Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նիկոլ Փաշինեան Մասնակցած Է «Փարիզի Խաղաղութեան Համաժողով»-ի Աշխատանքներուն

November 12, 2018
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Համաշխարհային Ա. պատերազմին կնքուած զինադադարի 100-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներու շրջագիծին մէջ  Հայաստանի վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան Փարիզի մէջ  մասնակցած է «Փարիզի խաղաղութեան համաժողով»-ի  աշխատանքներուն:

Ձեռնարկներուն մասնակցած է նաեւ Թուրքիոյ նախագահը:

Նախքան ձեռնարկները ֆրանսահայ կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդը  Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնին յղած էր նամակ մը, որուն մէջ իր դժգոհութիւնը յայտնած էր Էրտողանը  հրաւիրելու առիթով:

Կազմակերպութիւնը նշած էր` «անցեալի տխուր փորձառութիւններէն  դաս քաղելու փիլիսոփայութեամբ կազմակերպուող նման հաւաքի ոգիին հակադիր է Թուրքիոյ ներկայութիւնը, որ կը շարունակէ ուրանալ Թուրքիոյ մէջ մէկուկէս միլիոն հայերու կեանք խլած Ցեղասպանութիւնը, մանաւանդ որ անիկա կատարուած է Համաշխարհային Ա. պատերազմի  ընթացքին»:

Ձեռնարկներուն Թուրքիոյ նախագահին չհրաւիրելու պահանջով հանդէս եկած էին նաեւ շարք մը պատգամաւորներ, 65 անհատներ, որոնք միացեալ յայտարարութիւն մը տարածած էին, որ հրապարակուած էր Ֆրանսական «Լը Մոնտ» օրաթերթին մէջ:

Նիկոլ Փաշինեանը իր կնոջ` Աննա Յակոբեանի հետ հասած է Էլիզէի  պալատ, ուր զանոնք դիմաւորած են Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնը եւ Պրիժիթ Մաքրոնը: Այնուհետեւ Հայաստանի  վարչապետի պաշտօնակատարը Համաշխարհային Ա. պատերազմին կնքուած զինադադարի 100-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներուն մասնակցող պետութիւններու, կառավարութիւններու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու ղեկավարներուն հետ միասին ուղղուած է Փարիզի Շարլ Տը Կոլի հրապարակ, ուր տեղի ունեցած է հանդիսաւոր արարողութիւնը:

Նախորդը

Ռուզան Առաքելեան. «ՀՅԴ-ն Ընտրութիւններուն Պիտի Մասնակցի Առանձին, Առանց Դաշինքի»

Յաջորդը

«Քալչիօ». Եուվենթուս Կը Մնայ Անպարտելի

RelatedPosts

Ակնարկ.  Թեհրանի Ընտրած Պահը`  Շեշտակի Զգուշացնելու
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Թեհրանի Ընտրած Պահը` Շեշտակի Զգուշացնելու

November 7, 2026
Վելայաթի Կը Զգուշացնէ Հայաստանը
Գլխաւոր լուրեր

Վելայաթի Կը Զգուշացնէ Հայաստանը

November 7, 2026
Փանքին. «Հայաստան Յաջորդ Շաբաթ Կրնայ  Զրկուիլ ՀԱՊԿ-ի Մէջ Քուէարկելու Իրաւունքէն»
Հայկական

Փանքին. «Հայաստան Յաջորդ Շաբաթ Կրնայ Զրկուիլ ՀԱՊԿ-ի Մէջ Քուէարկելու Իրաւունքէն»

November 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.