
Կիրակի, 11 նոյեմբեր 2018-ին տեղի ունեցած Պէյրութի միջազգային 16-րդ մարաթոնի ծիրին մէջ հազարաւոր վազողներ իրենց մասնակցութիւնը բերին յատուկ նպատակի համար կատարուած վազքի մրցումին. Վերջինին հասոյթը ամբողջութեամբ կը յատկացուի բարեսիրական տարբեր նպատակներու ծառայող հիմնադրամի մը, որ օգտակար կը դառնայ քաղցկեղէ տառապողներու, այլ հիւանդութիւններ ունեցող, հաշմանդամներու եւ նման պարագաներու:
21 քմ վազքի այս մրցումին մասնակցեցաւ նաեւ Ռոզի Չոպանեան, որ ուզեց օգտակար դառնալ վերոնշեալ նպատակներու իրականացման:
Նշենք, որ այս մրցումին մրցանակային որեւէ դիրքեր չեն տրուիր այս նպատակով մասնակցողներուն:
Կը շնորհաւորենք Ռոզի Չոպանեանի այս նուիրումը եւ ազնիւ կեցուածքը, որ 21 քմ-ը վազեց սիրայօժար կերպով:


