Բրիտանիոյ մէջ 1 միլիոն մարդ ստորագրած է բրիտանական «Տը Ինտիփենտընթ» օրաթերթի նախաձեռնած խնդրագիրին տակ` պահանջելով քաղաքացիներուն անգամ մը եւս առիթ տալ «Պրեքզիթ»-ի հարցով իրենց կարծիքը արտայայտելու:
Յիշեցնենք, որ 2016-ին Բրիտանիոյ մէջ տեղի ունեցած էր համազգային հանրաքուէ մը, որուն արդիւնքին հիմամբ որոշուած էր, որ Բրիտանիան պիտի դադրի Եւրոպական Միութեան անդամ ըլլալէ:
Անցեալ երկու տարուան ընթացքին հարիւր հազարաւոր մարդիկ պահանջած են ջնջել որոշումը կամ նոր հանրաքուէ կատարել:
Մէկ շաբաթ առաջ Լոնտոնի մէջ 700.000-է աւելի մարդ մասնակցած էր «Պրեքզիթ»-ի հարցով հանրաքուէին, որ իրաքեան պատերազմէն ի վեր Բրիտանիոյ մէջ մեծագոյն նմանատիպ հաւաքն էր:
Բրիտանիոյ կառավարութիւնը, սակայն, դէմ է նոր հանրաքուէի կայացման:
Այժմ երկրի վարչապետ Թերեզա Մէյ Պրիւքսելի հետ կը քննարկէ «Պրեքզիթ»-ի իր ծրագիրը:



