Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայրենի Կեանք

Նոյեմբեր 7, 2018
| Հայրենի Կեանք
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ

Նիկոլ Փաշինեանը Երուանդ Մանարեանին «Ժողովրդական Արուեստագէտ» Կոչումը Կը Շնորհէ

Հայաստանի վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանը դերասան Երուանդ Մանարեանին Հայաստանի Հանրապետութեան  ժողովրդական արուեստագէտի կոչում շնորհելու որոշում տուած է:

«Որոշում կայացուցի Երուանդ Մանարեանին Հայաստանի Հանրապետութեան ժողովրդական արուեստագէտի կոչում շնորհելու մասին: Այս յիրաւի վաստակած կոչումը ան երկար տարիներ չէ ստացած ընդդիմադիր քաղաքական հայեացքներու պատճառով: Որոշումը ուժի մէջ կը մտնէ Հայաստանի նախագահին կողմէ ստորագրուելէն ետք», գրած է Փաշինեան Դիմատետրի իր էջին վրայ:

Հայոց Պատմութիւնը, Ցեղասպանութիւնն Ու Արցախեան Հիմնահարցը` Եգիպտացիներու Ուշադրութեան Կեդրոն

Հոկտեմբեր 22-ին սփիւռքի նախարարի պաշտօնակատար Մխիթար Հայրապետեանը ընդունեց` Գահիրէի Հայ դատի գրասենեակի ղեկավար Արմէն Մազլումեանը, եգիպտական «Վեթօ» թերթի եւ կայքի ներկայացուցիչներ Իսամ Քամալը եւ Մայ Ապտ Ռահմանը, MBC Misr պատկերասփիւռի կայանի լրագրող Նորա Քամալը, Եգիպտոսի մշակոյթի նախարարութեան աշխատակից Ահմատ Ֆարրանը: Հայաստան անոնց այցելութիւնը նախաձեռնուած է Եգիպտոսի հայոց առաջնորդարանին կողմէ ու հովանաւորութեամբ: Այցելութիւնը հայկական մշակոյթի մասին յօդուածներ եւ ժապաւէններ պատրաստելու, Հայաստանի թանգարաններու մասին արաբերէն ուղեցոյցի հրատարակման համար նիւթեր ձեռք բերելու, ինչպէս նաեւ Հայաստանի մէջ հատուած իսլամական մետաղադրամներու մասին գիտական հետազօտութիւններ կատարելու նպատակ ունի:

Ողջունելով հիւրերը` Մխիթար Հայրապետեանը բարձր գնահատած է անոնց կատարած աշխատանքը եւ` նշած, որ Հայաստանը մշտապէս պատրաստ է ջերմօրէն հիւրընկալելու զիրենք: Նախարարի պաշտօնակատարը անդրադարձաւ նաեւ սեպտեմբերի վերջը Եգիպտոս կատարած պաշտօնական այցին եւ անիկա որակեց գերյագեցած ու արդիւնաւէտ: «Կը ցանկամ Հայաստանի կառավարութեան եւ ժողովուրդի անունով շնորհակալութիւն յայտնել Եգիպտոսի կառավարութեան ու ժողովուրդին` եգիպտահայերը նման կերպով մեծարելու համար», նշեց Մխիթար Հայրապետեանը` յաւելելով, որ թաւշեայ յեղափոխութենէն ետք հայ-եգիպտական յարաբերութիւնները նոր մակարդակի բարձրանալու հեռանկար ունին: «Մեր երկիրները ունին պատմական կապեր, սակայն այդ կապերը պէտք է ամրապնդուին ու զարգանան նաեւ ներկայի եւ ապագայի մէջ», ընդգծեց նախարարի պաշտօնակատարը:

Շնորհակալութիւն յայտնելով ջերմ ընդունելութեան համար` Գահիրէի Հայ դատի գրասենեակի ղեկավար Արմէն Մազլումեանը նշեց, որ այսօրինակ այցերը պարբերական բնոյթ ունին, անոնց շնորհիւ հայկական մշակոյթի, պատմութեան եւ Արցախի մասին գիրքեր ու գիտական հետազօտութիւններ գրուած են,  ժապաւէններ ու մեծաթիւ լրագրողական նիւթեր պատրաստուած են: «Ի դէպ, Իսամ Քամալը Եգիպտոսի առաջին լրագրողն է, որ ճանչցած է Հայոց ցեղասպանութիւնն ու գրած է այդ մասին: Իսկ Ահմատ Ֆարրանը առաջիններէն է, որ այցելած է Արցախ եւ անոր մասին` գիրք գրած», շեշտեց Արմէն Մազլումեանը:

Հանդիպման աւարտին հիւրերը զիրենք հետաքրքրող հարցերը ուղղեցին Մխիթար Հայրապետեանին, երկուստեք եղան առաջարկներ:

Տեղի Ունեցած Է Կարսին Նուիրուած Գիրքերու Շնորհահանդէսը

Հոկտեմբեր 30-ը Կարս բերդաքաղաքի անկման օրն է: Այսօր տեղի ունեցած է դոկտոր, փրոֆեսոր Վլատիմիր Յարութիւնեանի` Կարսին նուիրուած գիրքերուն շնորհահանդէսը:

«Կարսի վերջնախաղը», «Կարսի մարզը Հայաստանի Հանրապետութեան կազմին մէջ. Կարսի նահանգապետ Ստեփան Ղորղանեանի յուշերը»: Ասիկա արխիւային փաստաթուղթերու ժողովածու է, որուն մէջ հրապարկուած են Կարսի միակ նահանգապետ Ստեփան Ղորղանեանին ձեռագրերը: Յուշերուն հեղինակը ամենայն մանրամասնութեամբ կը նկարագրէ Հայաստանի Ա. հանրապետութեան կազմին մէջ եղած 18 ամիսներու ընթացքին Կարսի ամրոցին մէջ տիրող մթնոլորտը:

Վլատիմիր Յարութիւնեանը հաւաքագրած եւ հրապարակած է Ստեփան Ղորղանեանին յուշերը` ձգելով, որ ընթերցողն ինք կատարէ հետեւութիւնները: Իսկ միւս գիրքին մէջ հեղինակը փաստագրական նիւթերու հիման վրա վերլուծած է դէպքերն ու իրադարձութիւնները, որոնք զարգացած են Հայաստանի Հանրապետութեան Կարսի նահանգին մէջ, եւ որոնք ի վերջոյ յանգեցուցած են Կարսի անկման:

Ընտանիքի Մը Երրորդ Եւ Յաջորդող Զաւակներու Ծննդեան Համար Յատկացուող Գումարը Աւելցած Է

Հայաստանի կառավարութեան նիստին ընթացքին աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Մանէ Թանդիլեանը յայտնեց, որ ընտանիքի մը երրորդ եւ յաջորդող զաւակներու ծննդեան համար յատկացուող գումարը` ամսական 25 հազար, կը բարձրանայ 50 հազար դրամի:

«Այսուհետեւ գումարը կարելի է տնօրինել երեխային ծննդեան պահէն սկսեալ», ըսաւ Թանդիլեան: Նախապէս երեխային առաջին տարեդարձը ամբողջանալէն ետք միայն կարելի էր կատարել այդ մէկը:

«Որոշումը կը միտի 3 եւ աւելի զաւակներ ունեցող ընտանիքներու ընկերային պաշտպանութեան մակարդակը բարձրացնել», նշեց Մանէ Թանդիլեան:

Նշենք, որ որոշումը ուժի մէջ մտաւ 2 նոյեմբերէն սկսեալ:

85 Հազար Թոշակառուներու Ամսականները 10 Հազար Դրամով Պիտի Աւելնան

Վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանը Ազգային ժողովի յատուկ նիստին յայտարարեց, որ 2019-ի պետական պիւտճէին մէջ ընկերային ապահովութեան ոլորտին պիտի յատկացուի 20 միլիառ դրամ առաւել գումար, քան` 2018-ի պիւտճէով նախատեսուածը. 10 հազարական դրամով պիտի աւելնան շուրջ 85 հազար անձերու թոշակները եւ նպաստները:

«Մենք 20 միլիառ դրամով աւելցուցած ենք ընկերային ծախսերը: Այս փուլին մենք ունէինք ընտրութիւն, որովհետեւ 2019 թուականի պիւտճէն իներցիոն պիւտճէ է, 2019-ի պիւտճէն ձեւաւորուած է այն յարաչափներու հիման վրայ, որ մենք` իբրեւ իշխանութիւն եւ կառավարութիւն, ժառանգեցինք  նախորդներէն: Մեր կարծիքով, շատ կարեւոր հարց լուծած ենք, որպէսզի Հայաստանի մէջ այլեւս գոյութիւն չունենայ պարէնային գիծէն անդին եկամուտ ստացող թոշակառու եւ նպաստառու: Մենք մինչեւ այսօր ունէինք 21 հազար թոշակառու եւ 63 հազար նպաստառու, որոնց նպաստները կամ թոշակները ցած էին պարէնային գիծէն», ըսած է վարչապետի պաշտօնակատար Ն. Փաշինեան:

Հայաստան Կը Դասուի Ազատ Համացանց Ունեցող Երկիրներու Շարքին

«Ֆրիտըմ հաուս» իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնը հրապարակած է «Համացանցի ազատութիւն` 2018-ին» զեկոյցը, որուն համաձայն, այդ մարզին մէջ յառաջխաղացք արձանագրուած է 19 երկիրներու մէջ, որոնցմէ մէկն է Հայաստան, ուր արձանագրուած յատկանշական բարելաւումներուն շնորհիւ` երկիրը անցած է «Ազատ» նկատուող երկիրներու շարքին, մինչ նախապէս կը գտնուէր «Մասամբ ազատ» երկիրներու ցանկին վրայ:

Համացանցի օգտագործման ազատութիւնը նահանջ արձանագրած է 26 երկիրներու մէջ, ներառեալ` Միացեալ Նահանգներու:

Ուսումնասիրութեան հեղինակները կը նշեն, որ Հայաստանի պարագային, բարելաւումը ուղղակիօրէն կապ ունի թաւշեայ յեղափոխութեան հետ, որուն ընթացքին Հայաստանի քաղաքացիները աշխուժօրէն գործածած են համացանցային ընկերային ցանցերու տեղեկատուական հարթակները, հաղորդակցութեան յաւելուածները եւ համացանցով իրադարձութիւններու ուղիղ սփռումները:

Նոր ցանկին վրայ, Հայաստան, համացանցի ազատութեան առումով, աշխարհի մէջ կը գրաւէ 27-րդ դիրքը: Տարածաշրջանին մէջ Հայաստանէն աւելի լաւ դիրքի վրայ կը գտնուի միայն Վրաստանը` 25-րդ, մինչ Ազրպէյճան կը մնայ «Մասամբ ազատ»-ներու ցանկին վրայ` գրաւելով 60-րդ դիրքը:

«Ոչ ազատ» երկիրներուն մէջ գտնուող Թուրքիա կը գրաւէ 66-րդ դիրքը, իսկ 67-րդ դիրքին վրայ է Ռուսիա: Իրան 85-րդ դիրքին վրայ է:

Զեկոյցը նաեւ մտահոգութիւն կը յայտնէ, որ մեծ թիւով երկիրներու մէջ իշխանութիւնները կը խստացնեն համացանցը օգտագործողներու անձնական տուեալներու հսկողութիւնը, իսկ ուրիշներ «կեղծ» որակուող տեղեկատուութեան դէմ պայքարի պատրուակով կը լռեցնեն այլախոհները, ինչ որ վնաս կը հասցնէ ո՛չ միայն համացանցին, այլ նաեւ` ընդհանրապէս ժողովրդավարութեան նկատմամբ հանրութեան վստահութեան:

9 Ամսուան Ընթացքին Համակարգիչներու Արտադրութիւնը Կրկնապատկուած Է

2018-ի յունուարէն սեպտեմբեր ամիսներուն, 2017-ի նոյն ժամանակահատուածին հետ բաղդատած, Հայաստանի մէջ համակարգիչներու արտադրութիւնը աճած է 99,3 տոկոսով:

Ազգային վիճակագրական ծառայութեան տուեալներուն համաձայն, նախորդ տարուան նշեալ 9 ամիսներուն արտադրուած էին 457 համակարգիչներ, իսկ ընթացիկ տարուան նոյն ժամանակահատուածին այդ թիւը 911 է:

Հաշուետու ժամանակաշրջանին 7 անգամ աճած է պլանշեթներ արտադրութիւնը. նախորդ տարուան յունուարէն սեպտեմբեր ամիսներուն արտադրուած է 55 պլանշեթ, ընթացիկ տարուան յունուարէն սեպտեմբեր` 384 պլանշեթ:

Ընթացիկ տարուան 9 ամիսներուն բջիջային հեռաձայններ չեն արտադրուած, մինչդեռ նախորդ տարուան 9 ամիսներուն արտադրուած էր 330 հատ:

Երեւանի Պետական Համալսարանին Վարկանիշը Բարելաւուած

Անգլիական Quacquarelli Symonds (QS) ընկերութիւնը հրապարակած է արեւելեան Եւրոպայի եւ Կեդրոնական Ասիոյ առաջատար համալսարաններու վարկանիշը, ուր ընդգրկուած է նաեւ Երեւանի պետական համալսարանը:

Հայաստանի առաջատար համալսարանը կը գտնուի 151-160-րդ դիրքերուն վրայ ` բարելաւելով 2017-ի ցուցանիշը, երբ 181-190 դիրքերուն վրայ էր: Ցանկին վրայ ընդգրկուած են 300 համալսարաններ:

Նշենք, որ հայաստանեան եւս 2 համալսարաններ ընդգրկուած են այս ցանկին մէջ. Ռուս-hայկական (Սլաւոնական) համալսարանը, որ 191-200 դիրքերուն վրայ է, եւ` Հայաստանի ամերիկեան համալսարանը, որ 201-250-րդ դիրքերը կը գրաւէ:

Quacquarelli Symonds (QS) ընկերութիւնը հիմնուած է 1990-ին: Ամէն տարի ընկերութիւնը կը կազմէ համալսարաններու միջազգային վարկանիշները: Ընկերութեան մասնագէտները կը դասակարգեն ուսումնական հաստատութիւնները` ըստ 10 ցուցանիշներու:

Հայաստան Բարելաւած Է Իր Վարկը` Գործարարներու Համար Լաւ Պայմաններ Ունեցող Երկիրներու Ցանկին Մէջ

Համաշխարհային դրամատան գործարարութեամբ զբաղելու դիւրութիւններ տրամադրելու ցանկին մէջ (Doing Business) Հայաստան 41-րդ դիրքին բարձրացած է, նախորդ տարուան 47-րդ դիրքին փոխարէն:

Համաշխարհային դրամատան այս ցանկին վերաբերող զեկոյցին ցուցանիշները ներկայացնելով` դրամատան հայաստանեան գրասենեակի ղեկավար Սիլվի Պոսութղօ 31 հոկտեմբերին նշեց, որ Հայաստանի վարկանիշի բարելաւման հիմնական պատճառները գործարարութիւնը կարգաւորելու համար կատարուած զանազան բարեփոխումներու իրականացումն է:

Ըստ անոր, առաւելագոյն 100-ին վրայ, Հայաստանի վարկը բարձրացած է 75,37-ի, անցեալ տարուան ցուցանիշին` 73,31-ին դիմաց: «Այս կը նշանակէ, որ Հայաստան կրցած է բարելաւել երկրին մէջ տիրող գործարարութեան պայմանները», նշեց ան:

Պոսութղօ նաեւ տեղեկացուց, որ զեկոյցին եզրակացութեամբ, Հայաստան նշանակալի բարելաւումներ կատարած է յատկապէս հինգ ոլորտներու մէջ` դիւրացնելով ընկերութիւններու հիմնումը, արագացուցած է ելեկտրականութեան նոր միացումներ ապահովելու ընթացակարգը, զօրացուցած է փոքր ներդրողներու պաշտպանութիւնը, դիւրացուցած է հարկերու վճարումը եւ պայմանագիրներու կիրարկումը:

Համաշխարհային դրամատան հայաստանեան գրասենեակի ղեկավարին համաձայն, Հայաստանի մէջ ձեռնարկութեան մը արձանագրութիւնը այժմ մէկ օրով առաւել պակաս ժամանակ կը պահանջէ, քան նախորդ տարի: «Այս ցուցանիշով Հայաստան ութերորդն է ամբողջ աշխարհի մէջ», աւելցուց ան:

Հայաստան գործարարութեամբ զբաղելու դիւրութիւններ ստեղծելուն մէջ յառաջ անցած է դրացի Թուրքիայէն, որ ներկայիս 43-րդ դիրքը կը գրաւէ, սակայն ետ կը մնայ դրացի Վրաստանէն, որ 6-րդն է 190 երկիրներու ուսումնասիրութենէն գոյացած աղիւսակին մէջ:

Նախորդը

Պատմական Մեծ Դէմքեր. Խրիմեան Հայրիկ Եւ Իր Ժամանակները

Յաջորդը

Ցանկալիէն Դէպի Իրագործուող Հայաստան

RelatedPosts

Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Հոկտեմբեր 15, 2025
Պերճ Աբգարեան Կը Ստանայ Պատուոյ Փրոֆեսէօրի Կոչում
Հայրենի Կեանք

Պերճ Աբգարեան Կը Ստանայ Պատուոյ Փրոֆեսէօրի Կոչում

Հոկտեմբեր 1, 2025
Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Հոկտեմբեր 1, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?