Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նշմար. Յուսալքում Եւ Ընկրկում Բառերը Գոյութիւն Չունին ՀՄԸՄ-Ի Համար

November 10, 2018
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՐԴԻՎԱՌ ԳԱՍԱՊԵԱՆ

Բոլորս ալ տեղեակ ենք, որ այս տարեշրջանին ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը կ՛ապրի իր ամէնէն դժուար տարեշրջաններէն մէկը:

Յետադարձ ակնարկ մը նետելով, իւրաքանչիւր տարեշրջանի նախօրեակին կը լսէինք, որ այս տարեշրջանին խումբը բաւական լաւ ձեւով պատրաստուած է, փորձ-մրցումները ցոյց տուած են, որ խումբը իր ճիշդ հունին վրայ է, եւ յոյսերը մեծ են` վերստին Ա. դասակարգ բարձրանալու համար: Սակայն իւրաքանչիւր տարեշրջանի աւարտին խումբը դարձեալ կը մնար Բ. դասակարգ:

Սակայն այս տարեշրջանին խումբին վիճակը կը մնայ մտահոգիչ` նկատի առնելով, որ 7-րդ հանգրուանէն ետք ՀՄԸՄ կը գրաւէ դասաւորման 12-րդ եւ վերջին դիրքը:

Եօթը մրցումէ մէկ յաղթանակ ու մէկ հաւասարութիւն արձանագրած եւ հինգ պարտութիւն կրած խումբը, մեր ճանչցած ՀՄԸՄ-ը ասիկա չէ եւ չի ալ կրնար ըլլալ:

Լիբանանեան ֆութպոլի պատմութեան մէջ իր անունը ոսկեայ տառերով արձանագրած ՀՄԸՄ պէտք չէր հասնէր այն վիճակին, ուր կը գտնուի անիկա ներկայիս:

Բոլոր ՀՄԸՄ-ականներուս համար անհաւատալի կը թուի այս վտանգաւոր եւ մտահոգիչ պարզուած երեւոյթը, որուն արագ լուծում մը պէտք է ապահովուի, քանի տակաւին ուշ չէ եւ ախոյեանութիւնը իր կէս ճամբան չէ կտրած ու կարելիութիւնը կայ սրբագրելու սխալները, անշուշտ` եթէ գոյութիւն ունին անոնք:

Խումբին պարզած այս վիճակը յուսալքում եւ ընկրկում պէտք է յառաջացնէ ոեւէ մէկուն մօտ, որովհետեւ այդ բառերը գոյութիւն չունին ՀՄԸՄ-ի համար:

Անոնց փոխարէն, ՀՄԸՄ-ականները ունին պայքարի ոգի եւ յաղթանակ կերտելու կորով, որոնց շնորհիւ անկասկած կարելի կ՛ըլլայ յաջողութիւններու հասնիլ եւ նուաճումներ ձեռք ձգել:

Այս դժուար պահուն մենք բոլորս պէտք է ըլլանք ՀՄԸՄ-ի կողքին եւ նեցուկ կանգինք անոր:

Այնպէս ինչպէս առածը կ՛ըսէ` «ընկերդ յիշէ՛ անոր նեղութեան օրերուն», մեր պարտաւորութիւնն է այժմ ըլլալ ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբին կողքին քաջալերել մեր մարզիկները` ուղղուելով դաշտ, որպէսզի անոնք տեսնելով, որ խումբին համակիրները չեն լքած իրենց կազմը, քաջալերուին եւ արձանագրեն փայլուն արդիւնքներ:

Վստահաբար ոչ ոք կ՛ուզէ, որ իր սիրելի խումբը գտնուէր այս վիճակին մէջ:

Սակայն պատահածը երբեք պէտք չէ ազդէ մեր վրայ:

«Ձախորդ օրերը ձմրան նման կու գան ու կ՛երթան», եւ ՀՄԸՄ անպայմա՛ն կը գտնէ իր անցեալի փառքի օրերը:

 

 

Նախորդը

Ծանրաբարձութիւն. Սիմոն Մարտիրոսեան` Աշխարհի Ախոյեան Եւ Մրցանշակիր

Յաջորդը

Յայտարարութիւններ (10 Նոյեմբեր 2018)

RelatedPosts

Պասքեթպոլ.  Այսօր` Էն.Էս.Էյ.-ՀՄԸՄ
Մարզական

Պասքեթպոլ. Այսօր` Էն.Էս.Էյ.-ՀՄԸՄ

February 2, 2026
«Էմ.Էմ.Էյ.»  Հայ Մարտիկներ Յաղթանակներ Արձանագրեցին
Մարզական

«Էմ.Էմ.Էյ.» Հայ Մարտիկներ Յաղթանակներ Արձանագրեցին

February 2, 2026
Ֆութսալ.  Եուրոյի Գծով Հայաստանի Պատմական Մրցաշարքը Վերջ Գտաւ
Մարզական

Ֆութսալ. Եուրոյի Գծով Հայաստանի Պատմական Մրցաշարքը Վերջ Գտաւ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.