Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պարսելոնայի Մէջ. Հայկազեան Համալսարանի Տղոց Ֆութսալի Խումբը Ձեռք Ձգեց Միջազգային Մեծ Փորձառութիւն

November 24, 2018
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ինչպէս ծանօթ է, նախորդ շաբաթ Հայկազեան համալսարանի տղոց ֆութսալի կազմը իր մասնակցութիւնը բերաւ Պարսելոնայի մէջ (Սպանիա) տեղի ունեցած միջհամալսարանական 2018-ի աշխարհի 4-րդ ախոյեանութեան:

Այդ ախոյեանութեան կիրարկուած բազմատեսակ մարզաձեւերուն իրենց մասնակցութիւնը բերին 28 երկիրներէ եկած աւելի քան 2500 երկսեռ ուսանողներ:

Մրցակցութիւնը, մանաւանդ ֆութսալի խաղերուն, եղաւ բաւական սուր: Այդ խաղերուն եւրոպական շարք մը համալսարաններու կազմեր բաւական զօրաւոր խումբերով ելոյթ ունենալով արձանագրեցին բացառիկ արդիւնքներ:

Հայկազեանի ֆութսալի կազմը կատարեց երեք մրցում, յաջորդաբար Սերպիոյ, Ֆրանսայի եւ Չեխիոյ դէմ եւ չկարենալով շրջանցել խմբակներու այս հանգրուանը, յաջորդ հանգրուանին չկրցաւ հասնիլ:

Սակայն պէտք է ըսել, որ թէեւ Հայկազեան համալսարանի խումբը մրցանակային որեւէ տեղ չկրցաւ գրաւել, սակայն կազմը ձեռք ձգեց միջազգային մեծ փորձառութիւն, մանաւանդ եթէ նկատի առնենք անոր մրցակիցներուն պատրաստուածութիւնը:

Յամենայն դէպս, կը քաջալերենք միջազգային այս ախոյեանութեան Հայկազեանի մասնակցութիւնը` անոր մաղթելով յաջողութիւն եւ ապագայի հաշուոյն նոր նուաճումներ:

Հայկազեանի պատուիրակութեան մաս կազմեցին` Սեւակ Տեմիրճեան (պատուիրակութեան նախագահ), Սարգիս Ապաճեան (մարզիչ), Ճոնի Գոնճեան (օգնական մարզիչ), Կերի Լեփեճեան, Քրիստ Բրուտեան, Ալպերթ Կէօքէօզեան, Կարօ Տէր Պօղոսեան, Ճորճ Յակոբեան, Յակոբ Փամպուքեան, Ժատ Պահլաուան եւ Մոհամետ Պատրէտտին:

 

Նախորդը

ՀՄԸՄ-ԼԵՎԱՄ. Վաղը` Ճատրակի Մրցումները

Յաջորդը

Միշել Ապու Ապտօ Այսօր Կու Տայ Մամլոյ Ասուլիս Մը

RelatedPosts

Քրիսթիանօ Ռոնալտօ Ընտրուեցաւ Լաւագոյնը
Մարզական

Քրիսթիանօ Ռոնալտօ Ընտրուեցաւ Լաւագոյնը

October 31, 2026
Եւրոպական Ֆութպոլ.  Այսօր` Պայերն Միւնիխ – Տորթմունտ Վաղը` Լիվըրփուլ – Արսենալ
Մարզական

Եւրոպական Ֆութպոլ. Այսօր` Պայերն Միւնիխ – Տորթմունտ Վաղը` Լիվըրփուլ – Արսենալ

October 31, 2026
2800 Եւրօ Եւ 41 Վայրկեան` «Քլասիքօ»…
Մարզական

2800 Եւրօ Եւ 41 Վայրկեան` «Քլասիքօ»…

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.