Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քլինցեւիչ. «Եթէ Միացեալ Նահանգներ Իրանի Հարցով Ճնշեն Հայաստանին, Կայ Ռուսիան` Կ՛աջակցի»

November 10, 2018
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ժամանակն է, որ Միացեալ Նահանգներ վերջ դնեն քմահաճոյքով առաջնորդուելու ձեւին, պէտք է առաջնորդուիլ միջազգային իրաւունքի չափանիշներով: Հայաստանը` իբրեւ ինքնիշխան պետութիւն, իրաւունք ունի բարեկամութիւն հաստատելու որու հետ որ ուզէ, եւ ոեւէ մէկը զայն մեղադրելու իրաւունք չունի: Այս մասին Մոսկուա-Մինսք-Երեւան-Թալին տեսակամուրջի ընթացքին ըսաւ Ռուսիոյ պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան յանձնախումբի անդամ Ֆրանց Քլինցեւիչ` անդրադառնալով Հայաստանի` Իրանի եւ Միացեալ Նահանգներուն  միջեւ ընտրութեան:

«Չեմ կարծեր, թէ Հայաստանը այս  հարցով պէտք է շատ  մտահոգուի, բայց նաեւ պէտք չէ անտեսէ Միացեալ Նահանգներու ճնշման հաւանականութիւնը: Միւս կողմէ, կայ Ռուսիան եւ անոր աջակցութիւնը, այս եւս պէտք է նկատի ունենալ», շեշտեց ան`  յոյս յայտնելով, որ մօտիկ  ապագային հարցի լուծման ծրագիր մշակուի:

Ֆրանց Քլինցեւիչ ըսած է, թէ Միացեալ Նահանգներու նախագահի ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդական Ճոն Պոլթընի այցելութիւնը Հարաւային Կովկաս Ռուսիան գրգռելու  նպատակ կը հետապնդէ:

Անդրադառնալով Միացեալ Նահանգներու կողմէ Հայաստանին եւ Ազրպէյճանին զէնք վաճառելու հարցին` Քլինցեւիչ ըսած է. «Հայաստանին եւ Ազրպէյճանին զէնք մատակարարելու կարելիութիւնը կը քննարկուի: Իմ կարծիքովս` ասիկա չափազանց  բարդ հարց է, քանի որ կապուած է մեր դրացիներուն հետ, ինչպէս նաեւ` Ռուսիոյ դիրքորոշումին: Ռուսիան համաձայն պիտի չըլլայ այս սադրիչ քայլերուն»:

Նախորդը

Պաապտայի Մէջ. Անկախ Սիւննի Երեսփոխանները Պահանջեցին Կառավարութեան Մէջ Ներկայացնել Իրենցմէ Մէկը

Յաջորդը

Դաւիթ Իշխանեան Ներկայացուցած Է Արցախի Միջազգային Ճանաչման Գործընթացին Մէջ ՀՅԴ-ի Ծաւալած Աշխատանքները

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.