Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արմէն Ռուստամեան. «Արտաքին Քաղաքականութիւնը Շատ Նուրբ Արուեստ Է, Այդտեղ Ամէն Մէկ Խօսք Պէտք Է Ձեւել-Չափել»

November 20, 2018
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արտաքին քաղաքականութիւնը շատ նուրբ արուեստ է, եւ այդտեղ ամէն մէկ խօսք պէտք է ձեւել-չափել. Ազգային ժողովի ճեպազրոյցներու ժամուն երէկ յայտարարեց Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեանը` անդրադառնալով ՀԱՊԿ-ի շուրջ ստեղծուած իրավիճակին:

Անդրադառնալով այն դիտարկումին, թէ տեսակէտ կայ, որ հին բռնատէրները իրենց փակ ակումբին մէջ չեն հանդուրժեր նոր մարդու` Փաշինեանի ներկայութիւնը, եւ պատասխանելով այն հարցումին, թէ կա՞յ հաւանականութիւն, որ Հայաստանը դուրս մնայ ՀԱՊԿ-էն, եւ Ազրպէյճանը անդամագրուի այդ կառոյցին, ան արձագանգեց. «Այսպիսի ձեւակերպումներէն կ՛ուզեմ, որ խուսափինք: Ի՞նչ կը նշանակէ` հին բռնատէրներ, արդէն կը վիրաւորենք մարդոց, որքան ալ մեր ներսը համոզումներ ունինք: Կարելի չէ նման կերպ արտայայտուիլ: Մարդիկ շատ դիւրին ու հանգիստ այդ ամէնուն պատասխան կու տան եւ ամբողջ աշխարհի առջեւ իրենց հեղինակութիւնը կը պահպանեն` անկախ անկէ, թէ ո՛վ իրենց ինչ կ՛անուանէ: Ի՞նչ իմաստ ունի, որ մենք մտնենք այդպիսի խօսակցութիւններու մէջ, մենք ատկէ պիտի շահի՞նք: Եթէ Հայաստանը փոխարինուի Ազրպէյճանով, մենք ատկէ պիտի շահի՞նք, ինչ է թէ սրտահովանքի խօսք մը ըսինք, անկէ ոգեւորուինք: Արտաքին քաղաքականութիւնը շատ նուրբ արուեստ է,  այդտեղ ամէն մէկ խօսք պէտք է ձեւել-չափել»:

Ռուստամեան միեւնոյն ժամանակ վստահ է, որ ՀԱՊԿ-ի կանոնադրութիւնը դիւրութեամբ կարելի չէ փոխել, որ Հայաստանը փոխարինուի այլ երկրով: Ըստ անոր, կարեւոր է, որ համաձայնութեան ոգին պահպանուի: «Մենք պէտք է բոլորը մղենք, որ համախոհութեան հասնելու ոգին չտուժէ, չվերանայ: Ասոր պէտք է ուղղել մեր ջանքերը: Չեմ կարծեր, որ  այստեղ կրնայ խնդիր յառաջանալ, Հայաստանը չեն կրնար շրջանցել, Հայաստանը իր տեղն ու դերը ունի», նշեց ան:

Ըստ Ռուստամեանի, Պիելոռուսիոյ եւ Ղազախստանի ղեկավարներու յայտարարութիւններն ալ կառուցողականութեան հետ խնդիր ունին եւ համագործակցութեան ոգիէն չեն բխիր, բայց մենք մեր հարցը պէտք է ձեւակերպենք այնպէս, որ խնդիրը չտեղափոխուի անձնական դաշտ: «Մենք մեր պահանջները պէտք է ներկայացնենք` ի շահ ՀԱՊԿ-ի համաձայնագիրի տրամաբանութեան, այդ ձեւաչափի նշանակութեան եւ այն նպատակներուն, որոնց պէտք է ծառայէ այդ կառոյցը: Հայաստանը` իր ըսելիքով եւ իր մօտեցումներով, շատ ճիշդ է, ունի հիմքեր, բայց այդ հիմքերը ներկայացնելու տեղը կայ: Պէտք  չէ առիթ տալ, որ հարցը տեղափոխուի անձնական դաշտ եւ ատով աւելի բարդանայ աւելի կարեւոր խնդիրի լուծումը», կարծիք յայտնեց Ռուստամեան:

«Միանշանակ է, որ թէ՛ Պիելոռուսիոյ, թէ՛ Ղազախստանի ղեկավարներու յայտարարութիւնները չեն բխիր կառուցողական ոգիէն եւ համագործակցութեան տրամաբանութենէն, որ ՀԱՊԿ-ի գործընկերութեան մէջ առկայ է», ըսաւ ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան:

Ըստ անոր, մինչեւ որ զգայուն հարցերը հաւանականութիւնը չհամադրուին ներսը, չեն հրապարակուիր: «Ասով, չեմ կարծեր, որ կ՛օգնեն հետագայ համագործակցութեան ձեռք բերման: Նման հարցերը պէտք է լուծուին համախոհութեամբ, եւ ատոր հաւանականութիւնը պէտք է պահպանուի: Միւս կողմէ ալ մեր խնդիրները մենք այնպէս պէտք է ձեւակերպենք, որ լրացուցիչ խնդիրներ չյառաջացնեն», ըսաւ ան:

Ռուստամեանը, խօսելով Հայաստանի Հանրապետութեան` ՀԱՊԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի տեղը պահելու ցանկութեան մասին, նկատել տուաւ, որ մինչ այդ պէտք է հասկնային, որ կար բաց կանոնադրութեան մէջ: «Մինչեւ Խաչատուրովը ետ կանչելը պէտք էր նախապատրաստուիլ, ինչ որ  չենք ըրած, ոչ թէ փաստէն յետոյ փորձած խնդիրները լուծել», շեշտեց ան:

ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավարը ընդգծեց, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը այնքան հմուտ պէտք է ըլլայ, որ ՀԱՊԿ-ի նշանակութիւնը չանտեսուի:

Բացի ասկէ, ըստ անոր, մեր գոյութիւնն ալ այդ կառոյցին մէջ հարուածի տակ դնելը սխալ ճամբայ կ՛ըլլայ:

 

Նախորդը

Բակօ Սահակեան Լոս Անճելըսի Մէջ Հանդիպած Է Հայ Օգնութեան Միութեան Անդամներուն Հետ

Յաջորդը

Փաշինեանը` Ի Պատասխան Պիելոռուսիոյ. «Այնպիսի Յարաբերութիւններ, Որոնց Իրենք Սովոր Են, Հայաստանի Հետ Պիտի Չըլլան»

RelatedPosts

Խմբագրական.   Նոր Ռազմավարութիւն` Ազրպէյճանի  Մշակութային Ցեղասպանութեան Դէմ
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Նոր Ռազմավարութիւն` Ազրպէյճանի Մշակութային Ցեղասպանութեան Դէմ

September 15, 2026
Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր  Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ  Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»
Գլխաւոր լուրեր

Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»

September 15, 2026
Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Կը Յուսանք,  Որ «Իրական» Հայաստանէն Մասեր  Շուշիի Ճակատագիրին Չենթարկուին»
Գլխաւոր լուրեր

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Կը Յուսանք, Որ «Իրական» Հայաստանէն Մասեր Շուշիի Ճակատագիրին Չենթարկուին»

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.