Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մուրատ Փափազեան. «Դաշնակցութիւնը Անպաշտօն Եւ Լրջագոյն Դիւանագիտութիւն, Ուժ Է` Ի Նպաստ Հայ Ժողովուրդի»

November 16, 2018
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի մէջ Դաշնակցութեան դերի, ծրագրային եւ գաղափարական առաջնահերթութիւններու մասին «Երկիր» կայքը  զրուցած է ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Ֆրանսայի Հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի համանախագահ Մուրատ Փափազեանին հետ:

ՀԱՐՑՈՒՄ.- Իբրեւ սփիւռքի եւ Հայաստանի մէջ քաղաքական փորձ ունեցող կուսակցական`  ինչպէ՞ս կը գնահատէք Դաշնակցութեան դերը ապագայ Հայաստանի մէջ:

ՄՈՒՐԱՏ ՓԱՓԱԶԵԱՆ.- Դաշնակցութիւնը լաւագոյն ուժն է, որ կրնայ միաւորել Հայաստանն ու սփիւռքը` դէպի Հայաստանի հզօրացում: Դաշնակցութիւնն իր պատմութեան ամբողջ ընթացքին միշտ պաշտպանած է հայ ժողովուրդի շահերը: Երբ երկիրը խորհրդային բռնատիրութեան տակ էր, ըլլալով Հայաստանի անկախութեան զինուորը` Դաշնակցութիւնը միակ ուժն էր, որ կ՛երազէր հայ ժողովուրդի փայլուն ապագայի մասին: Դժբախտաբար ծայրայեղ հակադաշնակցական եւ աժանագին խորհրդային քարոզչութիւնը հասած է իր նպատակին: Ցաւօք, պէտք է ընդունիլ, որ մենք չենք յաջողած Հայաստանի ժողովուրդին ՀՅԴ-ի իրական պատկերը փոխանցելու հարցին մէջ, սակայն ուշ չէ:

Հ.- Ի՞նչ պէտք է ընել այդ ուղղութեամբ:

Մ. Փ.- Այսօր, երբ Հայաստանը դարձած է անկախ պետութիւն, եւ որպէս առաջնահերթութիւն` պէտք է բարձրացնել պետականութեան հզօրութիւնը, Դաշնակցութիւնը միասնականութեան պատգամ կը յղէ բոլորին: Միասնական ու պատասխանատու ուժը նշանակալի իմաստ ունի մեր ժողովուրդին համար, յատկապէս` այն պարագային, երբ անվտանգութեան լուրջ մտահոգութիւններ կան: Չկարծենք, որ Թուրքիան ու Ազրպէյճանը հրաժարած են իրենց պատերազմական ոճը գործադրել Հայաստանի, Արցախի եւ սփիւռքի դէմ:

Հ.- Ձեր կարծիքով, տեսանելի ապագային որո՞նք պէտք է ըլլան ՀՅԴ-ի ծրագրային եւ գաղափարական առաջնահերթութիւնները:

Մ. Փ.- Դաշնակցութիւնը, աշխարհի աւելի քան 30 երկիրներու մէջ իր ներկայութեամբ, Հայ դատի իր յանձնախումբերու եւ գրասենեակներու միջոցով, իր տասնեակ հազարաւոր աշխուժ անդամներով, հաւատարիմ երիտասարդական շարքերով, ազդեցիկ համակիրներով այն ուժն է, որուն կարիքը  ժողովուրդը ունի: Համահայկական բնոյթ ունեցող Դաշնակցութիւնը` իր ներքին փայլուն աղբիւրներով եւ արտաքին լայն լծակներով ու կապերով, անպաշտօն եւ լրջագոյն դիւանագիտութիւն, ուժ է` ի նպաստ հայ ժողովուրդին:

Այսօր, ժողովուրդի կամքի շնորհիւ, ժողովրդական շարժման շնորհիւ` նոր սկիզբ որդեգրուած է: Լիովին յարգելով ժողովուրդի` փոփոխութեան ուղղութեամբ յոյսերը, միասին վերանայինք Դաշնակցութեան մասին հին եւ սխալ գաղափարները: Հաւատանք նորին եւ ճիշդին` մէկ կողմ դնելով աղտոտ, օտար ուժերու կողմէ հին ժամանակներէն ՀՅԴ-ի դէմ տարուող  քաղաքականութիւնը: Յարգենք նոր սկիզբի գաղափարը` դեկտեմբեր 9-ին քուէարկելով ՀՅԴ-ի կողմէ առաջադրուած թեկնածուներու օգտին:

Նախորդը

Արսէն Համբարձումեան. «ՀՅԴ-ի Որոշումները Կը Բխին Միայն Ու Միայն Հայութեան Եւ Հայաստանի Շահերէն»

Յաջորդը

Ակնարկ. Հաշտեցումները` Քրիստոնէական Կղզիի Կայացման Ընդառաջ

RelatedPosts

Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի  Աջակցութիւնը Վայելող Թեկնածուները Համոզիչ  Յաղթանակներ Արձանագրեցին
Հայկական

Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի Աջակցութիւնը Վայելող Թեկնածուները Համոզիչ Յաղթանակներ Արձանագրեցին

November 6, 2026
Ընդդիմադիր Ուժերը Կը Յայտարարեն  Համազգային Համախմբման Ձեւաւորումը
Գլխաւոր լուրեր

Ընդդիմադիր Ուժերը Կը Յայտարարեն Համազգային Համախմբման Ձեւաւորումը

November 6, 2026
Ներկայացուցիչներու Տան Մէջ  Դեմոկրատականներու Ղեկավարը Կը Յայտարարէ.  «Պէտք Է Անմիջապէս Իրանի Հետ  Պատերազմէն Դուրս Գանք»
Գլխաւոր լուրեր

Ներկայացուցիչներու Տան Մէջ Դեմոկրատականներու Ղեկավարը Կը Յայտարարէ. «Պէտք Է Անմիջապէս Իրանի Հետ Պատերազմէն Դուրս Գանք»

November 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.