Կազմակերպութեամբ Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէին, կիրակի, 14 հոկտեմբերին, կեդրոնական Պէյրութի ծովեզերեայ շրջանին մէջ տեղի պիտի ունենայ «Ողիմպիականի օր 2018»-ի 3 քմ վազքի մրցումը:
Նշուեցաւ, որ մասնակցողները, իրենց ինքնաշարժները կրնան կանգնեցնել նախկին «Պիել»-ի ճիշդ ետին:
Առաւօտեան ժամը 8:00-ին, մասնակցողները պիտի հասնին մրցումին կայացման շրջանը, ժամը 8:55-ին պիտի հնչեն Լիբանանի եւ ողիմպիական քայլերգները, որմէ ետք պիտի բարձրանան երկու դրօշակները:
Առաւօտեան ժամը ճիշդ 9:00-ին, Միջազգային ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Թոմաս Պախ պիտի արտասանէ խօսք մը, իսկ ժամը ճիշդ 9:10-ին սկիզբ պիտի առնէ 3 քմ-ի վազքի մրցումը: