ԽՈՅ (21 մարտէն 20 ապրիլ)
Պայմանները պիտի ուրախացնեն ձեզ: Օգտուեցէք բախտի առիթներէն: Հարցի մը անդրադառնալը հանգիստ պիտի զգացնէ ձեզի, բայց ձեր կամքը պիտի տկարանայ, եւ տրամադրութիւնը պիտի փոխուի:
ՑՈՒԼ (21 ապրիլէն 21 մայիս)
Պէտք է գործակցիք ուրիշներու հետ` հեռու հակառակութիւններէն: Կարգ մը տուեալներու հիմամբ նոր ծրագիրներ պիտի մշակէք, բայց ձեր կեցուածքը հաստատ թող ըլլայ: Յառաջիկայ օրերը տագնապեցնող պիտի ըլլան:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 մայիսէն 21 յունիս)
Մի՛ յամառիք եւ մի՛ պնդէք բանի մը վրայ, եթէ դուռը փակ է ձեր դիմաց: Մաս պիտի կազմէք յանձնախումբի մը կամ խումբի մը, որուն շարժիչը պիտի ըլլաք ձեր աշխուժութեամբ: Ընկերային ցանցերու նկատմամբ հետաքրքրութիւն պիտի ունենաք:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 յունիսէն 23 յուլիս)
Անակնկալ ծրագիր մը պիտի մշակէք: Աշխատեցէք ձեր բառերը ընտրել բծախնդրութեամբ եւ ճշգրտութեամբ: Սերտ յարաբերութեան մը մասին պիտի քննարկէք եւ հաստատէք, թէ որքա՛ն վստահութիւն ունիք միւս կողմին նկատմամբ:
ԱՌԻՒԾ (24 յուլիսէն 23 օգոստոս)
Ճշդեցէք ձեր նպատակները եւ վստահեցէք ձեր ուժերուն: Եթէ կիսատ մնացած գործեր ունիք, աշխատեցէք զանոնք աւարտին հասցնել: Նիւթական հին հարցեր վերատեսութեան պիտի ենթարկէք: Վիրաւորական խօսքեր մի՛ ուղղէք ձեր ընկերներուն:
ԿՈՅՍ (24 օգոստոսէն 23 սեպտեմբեր)
Յառաջիկայ օրերուն լաւ դէպքեր պիտի պատահին եւ դրական նշաններ պիտի երեւին: Կը հասկնաք, որ կեանքը յառաջ կ՛ընթանայ, եւ ետդարձ չկայ: Զայրոյթէ հեռու մնացէք: Անհասկացողութիւն մը պիտի պատահի ձեր եւ ձեր շրջապատին միջեւ` ձեր պարտադրած կարծիքին պատճառով:
ԿՇԻՌՔ (24 սեպտեմբերէն 23 հոկտեմբեր)
Իրականութիւն մը պիտի իմանաք յառաջիկայ օրերուն: Լուսաւոր օրեր են, որոնց ընթացքին ճամբորդութիւն մը պիտի կատարէք կամ խրթին հարց մը պիտի լուծէք եւ կամ հին էջ մը պիտի ծալէք: Վիճաբանութենէ հեռու կեցէք:
ԿԱՐԻՃ (24 հոկտեմբերէն 23 նոյեմբեր)
Հաւաքական աշխատանք մը պիտի կատարէք` խումբի մը մէջ աշխատելով: Ձեր ընկերները ձեր շուրջ պիտի ըլլան: Անոնցմէ մէկուն հետ ճամբորդութիւն մը պիտի դասաւորէք: Նոր ծրագիրներ պիտի սկսիք մշակել:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 նոյեմբերէն 21 դեկտեմբեր)
Պայմանները ի շահ ձեզի պիտի գործեն: Եթէ առաջին փորձով ձախողեցաք, կրկին փորձեցէք: Շատ մը հետաքրքրական աշխատանքներով զբաղած պիտի ըլլաք: Ընտանեկան հարցեր պիտի լուծէք: Ձեր նախասիրութիւնները պիտի կատարէք կամ հանդիպում մը ունենաք ձեր սիրելիին հետ:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 դեկտեմբերէն 20 յունուար)
Հանդիպում մը հին յուշեր եւ քնացած զգացումներ պիտի արթնցնէ ձեր մէջ: Ձեր հին սիրեցեալին պիտի կարօտնաք կամ նոր սէր մը եւ վիպային պահեր պիտի ունենաք: Սիրտ մը պիտի ուզէք սիրաշահիլ:
ԾՈՎԱՆՈՒՇ (21 յունուարէն 19 փետրուար)
Պատասխան պիտի սպասէք, բայց պիտի չստանաք: Այս ընթացքին կարիքը ունիք օգնութեան. մի՛ մերժէք զայն, եթէ ստանաք ձեր ընկերներէն, որոնք պատրաստ են ձեր կողքին կանգնելու: Հակառակ անոնց ցուցաբերած օգնութեան` դուք ձեր ընկերներուն հետ պիտի վիճաբանիք:
ՁՈՒԿ (20 փետրուարէն 20 մարտ)
Լաւ ժամանակ պիտի անցընէք ձեր ընկերներուն հետ: Առուծախի գործողութիւն մը պիտի կատարէք յառաջիկայ օրերուն: Պիտի կատարէք արմատական եւ կարեւոր փոփոխութիւն մը եւ պիտի յաջողիք: