ՅԱԿՈԲ ՀԱՒԱԹԵԱՆ
Ուրբաթ, 7 դեկտեմբերին, ժողովրդային տօնակատարութեամբ պիտի նշենք ՀՅ Դաշնակցութեան 128-ամեակը, իսկ կիրակի, 9 դեկտեմբերին, Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատան ՀՅԴ պանթէոնին դիմաց պիտի յարգենք դաշնակցական նահատակներուն եւ նուիրեալներուն յիշատակը, վերանորոգենք մեր ուխտը եւ ներկայ գտնուինք հոգեհանգստեան արարողութեան:
ՀՅ Դաշնակցութեան օրուան նշումը հանդէս եւ գեղարուեստական ներկայացում չէ, ո՛չ ալ Դաշնակցութեան կատարած գործը գնահատելու ու դաշնակցականը մեծարելու տօն: Ան խորունկ պատգամ եւ իմաստ պարփակող եզակի առիթ մըն է, երբ Դաշնակցութիւնը կը կատարէ իր գործունէութեան տարեկան հաշուետուութիւնը իր ժողովուրդին դիմաց, կը յստակացնէ մեր ազգային ու հաւաքական մարտահրաւէրները եւ անոնց լուծման ու դիմակայման համար իր պատկերացումները եւ կազմած ծրագիրները կը կիսէ ի՛ր ժողովուրդին հետ:
Կը նշենք ՀՅ Դաշնակցութեան 128-ամեակը հայութեան ու Հայաստանի համար բախտորոշ մէկ փուլի նախօրեակին: 9 դեկտեմբերին տեղի կ՛ունենան Հայաստանի Ազգային ժողովի կանխահաս ընտրութիւնները, եւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը կը մասնակցի այս ընտրութիւններուն իր առանձին ցուցակով ու «Հաւատարիմ հողին ու հային» նշանաբանով կը ներկայանայ ժողովուրդին: ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինին եւ կազմակերպութեան իրենց զօրակցութիւնը յայտնած են մեր համահայկական կառոյցի բոլոր շրջանները, եւ այս ծիրին մէջ, ինչպէս մի՛շտ, այս պարագային եւս Դաշնակցութեան Լիբանանի կառոյցը իր բոլոր կարելիութիւնները եւ զօրակցութիւնը ի սպաս դրած է հայրենի կազմակերպութեան` այս կարեւոր աշխատանքին ու առաքելութեան յաջողութեան համար:
Կը նշենք Դաշնակցութեան 128-ամեակը եզրափակելով կարեւոր տարի մը, որուն ընթացքին նշեցինք Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրութեան 100-ամեակը: 100-ամեակը ստացաւ համահայկական արժեւորում, եւ վերջապէս Արամ Մանուկեանի արձանը կանգնեցաւ քաղաքամայր Երեւանի կարեւոր մէկ դիրքին վրայ, ոչ շատ հեռու այն դիրքէն, ուրկէ հնչած էր Արամի` Երեւանը բոլոր միջոցներով չդատարկելու պատմական որոշումը: Անշուշտ տակաւին արդարօրէն ակնկալելի է, որ Հայաստանի Հանրապետութեան կերտումին մէջ ՀՅ Դաշնակցութեան ունեցած վճռական դերակատարութիւնը իր ամբողջական ու վաւերական գնահատանքը գտնէ հայրենիքի մէջ:
Այս նշանակալից թուականի կողքին Դաշնակցութեան երկու ուղեկից կազմակերպութիւնները նշեցին նաեւ իրենց հիմնադրութեան տարեդարձները: ՀՄԸՄ-ի մեծ ընտանիքը փառահեղ հանդիսութիւններով եւ նախաձեռնութիւններով հայրենիքի ու գաղութներուն մէջ նշեց իր հիմնադրութեան 100-ամեակը, եւ այդ հանդիսութիւնները տակաւին իրենց լրումին չեն հասած: Իսկ Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութիւնը նոյնպէս արժանավայել կերպով նշեց իր հիմնադրութեան 90-ամեակը` դարձեալ անոր մեկնարկը կատարելով հայրենիքէն:
Գաղութային մակարդակի վրայ մայիսին տեղի ունեցան Լիբանանի երեսփոխանական ընտրութիւնները, եւ Դաշնակցութիւնը, ժողովուրդին անվերապահ նեցուկով, քաղաքական-ընտրական ու կազմակերպական ծաւալուն աշխատանքով, ճիգ չխնայեց հայ համայնքի իրաւունքներու պաշտպանութեան համար, եւ այդ աշխատանքը արդիւնաւորուեցաւ ու յաջողութեամբ աւարտեցաւ: Հակառակ առկայ բազմաթիւ դժուարութիւններուն, մենք հաւաքաբար պատուով ու յաղթանակով դուրս եկանք երեսփոխանական ընտրութիւններէն: Ընտրութիւններու արդիւնքին լոյսին տակ ստեղծուած ուժերու նոր հաւասարակշռութիւնը, վերջին շրջանին կառավարութեան կազմութեան գծով ստեղծուած նոր թնճուկը, քաղաքական անկայունութիւնը եւ տնտեսական ճգնաժամը կը փոթորկեցնեն համայնքային կեանքն ու կը ստեղծեն շփոթ, մտահոգութիւն եւ տեղ մը նաե՛ւ յուսալքութիւն: Այս բոլոր դժուարութիւնները կ՛անդրադառնան նաեւ մեր հաւաքական կեանքի բոլոր բնագաւառներուն եւ կառոյցներու գործունէութեան: Այսուհանդերձ, գաղութային կեանքը կը շարունակէ պահել իր կենսունակութիւնը:
Վերջապէս, տարին յատկանշուեցաւ նաեւ հայրենիքին մէջ թէ դուրս ծաւալած հակադաշնակցական նոր տեսակի պայքարով եւ այդ պայքարը կը շարունակուի: Օգտագործելով արդի արհեստագիտական մեթոտները, ընկերային ցանցերը եւ ընդհանրապէս մամուլը, մենք, դարձեա՛լ, ականատես ու ականջալուր դարձանք Դաշնակցութիւնը վարկաբեկելու, անոր կատարած գործը նսեմացնելու եւ մանաւանդ անոր մէկութիւնը խնդրոյ առարկայ դարձնելու հնամենի ու հնամաշ փորձերու, որոնք սակայն ստացան նոյն հատու ու վճռական պատասխանը, եւ անգամ մը եւս պայքարը շղթայազերծողները դարձան յուսախաբ:
Այս բոլոր հիմնախնդիրներուն հետ առնչուելու ու միասնաբար անոնց մասին խորհրդածելու առիթ է Դաշնակցութեան օրը: Ժողովուրդին հաշուետու զգալու եւ իբրեւ այդպիսին անկեղծօրէն ներկայանալու դաշնակցական այս աւանդը մի՛շտ ալ հարստացուցած է Դաշնակցութեան գործն ու խօսքը եւ ընդարձակած անոր աշխատանքն ու պայքարը: Հետեւաբար, 7 դեկտեմբերին հանդիպումը նորէ՛ն պիտի ծառայէ միեւնոյն նպատակին, որպէսզի աւելի ծաւալի դաշնակցական գործը` ի խնդիր մեր ազգային հաւաքական իտէալներու իրականացման:
Այո՛, մենք դարձեալ միասին ենք` ժողովուրդին հետ եւ ժողովուրդին համար:



