Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Աւստրալիա Արցախի Տագնապին Հարցով Կողմերէն Ոչ Մէկուն Կը Սատարէ

November 3, 2018
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Աւստրալիոյ Հայ դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Աւստրալիոյ արտաքին գործոց եւ առեւտուրի նախարարութիւնը վստահեցուցած է, որ Աւստրալիոյ կառավարութիւնը Արցախի տագնապի կողմերէն ոչ մէկուն կը սատարէ: Այս մասին կը հաղորդէ «Արցախփրես»-ը:

Աւստրալիոյ Ծերակոյտի մէկ քննարկումին ընթացքին, նախկին ծերակուտական Լի Ռիանոն մտահոգութիւն յայտնած էր, որ Աւստրալիա կրնայ Արցախի Հանրապետութեան կողմէ  ազատագրուած տարածքներու հարցին շուրջ կողմնակցիլ Ազրպէյճանի բռնատիրական իշխանութեանց: Անոր մտահոգութեան պատճառը Աւստրալիոյ կառավարութեան ներկայացուցիչներուն կողմէ պարբերաբար հնչող յայտարարութիւններն էին, որոնց մէջ կ՛առանձնացուէր Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան սկզբունքի ճանաչումը, մինչդեռ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակին կողմէ իրականացող խաղաղ բանակցութիւնները հիմնուած են 3 համահաւասար սկզբունքներու` ինքնորոշման իրաւունքի, ուժ չկիրարկելու եւ տարածքային ամբողջականութեան վրայ:

Օրինակի համար, Աւստրալիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը առիթով մը յայտարարած էր. «Կառավարութեան երկարամեայ քաղաքականութիւնը եղած է` աջակցիլ Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան: Աւստրալիա չի ճանչնար Արցախը իբրեւ անկախ պետութիւն, որովհետեւ մենք կ՛աջակցինք ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակին եւ չենք փափաքիր միջամտել տագնապին»:

Ռիանոնի վերոնշեալ հարցադրման պատասխանելով` արտաքին գործոց նախարարութիւնը շեշտած է, թէ ամբողջովին կ՛աջակցի ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակին «վերոնշեալ երեք սկզբունքներուն հիման վրայ Արցախի տագնապի խաղաղ լուծման հոլովոյթին: Աւստրալիա տագնապի կողմերէն ոչ մէկուն կը սատարէ»:

Իր կարգին, Աւստրալիոյ Հայ դատի յանձնախումբը փորձեց պարզել տուեալ հարցով Աւստրալիոյ պաշտօնական դիրքորոշումը` նկատի ունենալով նաեւ Աւստրալիոյ միջազգային զարգացման հարցերու նախկին նախարար եւ ծերակուտական Քոնսեթա Ֆիերաւանթի Ուելզի կողմէ Պաքուի մէջ կատարած այն յայտարարութիւնը, որ Աւստրալիա լիարժէքօրէն կը ճանչնայ Ազրպէյճանի ինքնիշխանութիւնն ու տարածքային ամբողջականութիւնը եւ Արցախի տագնապին մէջ կ՛աջակցի ազրպէյճանական կողմին:

«Աւստրալիոյ անկողմնակալութեան մասին պարզաբանումը կարեւոր յառաջընթաց է տագնապին հարցով Աւստրալիոյ կառավարութեան դիրքորոշման մէջ: Երեք սկզբունքները համահաւասար նկատելով` Աւստրալիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յստակօրէն կը ճանչնայ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի դերը` տուեալ տագնապին լուծման գործին մէջ», ըսաւ Աւստրալիոյ Հայ դատի յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Հայկ Գայսերեան: Ան աւելցուց, որ նման յայտարարութեամբ չեղեալ կը նկատուին Աւստրալիոյ կողմնակալութեան մասին եղած նախկին յայտարարութիւնները:

«Արցախի Հանրապետութեան շուրջ ապահովական գօտի հաստատելու գաղափարին վերադառնալու մասին առաջարկը անընդունելի է, որովհետեւ այդպիսով Ազրպէյճանին բաց հրաւէր պիտի տրուի Արցախի հայ բնակչութեան նկատմամբ զինուած յարձակումներ եւ ցեղային զտումներ իրականացնելու համար», յայտնեց Գայսերեան:

Աւստրալիոյ մէջ Արցախի ճանաչման հարցով կարեւոր իրագործումներէն մէկն է նաեւ այն, որ այնտեղ կը խօսուի Երեւանի եւ Պաքուի մէջ ԵԱՀԿ-ի գրասենեակներու փակման շուրջ Ազրպէյճանի ջանքերուն մասին: Ռիանոնի մեկնաբանութիւններուն ակնարկելով` Աւստրալիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնեց, որ տեղեակ է այդ ջանքերէն, ինչպէս նաեւ Հայաստանի հաւատարիմ նուիրուածութենէն` Մինսքի խմբակի գործունէութեան:

Ըստ Աւստրալիոյ Հայ դատի յանձնախումբին, այս բոլորէն կարելի է եզրակացնել, որ Ազրպէյճանի դիրքերը սկսած են տկարանալու, եւ կը բացայայտուի, որ Արցախի տագնապի խաղաղ լուծման հարցով Պաքուի ապակառուցողական գործողութիւնները ապարդիւն են:

Գայսերեան յայտնեց, որ Ռիանոնի հետ զրոյցին ընթացքին կարելի եղած է արձանագրել Աւստրալիոյ կառավարութեան պաշտօնական դիրքորոշման հետեւեալ կարեւոր կէտերը.

– ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի եւ խաղաղ բանակցութիւններու երեք հիմնական սկզբունքներու ճանաչում,

– Անկողմնակալութիւն,

– Մինսքի խմբակի ջանքերուն ազրպէյճանական կողմի ապակառուցողական գործողութիւններու ճանաչում:

 

Նախորդը

Նախագահ Աուն Կը Հետեւի Կառավարութեան Կազմութեան Հոլովոյթին

Յաջորդը

Եուրի Խաչատուրով Ազատ Կացուցուած Է ՀԱՊԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարի Պաշտօնէն, Եւ Անոր Պարտականութիւնները Ժամանակաւորապէս Վստահուած Են Անոր Տեղակալին

RelatedPosts

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի  Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի  Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի  Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»
Գլխաւոր լուրեր

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»

September 16, 2026
Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային  Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ  Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»
Հայկական

Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»

September 16, 2026
Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր  Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ  Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»
Գլխաւոր լուրեր

Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.