Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը հաղորդէ, թէ 5 նոյեմբերին տարածուած է Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդի բանաձեւը` Արցախի ազատագրական շարժումին 30-ամեակին վերաբերեալ, որ վաւերացուեցաւ խորհուրդին 7 սեպտեմբերի նիստին ընթացքին: Ստորեւ կը ներկայացնենք սոյն բանաձեւին ոչ պաշտօնական թարգմանութիւնը.
«Նկատի ունենալով, որ Լոս Անճելըսը հպարտ է նշելու Արցախի ազատագրական շարժման 30-րդ տարեդարձը, ինչպէս նաեւ`
Նկատի ունենալով, որ 30 տարի առաջ` փետրուար 1988-ին, բռնապետութեան պայմաններու մէջ Արցախի ժողովուրդը իր ձայնը բարձրացուցած էր յանուն ինքնորոշման, ազատութեան եւ ժողովրդավարութեան, ինչպէս նաեւ`
Նկատի ունենալով, որ Ստեփանակերտէն մինչեւ Երեւան մարդիկ համախմբուած են յանուն ազատութեան եւ ինքնիշխանութեան ու ընդդէմ անհանդուրժողականութեան եւ օտար տիրապետութեան, ինչպէս նաեւ`
Նկատի ունենալով, որ 10 դեկտեմբեր 1991-ին տեղի ունեցած հանրաքուէին իբրեւ արդիւնք Արցախի Հանրապետութիւնը հռչակած է իր անկախութիւնը, ինչպէս նաեւ`
Նկատի ունենալով, որ վերջին երեք տասնամեակներուն ընթացքին Արցախի Հանրապետութեան ժողովուրդը տոկունութիւն եւ հաստատակամութիւն ցուցաբերած է պատերազմի, կոտորածներու, տնտեսական զրկանքներու եւ այլ հսկայական դժուարութիւններու հանդէպ,
Որոշեցինք, որ Լոս Անճելըսը իր լաւագոյն բարեմաղթանքները յղէ Արցախի Հանրապետութեան եւ անոր քաղաքացիներուն, յանուն` խաղաղութեան, բարգաւաճման եւ շարունակական յաջողութեան եւ կոչ կ՛ուղղէ միջազգային հանրութեան, որ լիարժէք կերպով ճանչնայ Արցախի Հանրապետութիւնը` իբրեւ ազատ, անկախ եւ ինքնիշխան պետութիւն»:



