Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Սարգսեան. «Ժամանակն Է, Որ «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամը Դառնայ 21-րդ Դարու Կառոյց»

Հոկտեմբեր 19, 2018
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ, «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահ Արմէն Սարգսեան  երէկ այցելած է «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի կեդրոնատեղի: Նորընտիր գործադիր տնօրէն Հայկակ Արշամեանի ուղեկցութեամբ հանրապետութեան նախագահը շրջած է հիմնադրամի կեդրոնին մէջ, ծանօթացած ստորաբաժանումներու գործունէութեան:

Այնուհետեւ նախագահը հանդիպում ունեցած է հիմնադրամի աշխատակազմին հետ, որուն ընթացքին խօսած է հիմնադրամի դերին եւ  գործունէութեան, ժամանակակից աշխարհին մէջ նոր ձեւերով ու սկզբունքներով աշխատելու կարեւորութեան մասին:

«Հիմնադրամը մեծ արժէք է մեր ամբողջ ժողովուրդին համար, որովհետեւ  ստեղծուած է հանրապետութեան եւ մեր ժողովուրդին համար ամէնէն ծանր պայմաններուն մէջ եւ ունեցած է առաքելութիւն, որ մեծ փառքով կատարած է», ըսած է նախագահ Սարգսեան:

Նախագահ Սարգսեան երախտագիտութիւն յայտնած է բոլոր այն հայորդիներուն, Հայաստանի բոլոր քաղաքացիներուն, հայ ժողովուրդի բարեկամներուն, որոնք իրենց ներդրումը ունեցած են հիմնադրամի ծրագիրներու  իրականացման գործին մէջ:

Նախագահ Սարգսեան շնորհաւորած եւ յաջողութիւն մաղթած է  նորընտիր գործադիր տնօրէնին` նշելով, որ անոր առջեւ բազմաթիւ  խնդիրներ դրուած են: Նախագահը հիմնադրամի տնօրէնութեան  առաջարկած է կարելի եղածին չափ սեղմ ժամկէտի մէջ ներկայացնել գործունէութեան նոր տեսլականը` նկատի ունենալով ժամանակի փոփոխութիւններն ու զարգացումները: «Հիմնադրամը ստեղծուած է 20-րդ դարուն եւ մեծ յաջողութիւններու հասած է, ժամանակն է, որ անիկա դառնայ 21-րդ դարու հիմնարկ», եզրափակած է հանրապետութեան նախագահը:

 

Նախորդը

Կառավարութեան Կազմութեան Հոլովոյթը Դրական Հունի Մէջ, Բայց Անորոշութիւններով Լեցուն

Յաջորդը

2019-ի Ընթացքին Ստուերային Տնտեսութեան Զգալի Նուազում Կամ Հարկային Վարչարարութեան Աճ Պիտի Չըլլայ

RelatedPosts

ՔՊ-ականները Դէմ Քուէարկեցին Արցախցիներու  Վերադարձի Իրաւունքը Պահանջող Բանաձեւին
Հայկական

ՔՊ-ականները Դէմ Քուէարկեցին Արցախցիներու Վերադարձի Իրաւունքը Պահանջող Բանաձեւին

Հոկտեմբեր 31, 2025
Հայաստանի Կառավարութիւնը Հաւանութիւն Տուաւ  Զինուորական Ծառայութեան  Ժամկէտը Կրճատելու Նախագիծին
Գլխաւոր լուրեր

Հայաստանի Կառավարութիւնը Հաւանութիւն Տուաւ Զինուորական Ծառայութեան Ժամկէտը Կրճատելու Նախագիծին

Հոկտեմբեր 31, 2025
Ըստ  Ազրպէյճանական Իշխանամէտ Կայքի Մը. Ալիեւ Մերժած Է Երեւան Այցելելու Հրաւէրը
Հայկական

Ըստ Ազրպէյճանական Իշխանամէտ Կայքի Մը. Ալիեւ Մերժած Է Երեւան Այցելելու Հրաւէրը

Հոկտեմբեր 31, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?