—————————————
ՀԱՅ ԳԻՐՔԻ 39-ՐԴ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ
Հանդիսապետութեամբ
ՆՍՕՏՏ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ
Կը հրաւիրենք ձեզ ՀԱՅ ԳԻՐՔ-ի համահայկական 39-րդ ցուցահանդէսի բացման հանդիսութեան, որ տեղի պիտի ունենայ Անթիլիասի մայրավանքին մէջ, կիրակի, 11 նոյեմբեր 2018-ին, յետ սուրբ եւ անմահ պատարագին:
Ցուցահանդէսը պիտի շարունակուի մինչեւ կիրակի, 2 դեկտեմբեր 2018, առաւօտեան ժամը 9:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00:
ՀՐԱՒԷՐ
—————————————
ՇՆՈՐՀԱԿԱԼԻՔ
Տէր եւ տիկին Փիեռ եւ Սօսի Փօլատեան, տէր եւ տիկին Րաֆֆի եւ Սեւան Պաղճեան, տէր եւ տիկին Վահէ եւ Նայիրի Խաչատուրեան իրենց շնորհակալութիւնը կը յայտնեն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին եւ բոլոր անոնց, որոնք անձամբ, ծաղկեպսակով, նուիրատուութեամբ, հեռաձայնով, ե-նամակով կամ այլապէս մասնակից եղան իրենց մօր եւ հարազատին` ՍՐԲՈՒՀԻ ՄԱՐԹԱՅԵԱՆի մահուան սուգին:
—————————————
ՇՆՈՐՀԱԿԱԼԻՔ
Տիկին Սիրվարդ Տէմիրճեան եւ ընտանիք իրենց շնորհակալութիւնը կը յայտնեն Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ արք. Ալէեմէզեանին, ազգային, պետական, կուսակցական, միութենական անձնաւորութիւններու եւ բոլոր անոնց, որոնք անձամբ, ծաղկեպսակով, նուիրատուութեամբ, հեռաձայնով, ե-նամակով կամ այլապէս մասնակից եղան իրենց ամուսնոյն, հօր եւ հարազատին` ԳԷՈՐԳ ՃՈՐՃ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆի մահուան սուգին:
—————————————
ՎԱՐՁՈՒ ՅԱՐԿԱԲԱԺԻՆ
Պուրճ Համուտ, Ա. յարկ, 2 ննջասենեակ եւ յարակից մասեր, 1 կառատուն: Հեռ. 03-588579, առաւօտեան ժամը 8:00-էն կէսօրէ ետք ժամը 6:00:
—————————————
ԿԸ ՆՈՒԻՐԵՆ
Իրենց մօր` Սրբուհի Մարթայեանի մահուան քառասունքին առիթով.
Տէր եւ տիկին Փիեռ եւ Սօսի Փօլատեան, տէր եւ տիկին Րաֆֆի եւ Սեւան Պաղճեան եւ տէր եւ տիկին Նայիրի Խաչատուրեան կը կատարեն հետեւեալ նուիրատուութիւնները.
– Էշրեֆիէի ԼՕԽ-ի Կարս մասնաճիւղին 500.000 լ. ո.
– Զուարթնոց կեդրոնին 500.000 լ. ո.
—————————————
«ԱՐՑԱԽ ՖՈՆՏ»-Ի
ՏԱՐԵԿԱՆ ՏՕՆԱՎԱՃԱՌ
30 ՆՈՅԵՄԲԵՐ
1 ԵՒ 2 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2018
—————————————
ՀՄԸՄ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
100-ԱՄԵԱԿԻ ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐՈՒ ՄԵԿՆԱՐԿ
15 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2018