Շուէտ կ՛առաջարկէ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան մատակարարել ՍԱԱՊ ընկերութեան արտադրած «ԵԱՍ-39 Կրիփեն» կործանիչներէն:
Այս մասին կը հաղորդէ «Առաւօտ»-ը` վկայակոչելով «Ռեկնում» լրատու գործակալութիւնը: Սոյն յայտարարութիւնը կատարուեցաւ Միացեալ Նահանգներու նախագահի խորհրդական Ճոն Պոլթընի Հայաստան կատարած այցելութենէն գրեթէ անմիջապէս ետք: Ըստ տեղեկութեան աղբիւրին, Հայաստանին առաջարկ կատարուած է գնել 8 կործանիչէ բաղկացած խմբաքանակ մը: Մէկ կործանիչի ենթադրեալ արժէքը շուրջ 55-60 միլիոն եւրօ է. նշենք, որ օդանաւերը կարելի է ձեռք բերել վարձակալութեան ձեւով:
«ԵԱՍ-39 Կրիփեն»-ը չորրորդ սերունդի թեթեւ միաշարժիչ կործանիչ է: Անիկա ունի 800 քմ մարտական շառաւիղ եւ կրնայ կրել բարձր ճշգրտութեամբ «օդ-ցամաք» տեսակի զէնք, նաեւ «օդ-օդ» հրթիռներ` հակառակորդի կործանիչներուն դէմ մարտի համար:
Յայտնենք, որ նշեալ կործանիչներուն գինը նոյն մակարդակի արեւմտեան արտադրութեանց հետ համեմատած աւելի աժան է: