Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ժահիլիայի Մէջ. Ուիամ Ուահապի Վիրաւորանքները Յանգեցուցին Զինեալ Միջադէպի` Պատճառելով Մոհամետ Ապու Տիապի Սպանութիւնը

December 3, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լեռնալիբանանի շաբաթավերջը եղաւ փոթորկոտ, երբ շաբաթ երեկոյեան Ներքին ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքէն զինուորներու շքախումբ մը ուղղուեցաւ Ժահիլիա գիւղաքաղաքը`

Թաուհիտ հոսանքի նախագահ, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապին իմացնելու, թէ հարցաքննութեան պէտք է ներկայանայ: Սակայն Ուահապի բնակարանի մուտքին տեղի ունեցան զինեալ բախումներ Թաուհիտ հոսանքի զինեալներուն եւ տեղեկահաւաքի բաժանմունքի ուժերուն միջեւ:

Անցեալ շաբթուան ընթացքին արդէն իսկ Լեռնալիբանանի մէջ նշմարուեցան զինեալ երեւոյթներ, որոնք սպառնալիք նկատուեցան քաղաքացիական անվտանգութեան:

Տարածուեցան նաեւ տեղեկութիւններ, թէ Ուահապ արդէն իսկ տեղեկացուած էր, թէ ան պէտք է հարցաքննութեան ներկայանայ նախկին եւ ներկայ վարչապետներ Ռաֆիք եւ Սաատ Հարիրիներու նկատմամբ իր հնչեցուցած անձնական վիրաւորանքներուն պատճառով: Հետեւաբար, տեղեկահաւաքի բաժանմունքը Ժահիլիա ուղղուած էր եւ Ուիամ Ուահապի բնակարանը շրջափակած` ձերբակալելու համար զայն:

Սակայն նկատի ունենալով, որ Ուահապ իր բնակարանը չէր գտնուեր, ներքին ապահովութեան ուժերը Ժահիլիայի թաղապետէն խնդրեցին Ուահապը տեղեակ պահել ընդհանուր դատախազ Սամիր Համմուտի յղած հարցաքննութեան ներկայանալու գիրին մասին:

Ժահիլիայի մէջ արձանագրուած զինեալ բախումներէն անմիջապէս ետք Ուահապ հանդէս եկաւ յայտարարութեամբ մը, որուն մէջ խստիւ դատապարտեց Սամիր Համմուտի գիրը փոխանցելու ձեւը:

Ան Թաուհիտ հոսանքին անդամներուն յղեց ձայնային արձանագրութիւն մը, թէ ներքին ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքը մարդոց բնակարաններուն դէմ ոտնձգութիւն կը կատարէ:

Ուահապ վարչապետ Հարիրին, Սամիր Համմուտը եւ Ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Իմատ Օսմանը ամբաստանեց զինք մահափորձի ենթարկելու եւ արիւնահեղութիւն կատարելու յանցանքով, ինչպէս նաեւ զանոնք պատասխանատու նկատեց թափած իւրաքանչիւր արեան կաթիլին համար` նկատի ունենալով, որ իր թիկնապահներէն Մոհամետ Ապու Տիապ զինեալ բախումներուն ընթացքին վիրաւորուած էր:

Ուահապ նշեց, որ ընդհանուր դատախազ Սամիր Համմուտ չի գիտեր, թէ ի՛նչ կը կատարէ:

Ան ըսաւ նաեւ, որ ինք նախկին վարչապետին հասցէին լուտանքներ չէ արձակած եւ վիտէոյի սպրդած գիշերն իսկ ներում հայցած է այդ արտայայտութիւններուն համար:

«Ոչ ոքի հովանիին տակ կը գտնուիմ: Հըզպալլան մեզի դաշնակից ուժ է եւ Ժահիլիայի մէջ արձանագրուած պատահարին մասին ան իր կեցուածքը վարչապետ Հարիրիի փոխանցած է», ըսաւ ան:

Ան աւելցուց նաեւ, որ Մուխթարայի արժանապատուութիւնը իր արժանապատուութիւնն է:

Նշենք, որ Հարիրիին յայտնուած Հըզպալլայի կեցուածքին մասին ըսուեցաւ, թէ Հըզպալլա նշած է, թէ Ժահիլիայի մէջ արձանագրուածը դէպի քաղաքացիական պատերազմի կ՛առաջնորդէ:

Սակայն Մուսթաքպալ հոսանքի տեղեկատուական գրասենեակը անմիջապէս հերքեց Հըզպալլային վերագրուած վերոնշեալ արտայայտութիւնը:

Մինչ Ուահապ այս յայտարարութիւնները կը կատարէր, տիւրզի համայնքի հոգեւոր պետ շէյխ Նայիմ Հասան կոչ ուղղեց հանդարտելու, իմաստութեամբ շարժելու, միասնական ըլլալու եւ պետութեան կառչած մնալու:

Միւս կողմէ, Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ ուղղուեցաւ վարչապետ Հարիրիի Կեդրոնական Պէյրութի բնակարանը:

Հարիրիի հետ հանդիպումէն ետք Ժոմպլաթ յայտնեց, որ կարեւորը քաղաքացիական անվտանգութիւնն է:

«Մենք պետութեան հետ ենք եւ եղած ենք մեր պատմական բոլոր պահանջներուն մէջ:  Հետեւաբար քաղաքացիական անվտանգութիւնը երաշխաւորող ապահովական որեւէ միջոցառումի կը զօրակցինք, իսկ տիւրզի համայնքին արժանապատուութեան ոչ մէկ վտանգ կը սպառնայ: Կը զօրակցինք որեւէ քայլի, որ կ՛որդեգրուի քաղաքացիական անվտանգութեան սպառնացող ոեւէ անհատի դէմ», ըսաւ Ժոմպլաթ:

Ժոմպլաթի այս յայտարարութիւններուն պատասխանելով` Ուահապ ըսաւ, որ Ժահիլիայի մէջ արձանագրուած դէպքը Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի մօտ կը գտնուի` աւելցնելով, որ Ժոմպլաթ սադրանքներ կը հրահրէ, «սակայն ան լաւ պէտք է իմանայ, որ ես Ուալիտ Ժոմպլաթը չեմ, որ տիւրզիներուն արժանապատուութիւնը չէքերով կը վաճառէ, ընդհակառակն` եթէ Մուխթարան սպառնալիքի տակ ըլլայ, ապա ես զէնքս կ՛առնեմ ու կը բարձրանամ զայն պաշտպանելու», ըսաւ ան:

Իր կարգին, ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք յայտնեց, որ լիբանանեան պետութեան եւ Ներքին ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքին դիմաց կարմիր գիծ չկայ` աւելցնելով, որ իրաւարարը դատական իշխանութիւնն է:

Ան նշեց, որ նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրի Լիբանանի արցունքն է եւ փառաւոր պատմութիւնը` հաստատելով, որ տեղեկահաւաքի բաժանմունքի ուժերը ամբողջ Լիբանանը կը ներկայացնեն:

Շուրջ երեք ժամ տեւած այս փոթորիկէն ետք Ժահիլիայի մէջ տիրեց զգուշաւոր լռութիւն, իսկ կէս գիշերէն առաջ Թաուհիտ հոսանքի ղեկավարը գուժեց իր վիրաւոր համախոհին` Մոհամետ Ապու Տիապի մահը:

Ուահապ նշեց, որ Ապու Տիապին կեանքը խլեց օրինականութեան դաւաճան ձեռքը, որ Իմատ Օսման կը կոչուի, ենթարկուելով Սաատ Հարիրիի եւ Սամիր Համմուտի ուղղակի հրահանգներուն:

«Մոհամետ Ապու Տիապ այն հերոսն է, որ իր արեամբ պաշտպանեց մեր եւ Լեռնալիբանանի արժանապատուութիւնը: Մոհամետ Ապու Տիապի արիւնը սուղ է, եւ անոր իւրաքանչիւր կաթիլին գինը սուղ պիտի վճարէք», ըսաւ ան:

Երէկ կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին, Ժահիլիայի մէջ կատարուեցաւ Մոհամետ Ապու Տիապի յուղարկաւորութիւնը, որուն ընթացքին Ուահապ շեշտեց, որ Ապու Տիապի թափած արիւնը ամօթի կնիք մը պիտի ըլլայ զինուորական այս գործողութեան քաղաքական որոշումը տուող պատասխանատուի ճակատին:

Ուահապ հաստատեց, որ Լեռնալիբանանը կարմիր գիծ է` աւելցնելով, որ իրենք կը գտնուին պետութեան իշխանութեան ներքեւ եւ ամէն բան օրէնքով` անկողմնակալ օրէնքով պիտի կատարեն:

Ան կոչ ուղղեց բոլորին հանդարտ մնալու եւ ոչ իսկ մէկ փամփուշտ կրակելու յուղարկաւորութեան ընթացքին` հաստատելով, որ Ժահիլիայի մուտքին պիտի կանգնեցուի Մոհամետ Ապու Տիապի արձանը, որովհետեւ ան զոհուեցաւ ի խնդիր տիւրզի համայնքին:

Նշենք, որ նախքան Ապու Տիապի յուղարկաւորութիւնը, Ուահապ վարչապետ Հարիրին, դատախազ Համմուտը եւ հազարապետ-զօրավար Իմատ Օսմանը ամբաստանեց զինք մահափորձի ենթարկելու յանցանքով եւ ընդգծեց, որ այսօր իսկ ինք անոնց դէմ բողոք պիտի ներկայացնէ:

Ուահապ շեշտեց, որ Մոհամետ Ապու Տիապի ստացած փամփուշտը «Էմ.16»-ի կամ «Էմ. 4»-ի փամփուշտ է, այսինքն` ներքին ապահովութեան ուժերուն կրած զէնքին յատուկ փամփուշտ:

«Մոհամետ Ապու Տիապի սպանութեան յանցանքը Հարիրիի, Համմուտի եւ Օսմանի վիզին է», եզրափակեց ան:

Միւս կողմէ, արձանագրուեցաւ նաեւ այն վարկածը, որ ներքին ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքը Ժահիլիայի մէջ կրակ չէ բացած, եւ կրակողները եղած են Թաուհիտ հոսանքի զինեալները:

Հետեւաբար նոյն աղբիւրները նշեցին, որ Մոհամետ Ապու Տիապ իր ընկերներուն փամփուշտով կրնայ զոհուած ըլլալ:

Արդարութեան նախարար Սելիմ Ժրայսաթի հաստատեց, որ Շուֆի դէպքերուն շուրջ լայն հետաքննութիւն պիտի բացուի` հաստատելով, որ ինչպէս ամէն օրէնքի պետութիւն` դատական իշխանութիւնները ոչ ոք պիտի բացառեն այդ հետաքննութեան ընթացքին:

Նուհատ Մաշնուք իր կարգին ընդգծեց, որ Մոհամետ Ապու Տիապի սպանութեան մասին բացուած հետաքննութիւնը պիտի ճշդէ պատասխանատուութիւնը` աւելցնելով, որ ինչ որ ալ ըլլայ, սադրանքներու մէջ պիտի չներքաշուին:

Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թալալ Արսլան թուիթըրեան գրառումով մը հեգնական ոճով շնորհաւորեց տեղեկահաւաքի բաժանմունքը Ժահիլիա անոնց ամօթալի այցելութեան եւ պժգալի թատրոնի ներկայացումին առիթով:

Արսլան շնորհաւորեց նաեւ Ժոմպլաթը, որ երկու չափ երկու կշիռի սկզբունքով գործադրուող օրէնքի կարգախօսին ներքեւ Լեռնալիբանանի գիւղաքաղաքները վտանգի կ՛ենթարկէ:

Արսլան դատապարտեց Լեռնալիբանանի մէջ սերմանուած բաժանումը եւ քաղաքական բառամթերքի մակարդակին արձանագրած անկումը:

Արսլան ցաւակցութիւն յայտնեց Մոհամետ Ապու Տիապի սպանութեան առիթով` յուսալով, որ դատական իշխանութիւնները կը բացայայտեն անոր սպանութեան ծալքերը` յարգելով ազատութիւնները, օրէնքն ու սահմանադրութիւնը:

 

Նախորդը

Հարիրի – Ռիաշի Հանդիպում

Յաջորդը

Տօնոյեան. «Երեւանը Եւ Մոսկուան Կը Մօտենան «Սու-30Սի.Էմ.»-ներու Մատակարարման Համաձայնագիրի Կնքման Եզրափակիչ Փուլին»

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.