Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ Կեդրոնական Պէյրութի իր բնակարանին մէջ ընդունեց ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուքը` ընկերակցութեամբ կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Մարուան Համատէի:
Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան նաեւ Պէյրութի քաղաքապետ Ժամալ Իթանին եւ վարչապետ Հարիրիի` բարգաւաճման հարցերու խորհրդատու Ֆատի Ֆաուազը:
Քննարկուեցաւ Պէյրութի պետական դպրոցներուն իրավիճակը:
Հանդիպումէն ետք վարչապետը առանձին հանդիպում մը ունեցաւ Մաշնուքի հետ` քննարկելու համար ներքին լիբանանեան իրադարձութիւններն ու շրջանային զարգացումները:
Վարչապետ Հարիրիի այցելեց նաեւ երեսփոխան Ուալիտ Պաարինի: Քննարկուեցան Լիբանանի մէջ տիրող ընդհանուր իրավիճակն ու Աքքարի կարիքները:
Հարիրիի այցելեց նաեւ նախկին երեսփոխան Մոհամետ Քապպանի, որ վարչապետին հետ քննարկեց մայրաքաղաք Պէյրութի կարիքները:


