Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ Մեքսիքայի հետ սահման ուղարկած է 100 զինուորներ, որոնք կը սպասեն Հարաւային Ամերիկայէն դէպի Միացեալ Նահանգներու սահման շարժող ներգաղթեալներու բազմահազարանոց «կարաւան»-ին:
«Տէյլի Մէյլ» կը հաղորդէ, որ մինչեւ շաբթուան վերջ սահմանին վրայ պիտի տեղակայուի 7000 զինուորներէ բաղկացած ամերիկեան զօրք: Թրամփ նախապէս յայտարարած էր, որ կ՛ուզէ զինուորներուն թիւը հասցնել 15000-ի:
Օրաթերթը կը յայտնէ, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահը, որ դէմ է ներգաղթեալներուն ապաստան տալուն, անոնց նախազգուշացուցած է, որ ամերիկացի զինուորները ի պատասխան իրենց ուղղութեամբ նետուած քարերուն կրակ պիտի բանան «կարաւան»-ի անդամներուն ուղղութեամբ: «Սակայն լիայոյս եմ, որ այդպիսի բան տեղի պիտի չունենայ: Միեւնոյն ժամանակ, պէտք է ըսեմ, որ եթէ որեւէ մէկը քարեր նետէ զինուորներուն ուղղութեամբ` այնպէս, ինչպէս եղաւ Մեքսիքայի մէջ, եւ ատոր պատճառով բազմաթիւ մեքսիքացի ոստիկաններ ու իրաւապահներ վիրաւորուեցան, մենք պիտի մտածենք կրակ բանալու մասին», Սպիտակ տան մէջ լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին ըսած է նախագահը:
Թրամփի համաձայն, «կարաւան»-ին կատարածը իսկական ներխուժում է:
Նշենք, որ առաջինը Միացեալ Նահանգներու սահման պիտի հասնի Հոնտուրասի մէջ ձեւաւորուած «կարաւան»-ին 4000 հոգինոց խումբը, որ ներկայիս կը գտնուի մեքսիքական Մաթիաս Ռոմերօ քաղաքին մէջ: Կարաւանը ձեւաւորուած էր քանի մը շաբաթ առաջ` Հոնտուրասի մէջ: Անոր մէջ կան շուրջ 14000 հոնտուրասցիներ եւ կուաթեմալացիներ: «Կարաւան»-ին մէկ մասը կը գտնուի Կուաթեմալայի մէջ, իսկ միւս մասը արդէն հասած է Մեքսիքա:
Ներգաղթողներու միւս «կարաւան»-ը աւելի փոքրաթիւ է եւ ձեւաւորուած Սալվատորի մէջ:
Մարդիկ փախուստ կու տան իրենց երկիրներուն մէջ տիրող ընկերային ծանր վիճակէն եւ համատարած բռնութենէն:



