Իսրայէլեան «Հաարեց» օրաթերթին մէջ լոյս տեսած յօդուածի մը մէջ երէկ հաստատուեցաւ, որ իսրայէլացի պատասխանատուներ մտահոգ են Լիբանանի մէջ արձանագրուած վերջին իրադարձութիւններով, յատկապէս նկատի ունենալով շրջանին մէջ Մոսկուայի շահերը եւ Սուրիոյ տրամադրած անոր ապահովական հովանաւորութիւնը:
Նոյն օրաթերթին մէջ ընդգծուեցաւ, որ Հըզպալլա չ՛ուզեր Իսրայէլի դէմ պատերազմ մը բռնկեցնել, սակայն անոր կարողութիւններուն յառաջդիմութիւնը եւ հզօրացումը, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ պատերազմին ընթացքին Հըզպալլայի մարտիկներուն ձեռք ձգած փորձառութիւնը կը մտահոգեն Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարարութիւնը, յատկապէս նկատի ունենալով, որ Հըզպալլայի մարտիկները սկսած են Սուրիայէն Լիբանան վերադառնալ:
«Հաարեց»-ի համաձայն, Իսրայէլ Սուրիոյ դէմ իր զինուորական ծրագիրներուն իրագործման վերջ տուած է եւ սկսած է գործել Իրանի դէմ: «Այս պատճառով Թեհրան զինուորական իր ծրագիրներուն մեծ մասը Սուրիայէն Լիբանան փոխադրած է:



