Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ երեկոյեան Կեդրոնական Պէյրութի իր բնակարանին մէջ ընդունեց տեղեկատուութեան նախարար Մըլհեմ Ռիաշին` ներկայութեամբ մշակոյթի նախարար Ղաթթաս Խուրիի:
Ռիաշի, որ վարչապետին մօտ գործուղուած էր Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի կողմէ, նշեց, որ վարչապետին փոխանցած է Ժահժահէն պատգամ մը, որ կ՛ըսէ հետեւեալը. «Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնը կը զօրակցի Լիբանանի կայունութեան եւ կը մաղթէ, որ բոլորը օրէնքի յարկին տակ գործեն»:



