ԽՈՅ (21 մարտէն 20 ապրիլ)
Որոշ զարգացումներ ապրելով` ուրախ պիտի երեւիք: Հաճելի ժամեր պիտի անցընէք: Կ՛աշխատիք ժողովներու մասնակցիլ: Ընտանեկան պարագաներու հետ կապուած կարգ մը հարցերէն պիտի նեղանաք: Գործակցութեան առիթ պիտի փնտռէք ձեր ընկերներուն հետ:
ՑՈՒԼ (21 ապրիլէն 21 մայիս)
Հեռու տեղ մը պիտի երթաք` ձեր գործին եւ ծրագիրներուն համար փնտռելու զօրակցութիւն: Հրաւէր մը պիտի ընդունիք այս օրերուն: Հարցեր պիտի ծագին, եւ դուք հանգիստ պիտի չըլլաք պայմաններու ընթացքով:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 մայիսէն 21 յունիս)
Փափուկ օր մըն է, խուսափեցէք սխալներ գործելէ: Տնային եւ ընտանեկան անակնկալ հարցերով պիտի զբաղիք: Աշխատեցէք յարմարիլ մթնոլորտին: Քննադատութեան պիտի դիմէք: Շատ հետաքրքիր էք իմանալու ձեզմէ պահուածին մասին:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 յունիսէն 23 յուլիս)
Ձեզմէ կը պահանջուի դիւանագիտութեամբ վարուիլ: Կասկածներ պիտի արթննան ձեր մէջ: Գործի մէջ խաղաղ սկիզբ մը պիտի ունենաք, ապա հանդիպումները եւ ժողովները պիտի շատնան: Ձեր ընկերային կեանքը պիտի աշխուժանայ:
ԱՌԻՒԾ (24 յուլիսէն 23 օգոստոս)
Խանդավառ կ՛երեւիք այս օրերուն: Պիտի յաջողիք կառավարել իրավիճակը: Չափազանցութենէ զգուշ եղէք: Ձեր առողջութեան հոգ տարէք: Ձեր շուրջ տեղի ունեցող մանր հարցերուն հետ յաջողութեամբ պիտի վարուիք: Հակառակ դժուարութիւններուն, ճկուն եղէք:
ԿՈՅՍ (24 օգոստոսէն 23 սեպտեմբեր)
Ձեզի հանդիպողներուն վրայ լաւ ազդեցութիւն գործեցէք: Աշխատանքային ճնշող պայմաններ պիտի ունենաք: Համբերութեան կարիք ունիք, որ բոլոր հարցերը մէկ անգամէն լուծէք: Ձեր ընկերներուն պատճառած իրարանցումէն պիտի նեղանաք:
ԿՇԻՌՔ (24 սեպտեմբերէն 23 հոկտեմբեր)
Կը փնտռէք փոփոխութիւն, որ ձեր ուզած ժամանակին պիտի չգայ: Կարեւոր լուրեր պիտի ստանաք եւ անակնկալի պիտի գաք: Դէպք մը պիտի պատահի, եւ պիտի վիրաւորուի ձեր արժանապատուութիւնը: Շատ հարցեր պիտի քննարկուին, բայց դուք կարեւորութիւն պիտի չտաք ատոնց:
ԿԱՐԻՃ (24 հոկտեմբերէն 23 նոյեմբեր)
Ինքնավստահութեամբ եւ մեծ փայլքով ստեղծագործական գործ մը պիտի ներկայացնէք: Վիպային պահեր պիտի ապրիք: Ընտանեկան նուրբ հարցով մը պիտի զբաղիք: Ձեզի զօրակցող անձի մը հետ լաւ ժամանակ պիտի անցընէք:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 նոյեմբերէն 21 դեկտեմբեր)
Ուշադիր եղէք երեւոյթներուն եւ մթնոլորտին, մանաւանդ` նիւթական գետնի վրայ: Եթէ դժուարութիւններ ունենաք հարցեր լուծելու, յետաձգեցէք զանոնք ուրիշ ժամանակի: Մերժում մը ձեզ անակնկալի պիտի բերէ:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 դեկտեմբերէն 20 յունուար)
Ձեր աշխատանքը աչքերէ հեռու կը կատարէք: Աստղերը կը թելադրեն, որ գաղտնապահ ըլլաք եւ ամէն կատարուածի մասին չբացայայտէք մարդոց: Նորութիւններէն դասեր պիտի սորվիք: Ձեր ծրագիրները վերատեսութեան պիտի ենթարկէք:
ԾՈՎԱՆՈՒՇ (21 յունուարէն 19 փետրուար)
Վարչական եւ քաղաքական որոշումներ պիտի տաք: Ճնշումներ պիտի ունենաք յառաջիկայ օրերուն: Կարգ մը վերլուծումներու եւ բացատրութիւններու ականջ պիտի տաք եւ անոնց հիման վրայ որոշում մը պիտի տաք:
ՁՈՒԿ (20 փետրուարէն 20 մարտ)
Նպատակ մը պիտի հետապնդէք, որուն համար դժուարութիւններ պիտի ունենաք: Ձեր տրամադրութիւնը վատ կ՛երեւի, բայց քանի մը օր ետք պիտի լաւանայ, եւ ամէն ջանք ի գործ պիտի դնէք հասնելու համար ձեր նպատակին: