Թուրքմենիստանի մայրաքաղաք Աշխապատի մէջ տեղի ունեցող ծանրաբարձութեան աշխարհի ախոյեանութեան, Սիմոն Մարտիրոսեան նուաճեց աշխարհի ախոյեանի կոչումը:
21 տարեկան հայրենի ծանրաբարձը, որ հանդէս եկաւ 109 քկ դասակարգին մէջ եւ արձանագրելով 195 քկ եւ 230 քկ, գրաւեց առաջին դիրքը:
Ան նաեւ աշխարհի մրցանիշ ալ հաստատեց 240 քկ բարձրացնելով եւ երկամարտի պայքարը աւարտեց 435 քիլոկրամով:



