Լոս Անճելըսի մէջ տեղի ունեցած «Թելեթոն 2018»-ի ընթացքին «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամին նուիրաբերուեցաւ 11.109.633 տոլար:
Այս տարուան «Արարենք միասին» խորագիրով թելեթոնին միջոցներով պիտի շարունակուին Արցախի մէջ իրագործուող երկու կարեւոր ծրագիրներ, որոնք սկսած էին նախորդ տարուան` «Բերքառատ Արցախ» խորագիրով թելեթոնին միջոցներով, առաջինը խորքային հորերու հորատման եւ կաթիլային համակարգի կառուցման ծրագիրն է, իսկ երկրորդը Արցախի մէջ արեւային ուժանիւթի կիրարկումն է: Բացի Արցախի մէջ իրականացուելիք ծրագիրներէն, «Թելեթոն 2018»-ին նուիրաբերուած գումարները պիտի ուղղուին Հայաստանի համայնքային ենթակառուցուածքներուն, որոնք պիտի խթանեն աշխատատեղերու ստեղծումը:



