերը պէտք է քաղաքական բոլոր ուժերէն նոյն հեռաւորութեան վրայ գտնուին:

«Թող բոլորը ըմբռնեն, որ Լիբանան կայունութեան կարիք ունի, իսկ քաղաքական անձնաւորութիւնները համոզուին երեսփոխանական ընտրութեանց արդիւնքներով», ըսաւ ան:

Ուահապ իր կարգին մերժեց դատական իշխանութիւններն ու ապահովութեան ուժերը կասկածի տակ առնել` հաստատելով, որ այսօր իրենք կարիքը ունի մտքի ձայնին:

Ժահիլիայի այցելուներէն եղաւ նաեւ Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալի, որ յայտնեց, թէ Սուրիոյ դաշնակիցները միշտ կը բազմանան:

Ան մաղթեց, որ Սուրիոյ մէջ արձանագրուած յաղթանակը յօգուտ Լիբանանին եւ շրջանին ըլլայ:

Ուահապ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, թէ ինք հաստատած է, որ իր ընկերակիցին` Մոհամետ Ապու Տիապի սիրտը խոցած փամփուշտը արձակուած է 300 մեթր հեռաւորութենէն: «Հաստատեցինք նաեւ, որ այդ արարքը կազմակերպուած էր զիս զգետնելու, սակայն արձակուած փամփուշտին թիրախ դարձած էր Ապու Տիապ` նկատի ունենալով մեր նմանութիւնը», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ Ծոցի երկիրներու դեսպանատուներէն մէկուն մէջ գործող դիւանագէտ մը յայտնած է, թէ ինք տեղեակ էր Ժահիլիայի գործողութենէն:

Ուահապ նշեց, որ իրենք գոհունակ են տիւրզի կրօնաւորներուն այն յայտարարութենէն, թէ պատահածը Լեռնալիբանանի արժանապատուութեան դէմ յարձակում էր, ինչպէս նաեւ գոհ են Հըզպալլայի եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ցուցաբերած զօրակցութենէն:

Ուահապ ըսաւ, թէ վարչապետ Սաատ Հարիրի քաղաքական եւ նիւթական առումով սնանկ անհատ մըն է, իսկ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ խզած է հարիւրաւոր տարիներու տիւրզիական ուխտ մը, որուն հիման վրայ միջտիւրզիական զօրակցութիւն գոյացած է:

«Ժոմպլաթ վարչապետ Հարիրիի Կեդրոնական Պէյրութի բնակարանը նստած կը սպասէր իմ սպանութեանս լուրին: Իսկ Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թալալ Արսլանի կեցուածքը մեզի նկատմամբ շատ կարեւոր էր եւ ատիկա պիտի փոխադարձուի: Արսլանի հետ ընտրական մեր տարակարծութիւնները արդէն իսկ փարատած են, եւ մեզի միացնող կէտերը շատ աւելի են», հաստատեց ան:

Ուահապ ընդգծեց նաեւ, որ Հըզպալլա իր կարգին զօրակցութիւն յայտնած է տիւրզի համայնքին եւ Լեռնալիբանանին` շեշտելով, որ կը մերժէ իր դաշնակիցները վտանգի ենթարկել:

Ուահապ նշեց, որ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանը քաջալերած է ներքին ապահովութեան ուժերը աւելի եւս մխրճուելու իրենց գործած սխալին մէջ: «Մեզի համար Սաատ Հարիրին մարդասպան է, եւ մենք կը պահանջենք Մոհամետ Ապու Տիապի արիւնը, որ Հարիրիի ճակտին վրայ կը գտնուի», ըսաւ Ուահապ:

Միւս կողմէ, Սէուտական Արաբիոյ դեսպանատունը հերքեց Ուահապի այն յայտարարութիւնը, թէ սէուտցի դիւանագէտ մը Ներքին ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքէն խնդրած է ուղղուիլ Ժահիլիա:

Դեսպանատունը ընդգծեց, որ նման ամբաստանութիւններու ետին կը գտնուին աժան նպատակներ:

Դեսպանատան հաղորդագրութեան մէջ շեշտուեցաւ, որ Սէուտական Արաբիա յանձնառու կը մնայ Լիբանանի կայունութեան եւ միասնականութեան:

Նշենք, որ «Ախպար» օրաթերթին համաձայն, Ժահիլիայի միջադէպէն ետք վարչապետ Սաատ Հարիրի եւ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի քաղաքական հարցերու օգնական Հիւսէյն Խալիլ ունեցած են հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը, որուն ընթացքին վարչապետ Հարիրի ընդգծած է, թէ ոչ ոք կրնայ ընդունիլ, որ իր ծնողքին եւ տան մասին նման վիրաւորանքներ հնչեն:

Խալիլ պատասխանած է, որ այդ վիրաւորանքները խստիւ դատապարտելի են եւ մերժելի` աւելցնելով, որ մարդոց արժանապատուութիւնը իրենց արժանապատուութիւնն է:

Սակայն Խալիլ հարց տուած է վարչապետ Հարիրիին, թէ արդեօք լուրջ միտում կա՞ր Ուահապը ձերբակալելու եւ արդեօք անոնք կրնայի՞ն այդ ձերբակալութեան հետեւանքները կրել:

Խալիլ շեշտած է, որ պատահածը սխալ էր եւ ոչ ոք կրնար անոր հետեւանքներուն պատասխանատուութիւնը կրել:

Իր կարգին, Հարիրի հաստատած է, որ Ուահապ պէտք է բերման ենթարկուէր ու հարցաքննուէր:

 

 

Նախորդը

Հիւսէյն Խալիլ Ընդունեց Ժողովրդավարական Հանդիպումի Մէկ Պատուիրակութիւնը

Յաջորդը

Ազգային Ազատ Հոսանք Կուսակցութեան Պատուիրակութիւնը Այցելեց Հարիրիի Եւ Ժոմպլաթի

RelatedPosts

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին,  Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»
Լիբանանեան

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին, Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»

February 3, 2026
Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք
Լիբանանեան

Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք

February 3, 2026
Ֆինիւլ. «Ո՛չ Խաղաղապահ Ուժերու  Անվտանգութեան Ոտնահարման»
Լիբանանեան

Ֆինիւլ. «Իսրայէլեան Բանակը Մեզ Տեղեկացուց, Որ Երէկ Կապոյտ Գիծին Մօտ Օդային Գործողութիւն Կատարած Է` Նետելու Համար Քիմիական Նիւթ, Որ Անոնց Խօսքով Թունաւոր Չէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.