Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նիկոլ Փաշինեան. «Հայաստանի Մէջ Բռնապետութիւն Չի Կրնար Ըլլալ»

November 10, 2018
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Յեղափոխութիւնը տեղի ունեցած է ո՛չ միայն Հայաստանի մէջ, այլեւ  հայութեան, համազգային գիտակցութեան մէջ, որուն ամէնէն կարեւոր արդիւնքը պէտք է ըլլայ ազգային ներուժի օգտագործումը, որպէսզի միասին հզօրացնենք հայրենիքը, ըսած է վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան` Ասթանայի մէջ Ղազախստանի հայ համայնքի ներկայացուցիչներու հետ հանդիպումին ընթացքին:

Ողջունելով հանդիպումին մասնակիցները` Նիկոլ Փաշինեան նշած է, որ վարչապետ ընտրուելէ ետք շատ կը ճամբորդէ եւ իւրաքանչիւր երկիր, որ կ՛երթայ, մօտաւորապէս այս տեսակի հանդիպումներ կ՛ունենայ տեղւոյն հայ համայնքին հետ: «Եւ երբ կը հանդիպինք այսքան հարազատ դէմքերու` կը մտածենք հետեւեալը. Մենք իսկապէս հզօր ժողովուրդ ենք մեր ներուժով, բայց ցաւօք անիկա ամբողջութեամբ չենք օգտագործեր մինչեւ հիմա: Յեղափոխութիւնը տեղի ունեցած է ո՛չ միայն Հայաստանի, այլեւ հայութեան մէջ, համազգային գիտակցութեան մէջ, որուն  ամէնէն կարեւոր արդիւնքը պէտք է ըլլայ ազգային ներուժի օգտագործումը, որպէսզի միասին հզօրացնենք մեր հայրենիքը, որ պէտք է ըլլայ հայութեան լինելիութեան թիւ մէկ երաշխաւորը»:

Նիկոլ Փաշինեանի համաձայն, ան վերջերս ծանօթացած է ընկերային հարցումի մը, ուր պարզուած է, որ «Ես հայ եմ» արտայայտութիւնը տարբեր ժամանակներու մէջ տարբեր ընկալումներ ունեցած է: «21-րդ դարուն «Ես հայ եմ» արտայայտութիւնը նախ եւ առաջ հայ անհատը կը նոյնականացնէ Հայաստանի անկախ պետականութեան հետ: Մեր ամէնէն կարեւոր խնդիրն է, որ մենք մեր ներուժը իսկապէս ներգրաւենք Հայաստանի հետագայ զարգացման գործին մէջ: Մեր ամէնէն կարեւոր բացթողումը եղած է այն, որ միասնական նպատակներ չենք ձեւակերպած, եւ մեր ազգի տարբեր հատուածները գործած են ոչ այնքան միասնական: Մենք պէտք է միասնական ազգային նպատակ ձեւակերպենք եւ բոլորս մեր ուժերը կեդրոնացնենք անիկա իրագործելու համար: Կը կարծեմ, որ տեղի ունեցած յեղափոխութեան ամէնէն կարեւոր առանձնայատկութիւնը հետեւեալն է. մենք ձեռք կը բերենք նոր ուժ, նոր ոգեւորութիւն, որպէսզի կարենանք Հայաստանը դարձնել այնպիսի երկիր, որ ի վիճակի է բարձր մակարդակով պաշտպանել ինքզինք, զարգանալ, գրաւիչ ըլլալ ներդրումներու եւ այնտեղ ապրելու համար», ըսած է վարչապետի պաշտօնակատարը:

Շարունակելով իր խօսքը` վարչապետի պաշտօնակատարը ըսած է. «Բռնապետութիւն Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ չի կրնար ըլլալ, մեր երկրին մէջ ժողովրդավարութիւնը անշրջելի է: Հայաստանի մէջ մամուլը այնքան ազատ երբեք չէ եղած, որքան է այսօր: Տեղի ունեցած ամէնէն կարեւոր փոփոխութիւնը` մարդոց ընկալումն է իրենց դերին մասին, փոխադարձ վերաբերմունքն է: Մենք ժողովրդավարական երկիր ենք, եւ այլ բան չի կրնար ըլլալ», ըսած է Փաշինեան:

Նախորդը

Դաւիթ Իշխանեան Ներկայացուցած Է Արցախի Միջազգային Ճանաչման Գործընթացին Մէջ ՀՅԴ-ի Ծաւալած Աշխատանքները

Յաջորդը

«Եւրոպայի Լիկա». Ցարդ 8 Խումբեր Ապահովեցին Յաջորդ Հանգրուանի Իրենց Տոմսերը

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.