Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տօնոյեան. «Երեւանը Եւ Մոսկուան Կը Մօտենան «Սու-30Սի.Էմ.»-ներու Մատակարարման Համաձայնագիրի Կնքման Եզրափակիչ Փուլին»

December 3, 2018
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանն ու Ռուսիան կ՛աւարտեն Երեւանին «Սու-30Սի.Էմ.» հալածիչներու մատակարարման համաձայնագիրը կնքման նախապատրաստելու ընթացակարգերը: Այս մասին շաբաթ օր յայտարարած է Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Դաւիթ Տօնոյեան:

«Մենք կը ջանանք, որ ատիկա շատ արագ ըլլայ: Կը մօտենանք համաձայնութեան կնքման եզրափակիչ փուլին», ԹԱՍՍ-ի փոխանցումով ըսած է Տօնոյեան` ռուս լրագրողներու հետ հանդիպումի ընթացքին:

Ըստ անոր, երկու երկիրները միջպետական մակարդակով կ՛աւարտեն Հայաստանին սպառազինութիւն գնելու համար 100 միլիոն տոլարի ռուսական վարկի տրամադրման մասին համաձայնագիրի իրականացման ընթացակարգերը, մասնաւորաբար` սպառազինութեան որոշ տեսակներու մատակարարումներու հարցերով:

Տօնոյեան շեշտած է զինուորական ոլորտին մէջ ռուս գործընկերներու հետ սերտ համագործակցութիւնը: «Մենք կը նախապատրաստենք միացեալ քայլ: Ժամկէտները պիտի յայտնենք, երբ լուծուին որոշ հարցեր», ըսած է ան` առանց յստակացնելու, թէ ի՛նչ քայլի մասին է խօսքը:

ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը նշէ, որ Հայաստանին արտածման վարկ տրամադրելու մասին համաձայնագիրը կնքուած է 24 հոկտեմբեր 2017-ին: Վարկը Հայաստանին կը տրամադրուի 15 տարուան ժամկէտով եւ տարեկան 3 առ հարիւրի տոկոսով: Ըստ համաձայնագիրին, Երեւան վարկային միջոցներէն պէտք է օգտուի 2018-2022 տարիներուն:

Հայաստան ՀԱՊԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարի Իր Թեկնածուն Ունի

Անդրադառնալով ՀԱՊԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի պաշտօնին շուրջ ստեղծուած կացութեան` Տօնոյեան յայտարարած է, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը ունի այդ պաշտօնին իր թեկնածուն եւ պատրաստ է շարունակելու ստանձնած լիազօրութիւններու կատարումը:

Նախարարի պաշտօնակատարը անդրադարձած է նաեւ հայ-ռուսական դաշնակցային յարաբերութիւններուն` նշելով, որ Հայաստան մեծապէս կարեւոր կը նկատէ Ռուսիոյ հետ զինուորական եւ սպառազինական համագործակցութիւնը:

Խօսելով Արցախ-Ազրպէյճան հակամարտ զօրքերու շփման գիծին մէջ եւ Հայաստան-Ազրպէյճան սահմանին վրայ տիրող իրավիճակին մասին` Դաւիթ Տօնոյեան նշած է, որ վերջին շրջանին Ազրպէյճանի կողմէ զինադադարի խախտումներու քանակը նուազած է:

Պաշտպանութեան նախարարը նաեւ անդրադարձած է կողմերուն միջեւ ստեղծուած գործնական կապին` նշելով, որ մինչ այդ Ազրպէյճանի հետ Հայաստանի կապը կը գործէր միայն Միջազգային կարմիր խաչի եւ ԵԱՀԿ-ի ծիրին մէջ, եւ որ նոր հաստատուած կապը կրնայ նպաստել սահմանային լարուածութեան եւ զինադուլի խախտումներու թիւի նուազեցման:

Ան խօսած է նաեւ Սուրիոյ ցուցաբերուող մարդասիրական օժանդակութեան մասին` շեշտելով, որ Հայաստան պիտի շարունակէ աջակցութիւն ցուցաբերել տագնապէն վնասուած բնակավայրերուն եւ Սուրիոյ հայ համայնքին:

 

 

 

Նախորդը

Ժահիլիայի Մէջ. Ուիամ Ուահապի Վիրաւորանքները Յանգեցուցին Զինեալ Միջադէպի` Պատճառելով Մոհամետ Ապու Տիապի Սպանութիւնը

Յաջորդը

Արթուր Խաչատրեան. «Խօսքը Հասցնելը Դժուար Է, Բայց Ոչ Անկարելի»

RelatedPosts

Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր  Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ  Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»
Գլխաւոր լուրեր

Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»

September 15, 2026
Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Կը Յուսանք,  Որ «Իրական» Հայաստանէն Մասեր  Շուշիի Ճակատագիրին Չենթարկուին»
Գլխաւոր լուրեր

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Կը Յուսանք, Որ «Իրական» Հայաստանէն Մասեր Շուշիի Ճակատագիրին Չենթարկուին»

September 15, 2026
Կրոնօ. «Ղարաբաղի` Նախապէս Հակամարտութենէն  Տուժած Շրջաններուն Մէջ Հայկական  Հարուստ Հետքը Չեմ Վիճարկեր»
Հայկական

Կրոնօ. «Ղարաբաղի` Նախապէս Հակամարտութենէն Տուժած Շրջաններուն Մէջ Հայկական Հարուստ Հետքը Չեմ Վիճարկեր»

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.