Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Օմանէն Վերադառնալէ Ետք. Նեթանիահու Սուլթան Քապուսի Հետ Հանդիպումը Կը Նկատէ Կարեւոր` Իսրայէլի Եւ Անոր Անվտանգութեան Համար

October 29, 2018
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու նշեց.«Վերադարձայ պատմական դիւանագիտական այցելութենէ մը` Օման, ուր հանդիպում ունեցայ Օմանի ղեկավար Սուլթան Քապուս պըն Սայիտի հետ: Ան երկարատեւ ու փայլուն փորձառութեան տէր ղեկավար մըն է»:

«Ասիկա 22 տարիէ ի վեր Իսրայէլի կողմէ տրուած առաջին այցելութիւնն է Օման, եւ արդիւնք է վերջին տարիներուն արաբական պետութիւններուն ուղղութեամբ ի գործ դրուած դիւանագիտական ջանքներուն», ըսաւ ան:

«Սուլթան Քապուսի հետ երկարատեւ հանդիպումիս ընթացքին ընդլայնուած կերպով անդրադարձանք Միջին Արեւելքի դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն», յայտնեց Իսրայէլի վարչապետը:

Նեթանիահու նշեց. «Այդ բանակցութիւնները կարեւոր էին Իսրայէլի եւ անոր անվտանգութեան համար: Այդպիսի յաւելեալ բանակցութիւններ տեղի պիտի ունենան»:

Նշենք, որ Նեթանիահու Օման մեկնած էր իր կնոջ, Մոսատի ղեկավարին, Ազգային անվտանգութեան մարմինի ղեկավարին եւ արտաքին գործոց նախարարութեան ընդհանուր տնօրէնին ընկերակցութեամբ:

Նեթանիահու «Թուիթըր»-ի վրայ գրեց, որ հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են Միջին Արեւելքի մէջ խաղաղութեան հոլովոյթը յառաջ մղելու կարելիութիւնները:

Միւս կողմէ, շաբաթ օր Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ ժամանեց Իսրայէլի մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարար Միրի Ռեկեւի գլխաւորած մարզական պատուիրակութիւնը: Ատիկա առաջին անգամն էր, որ իսրայէլացի նախարար մը կ՛այցելէր Արաբական Ծոց:

Իսրայէլեան «Ետիոթ Ահրոնոթ» օրաթերթը հաղորդեց, որ Ռեկեւ յայտնած է.«Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ մրցաշարքի մասնակցութիւնը պատմական որոշում մըն է, որ իմաստալից է եւ անոր յաջորդողներուն դուռ բացող»:

Նշենք, որ Իսրայէլի հաղորդակցութեանց նախարար Այուպ Քարա իր կարգին մասնակցեցաւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու Տուպայ քաղաքին մէջ  կայացած հաղորդակցութեան միջազգային խորհրդաժողովի մը:

 

Նախորդը

Թուրքիա-Սուրիա Սահմանին Վրայ` Թրքական Բանակ-Քրտական Ուժեր Բախումներ

Յաջորդը

Պոլսոյ Քառակողմ Վեհաժողովը Կը Շեշտէ Մինչեւ Տարեվերջ Սուրիոյ Հակամարտութեան Մնայուն Լուծում Գտնելու Կարեւորութիւնը

RelatedPosts

Յարձակումը` Միջանկեալ  Ընտրութիւններէն Անմիջապէս Ե՞տք.  Թրամփ. «Իրանի Մէջ Այժմ Չունիմ  Մէկը Որուն Հետ Բանակցիմ»
Գլխաւոր լուրեր

Յարձակումը` Միջանկեալ Ընտրութիւններէն Անմիջապէս Ե՞տք. Թրամփ. «Իրանի Մէջ Այժմ Չունիմ Մէկը Որուն Հետ Բանակցիմ»

October 24, 2026
Փեսքով. «Ապու Տապիի Մէջ Նոյեմբերի  Առաջին Կիսուն Տեղի Ունենալիք Բանակցութիւնները  Եռակողմ Ձեւաչափով Պիտի Ըլլան»
Միջազգային

Փեսքով. «Ապու Տապիի Մէջ Նոյեմբերի Առաջին Կիսուն Տեղի Ունենալիք Բանակցութիւնները Եռակողմ Ձեւաչափով Պիտի Ըլլան»

October 24, 2026
Գալիլիոյ Մօտ Յարձակումի Պատճառով  Իսրայէլացի 6 Զինուորներ Վիրաւորուեցան
Գլխաւոր լուրեր

Գալիլիոյ Մօտ Յարձակումի Պատճառով Իսրայէլացի 6 Զինուորներ Վիրաւորուեցան

October 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.