
Այսօր` շաբաթ, 24 նոյեմբերին, Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Աքրամ Հալապի կը մեկնի Հարաւային Քորէա` իր ներկայութեամբ զօրակցութիւն յայտնելու համար Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց ազգային խումբին, որ հինգշաբթի, 29 նոյեմբերին մրցում մը ունի կատարելիք դաշտին տիրոջ դէմ, աշխարհի պասքեթպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ:
Ան մօտէն պիտի հետեւի ազգային խումբին կատարած փորձերուն, որպէսզի Լիբանան փորձէ իր ամէն կարելին ընել` չորրորդ անգամ ըլլալով մասնակցելու աշխարհի ախոյեանութեան:
Ստորեւ ազգային խումբին մարզիչին` սլովենիացի Սլոպոտան Սուպոթիչի կողմէ նկատի առնուած մարզիկներուն անունները.
Ժան Ապտելնուր (խմբապետ), Ռոտրիկ Աքըլ, Ամիր Սէուտ, Ժատ Խալիլ, Ալի Մըզհեր, Ահմետ Իպրահիմ, Պասել Պաուժի, Էլի Ռըսթոմ, Շարլ Թապեթ, Տանիել Ֆարես, Ալի Հայտար եւ Աթեր Մաճոք:
Սուպոթիչի օգնականներն են` Մարուան Խալիլ եւ Մարուան Տիապ:
Նախքան պատուիրակութեան Լիբանանէն մեկնումը, Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ ազգային խումբին յաջողութիւն մաղթեց Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի ընդհանուր քարտուղար Թոնի Խալիլ:
 
			


