Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազրպէյճանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Փաշինեանի Արցախի Վերաբերեալ Յայտարարութիւնները Կը Նկատէ «Ստայօդ»

Հոկտեմբեր 13, 2018
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը արձագանգած է Երեւանի մէջ Ֆրանսախօս երկիրներու 17-րդ վեհաժողովի բացման ընթացքին Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի արտասանած խօսքին արցախեան հիմնահարցին առնչուող մասին` զանոնք նկատելով «ստայօդ» եւ «իրականութենէն հեռու»: Այս մասին կը հաղորդէ ազրպէյճանական «Մինվալ» կայքը:

Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը Հայաստանի իշխանութիւնները մեղադրած է «հարիւր հազարաւոր ազրպէյճանցի գաղթականներու» մասին ճշմարտութիւնը թաքցնելու եւ բանակցային խաղաղ հոլովոյթի սկզբունքներուն հակասելու յանցանքով:

Ըստ նախարարութեան, Փաշինեանի արտասանած վերջին խօսքը կը հակասէ Տուշանպէի մէջ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ տեղի ունեցած հանդիպումի ոգիին:

«Հայաստանը պէտք է գործէ միջազգային ընտանիքի դիրքորոշումին եւ իր ստանձնած պարտաւորութիւններուն համաձայն, կառուցողական կերպով մասնակցի բանակցութիւններուն, որոնք ուղղուած են տագնապի կարելի եղածին չափ արագ լուծման», յայտնած է Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը` աւելցնելով, որ հայկական զօրքերը պէտք է «դուրս բերուին Ազրպէյճանի բռնագրաւուած տարածքներէն», անկէ ետք միայն շրջանին մէջ կրնայ կայուն խաղաղութիւն հաստատուիլ:

Վարչապետ Փաշինեան յայտնած էր. «Տագնապը հակադրութեան մէջ դրած է արդէն աւելի քան 25 տարի իր ինքնորոշման իրաւունքը իրականացնող Լեռնային Ղարաբաղը եւ Լեռնային Ղարաբաղի ընտրուած ներկայացուցիչներու հետ երկխօսութիւնը մերժող Ազրպէյճանը: Մենք համոզուած ենք, որ Լեռնային Ղարաբաղը պէտք է որոշիչ ձայն ունենայ խաղաղ բանակցային հոլովոյթին մէջ, եւ իր կարգավիճակը պէտք է որոշուի` հաշուի առնելով Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի` իրաւական պարտադիր ուժ ունեցող կամքի արտայայտման իրաւունքը:

«Միեւնոյն ժամանակ Լեռնային Ղարաբաղի համար առանցքային նշանակութիւն ունի անվտանգութեան հարցը: Վերջինս այնքան յաճախ դարձած է իր իրաւունքներու ոտնահարման, խտրականութիւններու եւ վայրագութիւններու զոհ, որ երկխօսութեան եւ ուժի կիրարկման կրկնուող փորձերը լուրջ վտանգի տակ կը դնեն Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան ֆիզիքական գոյութիւնն իսկ»:

 

 

Նախորդը

Պոլսահայերը Դատական Երկար Քաշքշուքներէ Ետք Պետութենէն Ետ Ստացած Են Հայ Համայնքին Պատկանող Հողատարածքը

Յաջորդը

Պոլթըն Պիտի Այցելէ Հայաստան

RelatedPosts

Հայ-Ուրուկուէյական Յարաբերութիւններու Հետագայ Զարգացման Ուղիներու Քննարկում
Գլխաւոր լուրեր

Հայ-Ուրուկուէյական Յարաբերութիւններու Հետագայ Զարգացման Ուղիներու Քննարկում

Հոկտեմբեր 27, 2025
Վարդան Ղուկասեանի Նկատմամբ Նոր Մեղադրանք Առաջադրուած Է
Գլխաւոր լուրեր

Վարդան Ղուկասեանի Նկատմամբ Նոր Մեղադրանք Առաջադրուած Է

Հոկտեմբեր 27, 2025
Թրամփ. «Փութին Ըսաւ, Որ Բոլորը Կը Փորձէին Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Միջեւ Խաղաղութեան Հասնիլ, Սակայն Միայն Ես Յաջողեցայ»
Հայկական

Թրամփ. «Փութին Ըսաւ, Որ Բոլորը Կը Փորձէին Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Միջեւ Խաղաղութեան Հասնիլ, Սակայն Միայն Ես Յաջողեցայ»

Հոկտեմբեր 27, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?