Կիրակի, 18 նոյեմբերին, առաւօտեան ժամը 8:00-ին, Ռաս Պէյրութի շրջանին մէջ գտնուող լիբանանեան բանակի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ Լիբանանի 2018-ի թրիաթլոնի բաց ախոյեանութիւնը:
Ընդհանուր դասաւորման մէջ տղոց ախոյեան հանդիսացաւ լիբանանեան բանակէն Ալի Զըղպի, իսկ աղջկանց պարագային` Լինտզի Նատեր:
Այս մրցումին հովանաւորութիւնը ստանձնած էր լիբանանեան բանակի հրամանատարի ներկայացուցիչը գնդապետ-զօրավար Ուսթա, որ նաեւ տիտղոսներն ու մետալները յանձնեց:
Աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը ձեռամբ գնդապետ-զօրավար Ուսթայի, Լիբանանի թրիաթլոնի ֆետերասիոնի նախագահ Մահմուտ Տիպի, ֆետերասիոնի գանձապահ Պետիկ Լոճիկեանի եւ անդամ Սեմ Մեժիտի:
Մահմուտ Տիպ շնորհակալութիւն յայտնեց բանակի հրամանատարին` այս մրցաշարքը քաջալերելուն համար: Շնորհակալութիւն յայտնուեցաւ նաեւ մրցաշարքի մասնակիցներուն:



