Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պոլսոյ Քառակողմ Վեհաժողովը Կը Շեշտէ Մինչեւ Տարեվերջ Սուրիոյ Հակամարտութեան Մնայուն Լուծում Գտնելու Կարեւորութիւնը

Հոկտեմբեր 29, 2018
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտնեց, որ Պոլսոյ մէջ Սուրիոյ հարցով քառակողմ վեհաժողովին հիմնական նպատակը «Սուրիոյ մէջ մնայուն լուծման համար, Ֆրանսայի եւ Գերմանիոյ նման երկիրներուն մասնակցութեամբ, Ասթանայի հոլովոյթը վերակենդանացնելն» է:

Էրտողան շաբաթ օր կայացած վեհաժողովի աւարտին Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի, Ֆրանսայի նախագահ Էմմանուէլ Մաքրոնի եւ Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքելի հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնեց. «Շեշտեցինք Սուրիոյ եւ անոր հողերուն ամբողջականութիւնը, ինչպէս նաեւ ՄԱԿ-ի հովանաւորութեամբ քաղաքական ուղիին շարունակութիւնը, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ հակամարտութեան մնայուն լուծումի հասնելու նպատակը ընդգծեցինք եւ կը յուսանք այդ մէկը իրագործել մինչեւ այս տարուան աւարտը»:

«Հարկ է 900 քիլոմեթր երկարութիւն ունեցող մեր սահմանին երկայնքին ահաբեկչական կազմակերպութիւնները դիմակայել եւ պայքարիլ Սուրիոյ` Եփրատի արեւելեան շրջաններուն մէջ ահաբեկչութեան դէմ եւ ոչ թէ միայն արեւմտեան ափին», նշեց ան:

Թուրքիոյ նախագահը յայտնեց, որ իր երկիրը ահաբեկչութեան դէմ պայքարեցաւ եւ շարք մը գործողութիւններ շղթայազերծեց, ինչպէս` «Եփրատի վահան»-ը եւ Պապի շրջանին գործողութիւնը, որոնց ընթացքին «4 հազար ահաբեկիչ ոչնչացուցինք»:

«Թուրքիան զոհողութիւններ կատարեց` սուրիացի գաղթականները ընդունելով, եւ միջազգային ընտանիքին կոչ կ՛ուղղենք` մասնակցելու այդ բեռը վերցնելու», ըսաւ Էրտողան:

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին իր խօսքին մէջ յայտնեց, որ իր երկիրը համաձայն է սուրիական հակամարտութեան լուծման համար ներկայացուած բոլոր առաջարկներուն, առնչակից կողմերուն միջեւ երկխօսութեան սկսելու կարեւորութեան, ինչպէս նաեւ սուրիական բոլոր կողմերը ներառող երկխօսութեան հանգրուանի սկիզբը Սոչիի վեհաժողովին արդիւնքները նկատի ունենալու անհրաժեշտութեան:

«Ռուսիան ահաբեկչական կազմակերպութիւններուն դէմ պայքարի յաջորդ հանգրուանին իր աջակցութիւնը կը յայտարարէ Սուրիոյ հանրապետութեան», ըսաւ Փութին` նշելով. «Սուրիոյ մէջ բռնարարքները մեծապէս նահանջած են»:

Ռուսիոյ նախագահը ողջունեց Սուրիոյ մէջ կարգ մը շրջաններ մաքրագործելու թրքական ջանքերը եւ շնորհակալութիւն յայտնեց Էրտողանին, Մաքրոնին, Մերքելին եւ Սուրիոյ հարցով ՄԱԿ-ի յատուկ պատուիրակ Սթեֆան տը Միսթուրային` «այս վեհաժողովի յաջողութեան համար անոնց ի գործ դրած ջանքերուն համար»:

Ֆրանսայի նախագահ Էմմանուէլ Մաքրոն իր կարգին շեշտեց Սուրիոյ մէջ ահաբեկչական խմբաւորումներուն դէմ պայքարի կարեւորութիւնը` ողջունելով Մոսկուայի եւ Անգարայի միջեւ «քաղաքակիրթ գործակցութիւնը եւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարին մէջ քաղաքայիններ խնայելը»:

«Պէտք է Սուրիոյ վարչակարգին վրայ ճնշում բանեցնել, որովհետեւ ժողովուրդը ինքնորոշման իրաւունքն ունի», ըսաւ Մաքրոն` նշելով. «Այսուհետեւ եւ մինչեւ ներկայ տարուան աւարտը սահմանադրութեան նախագծման յանձնախումբը կազմուած պիտի ըլլայ եւ սկսած իր աշխատանքին»:

«Այս ժողովը յաջող էր, ինչ կը վերաբերի տուն վերադառնալ ուզող գաղթականներու պաշտպանութեան եւ ենթակառոյցի վերակառուցման», յայտնեց Ֆրանսայի նախագահը` գնահատելով «Թուրքիոյ ջանքերը եւ սուրիացի գաղթականները հիւրընկալելու առումով անոր զոհողութիւնները»:

Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել յայտնեց. «Ժողովը արդիւնաւէտ էր, եւ հրապարակեցինք միացեալ ուժեղ յայտարարութեան մը եւ վեհաժողովի մասնակից երկիրներուն միջեւ համաձայնութիւն գոյացուցինք»:

Ան ըսաւ, որ ժողովին ընթացքին ընդգծուած է տագնապի լուծման յառաջիկայ հոլովոյթին մէջ ՄԱԿ-ի դերակատարութիւնը եւ մերժած են քաղաքայիններու թիրախաւորումն ու ատոր իբրեւ հետեւանք յառաջացող մարդկային աղէտը:

Մերքել իր զօրակցութիւնը յայտնեց Իտլիպի շուրջ գոյացած ռուս-թրքական համաձայնութեան, «որովհետեւ քաղաքացիներուն խնայեց յաւելեալ սպանութիւնը եւ տեղահանութեան նոր հոսք մը կանխարգիլեց»:

«Սուրիան պէտք է վերստին դառնայ սուրիացիներուն համար ապահով հայրենիք մը, եւ ընդդիմութիւնը ըլլայ պաշտպանուած», նշեց Մերքել:

Նշենք, որ նախքան վեհաժողովի մեկնարկը Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու նախապատրաստական հանդիպում մը ունեցած էին:

 

Նախորդը

Օմանէն Վերադառնալէ Ետք. Նեթանիահու Սուլթան Քապուսի Հետ Հանդիպումը Կը Նկատէ Կարեւոր` Իսրայէլի Եւ Անոր Անվտանգութեան Համար

Յաջորդը

Փենթակոն 21-րդ Դարու Զինամթերքի Մեծագոյն Մատակարարումը Կատարած Է` Եւրոպայի

RelatedPosts

Տմիթրիեւ. «Փութինի Եւ Թրամփի Ժողովը Պիտի Գումարուի, Եւ Ուքրանիոյ Տագնապը Դիւանագիտական Լուծում Ունի»
Գլխաւոր լուրեր

Տմիթրիեւ. «Փութինի Եւ Թրամփի Ժողովը Պիտի Գումարուի, Եւ Ուքրանիոյ Տագնապը Դիւանագիտական Լուծում Ունի»

Հոկտեմբեր 27, 2025
Հայէ. «Մեր Զէնքը Կապուած Է Բռնագրաւումին Եւ Նախայարձակումին»
Գլխաւոր լուրեր

Հայէ. «Մեր Զէնքը Կապուած Է Բռնագրաւումին Եւ Նախայարձակումին»

Հոկտեմբեր 27, 2025
Ըստ Ամերիկացի Պաշտօնատարի Մը.   Թրամփի Եւ Ընի Միջեւ Ժողովի Գումարումը Ասիական Շրջապտոյտի «Օրակարգին Վրայ» Չէ
Միջազգային

Ըստ Ամերիկացի Պաշտօնատարի Մը. Թրամփի Եւ Ընի Միջեւ Ժողովի Գումարումը Ասիական Շրջապտոյտի «Օրակարգին Վրայ» Չէ

Հոկտեմբեր 27, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?