«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցած մրցումներուն Լոս Անճելըս Լէյքըրզ, արձանագրեց տարեշրջանի իր եօթներորդ յաղթանակը, երբ կէտի մը տարբերութեամբ` 107-106 արդիւնքով, պարտութեան մատնեց իր հիւրը` Աթալանթա Հոքսը, Լեպրոն Ճէյմս (Լէյքըրզ) նշանակեց 26 կէտ:
Հիուսթըն Ռոքեթց, որ հիւրընկալեց Ինտիանա Փէյսըրզին, արձանագրեց 115-103 արդիւնքով յաղթանակ մը: Յաղթական կազմին մարզիկներէն Ճէյմզ Հարտեն նշանակեց 40 կէտ:
Ցարդ տեղի ունեցած մրցումներէն ետք լաւագոյն կազմը կը հանդիսանայ Թորոնթօ Ռեփթըրզ (12 յաղթանակ, 1 պարտութիւն), որմէ ետք` Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ (11 յաղթանակ, 2 պարտութիւն):
Իսկ ցարդ ամէնէն տկար խումբը կը համարուի Քլիվլենտ Քաւալիրզ (1 յաղթանակ, 11 պարտութիւն):
Ստորեւ` երէկուան մրցումներուն արդիւնքները.
| Տիթրոյիթ Փիսթընզ – Շարլոթ Հորնեթց | 103-113 |
| Հիուսթըն Ռոքեթց – Ինտիանա Փէյսըրզ | 115-105 |
| Նիւ Եորք Նիքս – Օրլանտօ Մեճիք | 89-115 |
| Տենվըր Նակեթց – Միլուոքի Պաքս | 114-121 |
| Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ – Պոսթըն Սելթիքս | 100-94 |
| Լոս Անճելըս Լէյքըրզ – Աթլանթա Հոքս | 107-106 |
Ստորեւ` այսօրուան մրցումներուն յայտագիրը.
Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ – Օրլանտօ Մեճիք
Մայեմի Հիթ – Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզ
Թորոնթօ Ռեփթըրզ – Նիւ Օրլինզ
Շիքակօ Պուլզ – Տալաս Մավըրիքս
Մեմֆիս Կրիզլիզ – Եութա Ճեզ
Մինեսոթա Վուլվզ – Պրուքլին Նեթց
Օքլահոմա Սիթի – Ֆէոնիքս Սանզ
Սաքրամենթօ Քինկզ – Սան Անթոնիօ Սփըրզ
Լոս Անճելըս Քլիփըրզ – Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ



