Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նիկոլ Փաշինեան Ասթանայի Մէջ Մասնակցեցաւ ՀԱՊԿ-ի Հաւաքական Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստին

November 9, 2018
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան Ասթանայի մէջ մասնակցած է Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի նիստին, կը տեղեկացնէ Հայաստանի վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու  բաժինը:

Վեհաժողովին մասնակցած են նաեւ կազմակերպութեան անդամ երկիրներու` Պիելոռուսիոյ, Ղազախստանի, Խըրխըզիստանի, Ռուսիոյ եւ Տաճիկիստանի ղեկավարները:

Նախ տեղի ունեցած է առաջնորդներու նեղ, ապա ընդլայնուած կազմով նիստը:

Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի անդամները քննարկած են միջազգային եւ շրջանային անվտանգութեան, ՀԱՊԿ-ի անդամ երկիրներու միջեւ կազմակերպութեան շրջագիծին եւ միջազգային ասպարէզին մէջ փոխադարձ գործակցութեան հետ կապուած հարցեր:

Նկատի ունենալով այն հանգամանքը, որ 2018-2019-ի համար ՀԱՊԿ-ի նախագահութիւնը պիտի ստանձնէ Խըրխըզիստանի Հանրապետութիւնը` Խըրխըզիստանի նախագահ Սորոնպայ Ժենպեքով ներկայացուցած է նախագահութեան ընթացքին իր երկրին առաջնահերթութիւնները:

Վեհաժողովի ընթացքին ընդունուած են շարք մը փաստաթուղթեր: Անոնց կարգին եղած են` ՀԱՊԿ-ի Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի ամփոփիչ հռչակագիրը, միջազգային ահաբեկչական կազմակերպութիւններու կողքին զինուած հակամարտութիւններուն մասնակցած անձերու նկատմամբ փոխհամաձայնեցուած միջոցառումներու վերաբերեալ միացեալ յայտարարութիւնը:

Պետութիւններու ղեկավարները ընդունած են Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի որոշումներ, որոնք նպատակամղուած են ՀԱՊԿ-ի ճգնաժամային արձագանգման կատարելագործման, անօրինական գաղթի հակազդելուն, համակարգուած տեղեկատուական քաղաքականութեան զարգացման, հաւաքական ուժերու  կազմակերպման ու կազմի ճշդման, զինուորական-տնտեսական համագործակցութեան միջպետական յանձնախումբի նախագահի պաշտօնի թեկնածութեան հաստատման:

Ընդունուած են նաեւ ՀԱՊԿ-ի գործընկերոջ եւ կազմակերպութեան առընթեր դիտորդի կարգավիճակի իրաւական ձեւակերպման  վերաբերող փաստաթուղթերը, որոնց ընդունումը կարելիութիւն կը ստեղծէ որակապէս նոր մակարդակով շարք մը երրորդ երկիրներու հետ կազմակերպութեան համագործակցութեան հաստատման համար:

Հանդիպումի ընթացքին անդրադարձ կատարուած է ՀԱՊԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի նշանակման հետ կապուած հարցին: Կողմերը պայմանաւորուած են հարցին շուրջ քննարկումները շարունակել 6 դեկտեմբերին` Ս. Փեթերսպուրկի մէջ տեղի ունենալիք հանդիպումի  ընթացքին: Միաժամանակ, աշխատանքներ պիտի կատարուին ընդհանուր քարտուղարի լիազօրութիւններու վաղաժամ դադրեցման հետ կապուած հարցերը կարգաւորող համապատասխան չափանիշներու  մշակման ուղղութեամբ:

Նազարպայեւ. «ՀԱՊԿ-ի Նոր Ընդհանուր Քարտուղար Պիտի Դառնայ Պիելոռուսիոյ Ներկայացուցիչը»

Ղազախստանի նախագահ Նուրսուլթան Նազարպայեւ կը կարծէ, որ ՀԱՊԿ-ի նոր ընդհանուր քարտուղար պիտի դառնայ Պիելոռուսիոյ  ներկայացուցիչը, կը տեղեկացնէ ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը:

Ան նշած է,  որ Եուրի Խաչատուրովը ետ կանչելը տարակարծութիւն յառաջացուց` աւելցնելով որ  ՀԱՊԿ-ի կանոնադրութեան համաձայն, Հայաստանին կը յաջորդէ Պիելոռուսիան:

Ըստ Նազարպայեւի, ՀԱՊԿ-ի պետութիւններու բոլոր ղեկավարները ըսած են, որ ընդհանուր քարտուղարը պէտք է ըլլայ պիելոռուսական կողմէն:

Զոհրապ Մնացականեանը Շեշտած Է Խաղաղ Բանակցային
Հոլովոյթին Մէջ Արցախի Ներգրաւուածութեան Կարեւորութիւնը

8 նոյեմբերին Ասթանայի մէջ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Զոհրապ Մնացականեան մասնակցած է Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի, պաշտպանութեան նախարարներու  խորհուրդի եւ անվտանգութեան խորհուրդներու քարտուղարներու  կոմիտէի միացեալ նիստին:

Նիստի օրակարգին վրայ էին ՀԱՊԿ-ի շրջագիծին մէջ  համագործակցութեան, միջազգային ու շրջանային անվտանգութեան եւ միջազգային հարթակին վրայ կազմակերպութեան անդամ երկիրներու  միջեւ արտաքին քաղաքական համադրման առնչուող հարցեր: Անդրադարձ կատարուած է Աֆղանիստանի, Սուրիոյ եւ Միջին  Արեւելքի մէջ վերջին զարգացումներուն:

Իր խօսքին մէջ նախարարի պաշտօնակատար Մնացականեան շնորհակալութիւն յայտնած է Ղազախստանի իր գործընկերոջ` ՀԱՊԿ-ի  յաջող նախագահութեան համար եւ հայկական կողմին աջակցութիւնը յայտնած է Խըրխըզիստանի յառաջիկայ նախագահութեան` կազմակերպութեան արդիւնաւէտութեան բարձրացման եւ համագործակցութեան խորացման ուղղուած առաջնահերթութիւններուն:

Անդրադառնալով նիստի օրակարգի հարցերուն` նախարարի պաշտօնակատարը վերահաստատեց Հայաստանի վճռականութիւնը շարունակելու ՀԱՊԿ-ի անդամ պետութիւններու պաշտպանական ներուժի զօրացման եւ արդի մարտահրաւէրներու եւ սպառնալիքներու դէմ պայքարին մէջ ջանքերու ամրապնդման ուղղութեամբ քայլերը:

Զոհրապ Մնացականեան նշած է, որ Հայաստանը կարեւոր կը նկատէ ծայրայեղականութեան եւ միջազգային ահաբեկչութեան հակազդեցութեան ուղղուած միացեալ եւ համակողմանի ջանքերու  նշանակութիւնը:

Ան կարեւոր նկատած է ՀԱՊԿ-ի խաղաղապահ ներուժը մեծցնելու եւ ՄԱԿ-ի հետ համագործակցութեան ամրապնդման ուղղութեամբ ձեռնարկուող քայլերը:

Անդրադառնալով ղարաբաղեան տագնապին` նախարարի պաշտօնակատարը ընդգծած է, որ Հայաստանի նոր կառավարութիւնը բազմիցս վերահաստատած է իր յանձնառութիւնը տագնապի  բացառապէս խաղաղ լուծման` ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահութեան հովանիին ներքեւ:

Մնացականեան ընդգծած է, որ Արցախի անվտանգութեան եւ կարգավիճակի հարցը կը շարունակէ մնալ Հայաստանի առաջնահերթութիւններու շարքին, ինչպէս նաեւ շեշտեց խաղաղ բանակցային հոլովոյթին մէջ Արցախի` որոշիչ ձայնով ներգրաւուածութեան  կարեւորութիւնը:

Ըստ «Քոմերսանթ»-ի
Ալիեւ Պատրաստ Եղած Է Հիւրի Կարգավիճակով
Մասնակցելու ՀԱՊԿ-Ի Վեհաժողովին, Սակայն…

Ռուսական «Քոմերսանթ» օրաթերթը երէկ հրապարակած է յօդուած մը ՀԱՊԿ-ի մասին, որուն մէջ յղում կատարելով իր դիւանագիտական աղբիւրներուն, գրած է, թէ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ կ՛ուզէր հիւրի կարգավիճակով մասնակցիլ ՀԱՊԿ-ի երէկուան վեհաժողովին, սակայն հայկական կողմը չէ արտօնած: Այս մասին կը հաղորդէ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը:

Ալիեւի մասնակցութեան նախաձեռնութիւնը Ղազախստանի նախագահ Նուրսուլթան Նազարպայեւինն էր:

«Քոմերսանթ»-ի աղբիւրներուն համաձայն, Նազարպայեւին այս հարցին մէջ աջակցած են անդամ երկիրներու միւս ղեկավարները, մասնաւորաբար` Պիելոռուսիոյ նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքոն:

Ռուսական օրաթերթը տեղեկութիւնը հաստատելու համար դիմած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան, սակայն նախարարութեան բանբեր Աննա Նաղդալեան պատասխանած է, որ այս մասին տեղեկութիւն չունի:

 

 

Նախորդը

Լոս Անճելըսը Արցախի Անկախութիւնը Ճանչնալու Կոչ Կ՛ուղղէ Միջազգային Համայնքին

Յաջորդը

Ակնարկ. Պաքուն Պէտք Է Դուրս Գայ Իր Պատմական Կաղապարէն

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.