«Նախկին իշխանութիւններուն օրով Դաշնակցութիւնը հազարաւոր երիտասարդներու հետ մասնակցեցաւ «Դէմ եմ» շարժման ցոյցերուն` ուղղուած պարտադիր կուտակային կենսաթոշակային համակարգին դէմ: ՀՅԴ-ն նոյնիսկ Սահմանադրական դատարանին մէջ այդ բողոքը վիճարկեց, իսկ հետագային նոր իշխանութիւնը, որ նոյնպէս դէմ էր այդ համակարգին, անորոշ ժամանակով կրկին հաստատեց պարտադիր կուտակային համակարգը»: Այս հաստատումը կատարած է Հայաստանի տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախկին նախարար, ՀՅԴ-ի անդամ Արծուիկ Մինասեանը` պատասխանելով «այս հարցին մէջ Դաշնակցութիւնը զիջա՞ծ է իր դիրքերէն» հարցումին, որ ուղղուած էր «Երկիր Մետիա» պատկերասփիւռի կայանին նախաձեռնած «Հարցեր` դաշնակցականներին» հաղորդաշարին ընթացքին:
«Իբրեւ Դաշնակցութիւն եւ ընկերվարական հայեացքներով քաղաքական ուժ` մենք չէինք կրնար անտարբեր մնալ նման վատ եւ ոեւէ քաղաքացիի լաւ բան չխոստացող համակարգի նկատմամբ, ինչպէս է պարտադիր կուտակայինը», աւելցուցած է ան:
Անգամ մը եւս շնորհակալութիւն յայտնելով օրէնսդրական այդ փաթեթին դէմ բողոքող երիտասարդներուն` Մինասեան յիշեցուցած է Սահմանադրական դատարանին մէջ այդ հարցին մէջ իրենց ունեցած յաղթանակին մասին:
Անդրադառնալով այն երեւոյթին, որ օրուան իշխանութիւնները հետագային ամբողջութեամբ չգործադրեցին Սահմանադրական դատարանի որոշումները` Մինասեան յայտնած է, որ ամէնէն կարեւոր, սկզբունքային հարցերէն մէկը նաեւ այն էր, որ, որպէս սերունդներու համերաշխութիւն երաշխաւորող երկիր, պէտք է կարենանք ապահովել բոլոր սերունդներու համագործակցութիւնն ու համերաշխութիւնը:
Անոր համաձայն, մեր կենսաթոշակառուներուն պէտք է ապահովենք բարձր կամ բնական թոշակ, որպէսզի անոնք ունենան բարեկեցիկ ապրելու կարելիութիւն, իսկ եթէ այսօր այդ մէկուն երաշխիքը չտանք եւ համապատասխան քայլերու չդիմենք, 30 տարի ետք յանկարծ բան մը չի կրնար փոխուիլ:
Նիկոլ Փաշինեանի կառավարութեան կողմէ այս հարցի քննարկման անդրադառնալով` ան ըսած է. «Կ՛ուզեմ արձանագրել, որ առաջին անգամն էր, որ Հայաստանի կառավարութիւնը ընդունեց այս հարցին քննարկման ենթակայ ըլլալը: Ոեւէ մէկը չէ զիջած իր դիրքերը, մենք ընդամէնը կրցած ենք հասնիլ հոն, որ կառավարութիւնը, ի դէմս` վարչապետին, հրապարակաւ յայտարարեց, թէ ասիկա քննարկման ենթակայ հարց է, եւ մինչեւ վերջնական որոշում կայացնելը մենք պէտք է փորձենք մեղմել վճարում կատարողներուն բեռը: Սակայն կ՛ուզեմ նաեւ տեղեկացնել, որ մինչեւ իմ` կառավարութեան անդամի կարգավիճակի դադրեցումը, աշխատանքային բազմաթիւ քննարկումներ կատարուած են, նաեւ ճշդուած է հայեցակարգ, որուն մէջ մենք ցոյց կու տայինք պարտադիր կուտակայինի թերի, սխալ կողմերը, անոր ընկերային, իրաւական բացասական կողմերը: Կ՛առաջարկէինք, որ այս հայեցակարգը ընդունուի, որովհետեւ ծայրայեղ պարագային, եթէ անգամ կառավարութիւնը ի վիճակի չէ գնահատելու անոր վատ ըլլալը (հակառակ անոր որ նախարարներուն մէկ մասը անոր վատ ըլլալուն համոզուած էին), դնենք հանրաքուէի` թող հասարակութիւնը որոշէ»:
Մինասեանը նաեւ յոյս յայտնած է, որ ներկայիս կառավարութիւնը այս գաղափարէն չէ հրաժարած` նկատի ունենալով, որ վարչապետ Փաշինեան այն ժամանակ դիմումին տակ ստորագրած էր:
«Վստահ եմ` Դաշնակցութիւնը խորհրդարանին մէջ եւս պիտի հետապնդէ այս նպատակ, որպէսզի այս արատաւոր համակարգը հեռանայ, եւ մենք ունենանք կենսաթոշակային այնպիսի համակարգ մը, որ իւրաքանչիւր կենսաթոշակառու կարենայ վստահ ըլլալ, որ պետութիւնը իր ուսերուն առած է ապագային իր` բարեկեցիկ ապրելու հոգը», նշած է ան:



