Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սպիտակ Տունը Կը Հերքէ Ռուսիոյ Եւ Չինաստանի Կողմէ Թրամփի Գաղտնալսման Մասին Լուրերը

November 5, 2018
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սպիտակ տունը մեկնաբանած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հեռաձայնային զրոյցներու գաղտնալսման մասին «Տը Նիւ Եորք Թայմզ» օրաթերթին մէջ լոյս տեսած աղմկայարոյց յօդուածը:

«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Սպիտակ տան բանբեր Հոկըն Կիտլի հաւաստած է, որ Թրամփ ունի ընդամէնը մէկ` աշխատանքային «ԱյՖոն», որ պարբերաբար կը ստուգուի եւ կը համապատասխանէ անվտանգութեան բոլոր չափանիշերուն:

Ըստ «Տը Նիւ Եորք Թայմզ»-ին մէջ հրապարակուած տեղեկութեան, Թրամփ կ՛օգտուի երեք տարբեր հեռաձայններէ, եւ իր հին ընկերներուն հետ խօսելու եւ բամբասելու համար ան կ՛օգտագործէ անձնական բջիջային հեռաձայնը:

Ըստ յօդուածագիրին, ամերիկեան հետախուզական ծառայութիւնները բացայայտած են, որ ռուսական եւ չինական գաղտնի սպասարկութիւնները յաճախ կը գաղտնալսեն Միացեալ Նահանգներու նախագահը, ինչ որ ալ անոնց կարելիութիւն կու տայ հասկնալու, թէ ինչպէ՛ս կ՛աշխատի Թրամփ եւ ինչպէ՛ս կարելի է ազդել անոր քաղաքականութեան վրայ:

«Յօդուածը ոչ ճշգրիտ տեղեկութիւն է նախագահին բջիջայինին եւ ատոր կիրարկման մասին: Նախագահը երեք հեռաձայն չունի: Ան ունի մէկ պաշտօնական «ԱյՖոն», ըսած է Հ. Կիտլի:

Նախքան այդ, Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով` մեկնաբանելով ամերիկեան օրաթերթին մէջ լոյս տեսած յօդուածը, նշած էր, որ Քրեմլինի մէջ ատոր երգիծանքով կը վերաբերին անոր նկատմամբ:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա իր կարգին անհեթեթի թատրոն կոչեց «Տը Նիւ Եորք Թայմզ» օրաթերթին հրապարակած այս տեղեկութիւնը: Այս մասին կը հաղորդէ ԹԱՍՍ-ը:

«Ատիկա անհեթեթի թատրոնի յաւելեալ օրինակ մըն է, որուն մէջ կը գտնուինք այժմ: «Տը Նիւ Եորք Թայմզ» օրաթերթը, առանց յստակ աղբիւրներու յղման, չհիմնուելով հեռաձայնային որոշ տուեալներու վրայ, կը պատմէ Միացեալ Նահանգներու նախագահին հեռաձայնային զրոյցներու գաղտնալսումներու մասին: Միաժամանակ, Միացեալ Նահանգները, ատոնք հաստատուած տուեալներ են, անամօթաբար գաղտնալսած են, օրինակ, տիկին Մերքելը», ըսած է Զախարովան:

 

Նախորդը

Իրանի Եւ Եւրոպական Միութեան Միջեւ Առեւտուրի Համար Ստեղծուող Մեքանիզմը Պիտի Գործէ Նոյեմբերին

Յաջորդը

Մերքելի Կուսակցութեան Վարկանիշը Մրցանշային Նուազագոյն Ցուցանիշը Արձանագրած Է

RelatedPosts

Ներկայացուցիչներու Տան Մէջ  Դեմոկրատականներու Ղեկավարը Կը Յայտարարէ.  «Պէտք Է Անմիջապէս Իրանի Հետ  Պատերազմէն Դուրս Գանք»
Գլխաւոր լուրեր

Ներկայացուցիչներու Տան Մէջ Դեմոկրատականներու Ղեկավարը Կը Յայտարարէ. «Պէտք Է Անմիջապէս Իրանի Հետ Պատերազմէն Դուրս Գանք»

November 6, 2026
Սպիտակ Տուն. «Թրամփ Յանձնառու  Պիտի Մնայ Պետութիւններու Հովանաւորած  Բռնապետութեան Դէմ Պայքարին»
Գլխաւոր լուրեր

Սպիտակ Տուն. «Թրամփ Յանձնառու Պիտի Մնայ Պետութիւններու Հովանաւորած Բռնապետութեան Դէմ Պայքարին»

November 6, 2026
Թուրքիան Կը Մերժէ Իր Մարդու Իրաւունքներու  Կացութեան Եւրոպական Միութեան Քննադատութիւնը
Գլխաւոր լուրեր

Թուրքիան Կը Մերժէ Իր Մարդու Իրաւունքներու Կացութեան Եւրոպական Միութեան Քննադատութիւնը

November 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.